ՄԵՐ ԵՐԿԻՐԸ

​Կար ու չկար երկիր մը կար,
Որ իր ծնունդով էր միշտ կոչուած,
Հայաստան երկիր դրախտավայր,
Եւ որ ունէր երազ, ե՛ւ հաւատք, ե՛ւ իտէալ։
Ունէր նաեւ ժայռերով լեցուն հող մը սրբազան,
Որ իր մեծ եւ հուժկու մարդերով,
Օրէ-օր մեծնալով,
Դարձաւ տարածք մը ծովէ-ծով,
Լիճերով, գետերով ու լեռներու շարքերով։
Ու անկէ ետք սակայն եւ միշտ դարերով,
Նախանձոտ ու անհաւատ ամբողջ ոսոխներով,
Մեր նոյն այդ հողը պատմական,
Հայ մտքերու նահանջին յենելով,
Պարտութեան դռներուն հասցուցին զայն,
Ու դարձուցին հարցերու մէջ թաւալող,
Ափ մը հող անիրական։
Ապա այդ հողը հայկական,
Փոքրացաւ, շատ ու շատ պզտիկցաւ,
Բայց միշտ մնաց սրբազան երկիր դրախտավայր։
Որովհետեւ ան թէեւ վշտահար,
Ունէր սակայն հոգիով լեցուն,
Ստեղծագործ զաւակներ պատուական,
Որոնք գալիք ուղիները լուսաւորող շողերով,
Նուիրումի առաքելութեան հաւատացող բազուկներով,
Որոշեցին անպայման հայու կամքով,
Ե՛ւ միաւորող հոգիով, ե՛ւ հաւատքով,
Նոր աշտարակներ կառուցել,
Իմաստուն եւ գիտակից ապագայով,
Որպէսզի այդ փոքր հողը մեր պապենական,
Երբեք յուշ չդառնայ յաւիտեան։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մարտ 12, 2024