ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Օրթագիւղի Թարգմանչաց սանուց եւ համակիրներու միութեան նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուեցաւ փինկ-փոնկի մրցաշարք մը։ Իր նմաններու շարքին երրորդն էր այս նախաձեռնութիւնը, որուն մասնակցեցաւ 18 մարզիկ։ Վերջին օրերուն մեր համայնքի մարզասէրներուն մօտ խանդավառութիւն յառաջացուց այս ձեռնարկը, որու եզրափակիչ փուլին ախոյեանի տիտղոսը նուաճեց Արարատ Աւշարօղլու։
Մրցանակաբաշխման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չեթինքայա եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Արաս Ալաքուշ եւ իր գործակից ընկերները։ Բոլորը ջերմօրէն շնորհաւորեցին մասնակիցները եւ դափնեկիրները։ Հարկ է նշել, որ այս ծրագրին իր աջակցութիւնը բերած էր նաեւ Շիշլի մարզակումբի փինկ-փոնկի մարզիչ Օքթայ Տենիզ Քուրթ։ Այս վերջինն ալ մրցանակաբաշխման փուլին յատուկ շնորհակալութեան արտայայտութիւններու առարկայ դարձաւ, ինչպէս նաեւ Գարակէօզեան տան խնամակալութիւնը։