ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶ. ԱՌԱՆՑ ՄԱՅՐԵՆԻԻ ԱՊԱԳԱՅ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան աղբիւրները երէկ պաշտօնապէս պոլսահայ մամուլին տեղեկացուցին, որ հարցախոյզի մը աշխատանքները սկսած են համայնքէն ներս։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ընդհանուր համայնապատկերը ուրուագծելու համար սկսած է այս աշխատանքը, որ յառաջ կը տարուի Պատրիարքարանի «Հաղորդակցութեան խմբակ»ին կողմէ։ Այսպէսով յայտնի կը դառնայ, որ Պատրիարքական Աթոռէն ներս ձեւաւորուած է հաղորդակցութեան խմբակ մը, որու կազմութեան մասին ցարդ որեւէ տեղեկութիւն փոխանցուած չէր հանրային կարծիքին։
«Թրքահայ հաւաքականութեան ապագայի ցոլացումը» խորագրեալ այս հարցախոյզը պիտի կատարուի՝ Թրքահայ ակադեմականներու հարթակին հետ համագործակցութեամբ։ Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները մեր համայնքի անդամներուն կոչ կ՚ուղղեն, որպէսզի առցանց հարթակներու միջոցաւ անպայման մասնակցութիւն բերեն այս հարցախոյզին։ Ըստ երեւոյթին, այս նախաձեռնութեան նպատակն է տուեալներու շտեմարան մը ձեւաւորել՝ աւելի լաւ պատկերացնելու համար, թէ թրքահայ համայնքի անդամները ինչպիսի՞ ապագայ մը կ՚ակնկալեն, համայնքային հաստատութիւններէն ի՞նչ ակնկալութիւններ ունին, իրենց ինքնութեան ապագան ինչպէս կը տեսնեն եւ մանաւանդ՝ համայնքի միջոցներու ապագայ արժեւորման առաջնահերթութիւնները ինչպէ՞ս կ՚երեւակայեն։
Մեզի համար առանձնապէս ուշագրաւ է, որ այս հարցախոյզը համայնքին կը ներկայացուի բացառապէս թրքերէնով։ Ճիշդ է, որ թրքահայ համայնքի անդամներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը այսօր թէեւ ի վիճակի չէ հայերէնով հարցախոյզ մը լրացնելու, սակայն, համոզուած ենք, թէ մնացեալ փոքրամասնութեան՝ հայերէնով հաղորդակցելու ի վիճակի եղող խմբակին իրաւունքները պէտք չէ անտեսուէին։ Այդ սկզբունքին լրիւ անտեսուած ըլլալը իսկապէս շատ ցաւալի երեւոյթ մըն է եւ ինքնին ապացոյց մըն է, որ Պատրիարքական Աթոռը, դժբախտաբար, թրքահայ հաւաքականութեան ապագայի ցոլացումներուն մէջ արդէն տեղ չէ նախատեսած մայրենի լեզուին եւ անոր նկատմամբ զգայնութիւններուն համար՝ հակառակ անոր, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտամունքի լեզուն կը շարունակէ մնալ հայերէնը։ Եւս առաւել, այս վերաբերմունքով ինքնաբերաբար ի յայտ կու գայ նաեւ այն հանգամանքը, որ ներկայիս հայերէնով հաղորդակցելու ի վիճակի մարդոց ապագայի ցոլացումները արդէն ոեւէ մէկը չեն հետաքրքրեր այս համայնքին մէջ՝ ներառեալ հոգեւոր վերին իշխանութիւնը։