ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄ
Արդէն սովորական դարձած է, որ օրացոյցի բոլոր օրերը բաժնուած են այս կամ այն օրը նշելու համար: Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ անսովոր օրեր. օրինակ՝ Համբոյրի միջազգային օրը, Երիտասարդութեան օրը, Ընկերներու օրը, Բնածին կարմրահերներու օրը եւայլն: Կան նաեւ բազմաթիւ մասնագիտական օրեր, աշխարհի բոլոր մասնագիտութիւնները ունին իրենց օրերը, որոնք համախմբուելու եւ շնորհաւորութիւններու առիթ կը ստեղծեն: Օրինակ՝ Լրագրողներու, Մետաղագործներու, Հրշէջներու, Բժիշկներու, Հացագործներու եւ այլ նմանատիպ օրեր:
Ահաւասիկ, 13 Օգոստոսին ամբողջ աշխարհի մէջ սահմանուած է շատ հետաքրքրական օր մը՝ Ձախլիկներու միջազգային օրը (International Left-Handers Day): Այս օրը տօն է բոլոր այն մարդոց համար, որոնք ձախլիկ են՝ առօրեայ գործողութիւնները կը կատարեն ձախ ձեռքով:
Ձախլիկութիւնը մարդկային յատկանիշ մըն է, որ կ՚որոշուի մարդու աջ եւ ձախ ձեռքերուն միջեւ ոչ-հաւասարաչափ բաշխուած շարժունակութեամբ։ Անձը, որուն ձախ ձեռքը աջ ձեռքէն աւելի ճկուն է, կը նկատուի ձախլիկ: Ամբողջ աշխարհի վրայ այսօր միլիոնաւոր ձախլիկներ կան: Անոնց տօնը առաջին անգամ նշուած է 1992 թուականի 13 Օգոստոսին՝ նախաձեռնութեամբ Ձախլիկներու Բրիտանական ակումբին, որ ստեղծուած է 1990 թուականին: Օրը որոշուած է ըստ «Ձախլիկներու օրինագծի», որ ընդունուած է 1976 թուականին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Տոպիկա քաղաքին մէջ գտնուող Ձախլիկներու միջազգային միութեան կողմէ:
Ձախլիկներու զանգուածային շարժումը սկսած է 1980 թուականին, Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ աշխատանքէ հեռացուած ձախլիկ ոստիկան Ֆրանքլին Ուինպէօռնին նուիրուած բողոքի գործողութեան ժամանակ, որ ատրճանակի պատեանը կը կրէր ձախ կողմը, մինչդեռ, կանոնադրութեան համաձայն զայն պէտք է կրել աջ կողմը: Ոստիկանին յարմար էր արագ գործելու համար ձախ կողմին վրայ ունենալ զէնքը, որու պատճառաւ ան կորսնցուց իր աշխատանքը, իբր այդ ալ հազարաւոր մարդիկ ի նշան բողոքի ոտքի ելան: Անոնք ստեղծեցին շարժում, կանոնադրութիւն, որ տարածուեցաւ նաեւ այլ երկիրներու մէջ եւ այսօր, կրնանք ըսել, թէ Ձախլիկներու շարժումը գրեթէ բոլոր զարգացած երկիրներու մէջ ծանօթ շարժում մըն է: Ձախլիկներու շարժումը ձեւով մը նման է խտրականութեան դէմ պայքարին, որովհետեւ կար ժամանակ, երբ ձախլիկներուն այլ աչքով կը նայէին եւ անոնց ու աջլիկներու միջեւ խտրականութիւն կը դրուէր: Ժամանակի ընթացքին այդ կարծրատիպերը ջարդուած են, սակայն չենք կրնար ըսել, թէ այսօր ձախլիկները լիարժէք կը զգան աջլիկներու համար ստեղծուած աշխարհին մէջ:
Վիճակագրութիւնը կը փաստէ, որ աշխարհի բնակչութեան շուրջ 10-17 առ հարիւրը ձախլիկ է: Այլ վիճակագրութեան մը համաձայն՝ աշխարհը յարմարեցուած չէ ձախլիկներու համար: Ժամանակակից աշխարհը ստեղծուած է մարդոց համար, որոնք ամէն ինչ կ՚ընեն աջ ձեռքով: Կենցաղի մէջ գործածուող բազմաթիւ իրեր՝ դռները, կղպանքները, երաժշտական գործիքները, խոհանոցային սարքեր եւ այլ իրեր պատրաստուած են աջլիկներու՝ այն մարդոց համար, որոնք ճկուն ու արագ կը գործածեն աջ ձեռքը: Ամենօրեայ կեանքի մէջ շատ մը բաներ «դէպի աջ» կ՚ըլլան: Օրինակի համար, մարդիկ զիրար կը բարեւեն աջ ձեռքը սեղմելով, ինքնաշարժին արագութիւնը կը փոխուի աջ ձեռքով… Ուստի այս օրը ձախլիկներու համար ոչ թէ տօնի օր, այլ առաւել եւս իրենց խնդիրներուն անդրադառնալու առիթ մըն է: Ամէն տարի այս օրը ամբողջ աշխարհի ձախլիկները, իրենց երկիրներուն մէջ կը ջանան արտադրողներու ուշադրութիւնը հրաւիրել այն հանգամանքին վրայ, թէ ապրանքներ գծագրելու եւ ստեղծելու ժամանակ անոնք նկատի առնեն նաեւ ձախլիկ մարդոց շահերն ու յարմարաւէտութիւնը: Աջլիկներու համար նախատեսուած իրեր գործածելը, իսկապէս հոգ եւ դժուարութիւն դարձած է ձախլիկներու համար: Աջլիկ մեծամասնութեան համար նախագծուած եւ արտադրուած սարքաւորումներէն օգտուելու ժամանակ, ձախլիկները ստիպուած են կատարել իրենց համար անբնական շարժումներ, որոնց հետեւանքով ակամայ կ՚ենթարկուին չափազանց ջղային եւ մկանային ջղաձգութեան: Հետեւանքը այն կ՚ըլլայ (1991 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած հետազօտութեան տուեալներով), որ արտադրութեան մէջ մահացու պատահարները աւելի յաճախ տեղի կ՚ունենան ձախլիկներուն մօտ։ Եթէ ձախլիկին կը ստիպեն փոխակերպուիլ աջլիկի, այդ մէկը շատ վտանգաւոր երեւոյթ մըն է: Այսպիսի օրինակ մը եղած է՝ անցեալ դարու 30-ական թուականներուն Խորհրդային Միութեան մէջ, երբ օդաչուները կը պատրաստէին օդապարիկով օդանաւէն վար նետուելու, անբացատրելի կերպով ոմանք կը մահանային վայրէջք կատարելու ատեն: Պարզուած է, որ օդապարիկի ձգանը տեղադրուած էր աջ մասին վրայ, իսկ ձախլիկները հակառակ կողմը կը տանէի իրենց ձեռքը, եւ օդապարիկը չէր բացուեր: Անսովոր պայմաններու տակ, արտակարգ իրավիճակներու ժամանակ, երբ գիտակցութեան վերահսկում չկայ, մարդուն մէջ կը խօսի իր բնութիւնը, այլ ոչ թէ այն, զոր սորված է ան:
Ձախլիկներու Բրիտանական ակումբի գլխաւոր մտահոգութիւնը, իր ստեղծման տարիներուն, այն էր, որ Մեծն Բրիտանիոյ բազմաթիւ դպրոցներու մէջ ձախլիկ երախաներուն կը փորձէին սորվեցնել գրել աջ ձեռքով, ինչ որ կը յանգեցնէր հոգեբանական լարուածութեան եւ կը նուազեցնէր աշակերտներու յառաջադիմութիւնը: Նոյն միտումը կար նաեւ Խորհրդային Միութեան մէջ. ձախլիկներուն ոչ թէ կը սորվեցնէին, այլեւ՝ կը ստիպէին գրել աջով, որպէսզի բոլոր ձախլիկները ձուլուէին աջլիկներուն մէջ ու տարբերութիւն չըլլար անոնց միջեւ: Հակառակ, որ ձախլիկ աշակերտներուն առօրեան դիւրին չէ. իր գրասեղանի դրացին նեղացնել, գրիչին մելանը հոսեցնել, կամ բնաւ յարմար մկրատ մը չգտնել եւ ուրիշ բազմաթիւ բաներ, բայց ձախլիկին ստիպել աջլիկ դառնալ, չափազանց սխալ կը նկատուի հոգեբաններու եւ ժամանակակից մանկավարժներու կողմէ: Արդէն բժշկութեան մէջ ապացուցուած է, որ մարդու գլխուղեղի աջ եւ ձախ կիսագունդերը ունին իրենց բնորոշ պաշտօնները. աջ կիսագունդը պատասխանատու է պատկերաւոր մտածողութեան, յուզական, զգացական, շարժողական գործողութիւններու համար, որու արդիւնքին կը յառաջանան զգացական պատկերներ: Ձախ կիսագունդը կը նկատուի խօսքային: Ան պատասխանատու է խօսքային գործողութիւններու, գրի, ընթերցանութեան, տրամաբանական մտածողութեան, բառատրամաբանական յիշողութեան համար: Հակառակ կիսագունդերու գործունէութեան տարբերութեան, գլխուղեղը կը գործէ որպէս մէկ ամբողջութիւն եւ գիտութեան մեծագոյն գաղտնիքներէն մէկը, որ տակաւին չէ բացատրուած, ուղեղն է։ Ձախլիկներուն հարկադրաբար աջլիկ դարձնելու պարագային մեծապէս կը տուժէ մարդու ուղեղին աջ կիսագունդը, որ պատասխանատու է զգայարաններէ։
Այդ պատճառով, ինչպէս կը հաստատեն մասնագէտները, կարող են ի յայտ գալ բազմաթիւ բացասական երեւոյթներ. օրինակ՝ հոգեկան անկայունութիւնը, ֆիզիքական զարգացման թուլացումը, անփութութիւնը, դանդաղութիւնը, անհանգստութիւնը, կակազութիւնը, ախորժակի բացակայութիւնը, քունի խանգարումը, գլխացաւերը, հոտառութեան սրումը, տրամադրութեան փոփոխութիւնները եւայլն։ Զարգացած երկիրներու մէջ՝ Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Պելժիա եւ այլ վայրեր, վաղուց հրաժարած են ձախլիկները վերափոխելու միտումներէ. ամէն մարդ պէտք է շարունակէ ապրիլ այնպէս, ինչպէս որ ծնած է: Աւելի՛ն. հոգեբանները վստահ են, որ ձախլիկները օժտուած են ուժեղ կամքով, ակնառու բնաւորութեան տէր մարդիկ են եւ ստեղծագործական հզօր ներուժ ունին: Ձախլիկները շատ յաճախ չեն կրնար աշխատիլ խումբերու մէջ, անոնք աւելի հանգիստ կը զգան սեփական նախաձեռնութիւններու եւ անհատական աշխատանքի ընթացքին: Ձախլիկութիւնը սովորաբար ծիներով փոխանցուող յատկութիւն մըն է, բայց կը պատահի նաեւ պարտադրաբար ձախլիկութիւն, երբ երախան ծնած ժամանակ վնասուածք կը ստանայ կամ այլ խնդիրներ կ՚ունենայ եւ անոր քով պզտիկ տարիքէն կը զարգանայ պարտադրաբար ձախլիկութիւնը:
Կար ժամանակ, երբ աշխարհի վրայ ստեղծուող բոլոր իրերը միայն աջլիկներու համար էին: Բայց վերջին տասնամեակներուն միտում կայ իրեր արտադրելու նաեւ ձախլիկներու համար. համակարգչի մկնիկը, օրինակ, նորագոյն սարքերու մէջ կարելի է ամրացնել երկու կողմէն, կան ձախլիկներու համար ստեղծուած մկրատներ, գրիչներ, երկու կոթով գաւաթներ եւ այլ իրեր, որոնք արագ եւ դիւրին կրնան գործածել ձախլիկները, բայց անոնց արտադրութիւնը սահմանափակ է եւ համատարած չէ:
Մարդու աջ կամ ձախ ձեռքի նախընտրելիութիւնը ի յայտ կու գայ տակաւին շատ փոքր տարիքին՝ վեց ամսու եղած ժամանակ, այդ տարիքին պզտիկը յաճախ երկու ձեռքերը հաւասար կը գործածէ եւ իբրեւ աջլիկ կամ ձախլիկ կը ձեւաւորուի երեք-չորս տարեկանին: Մարդկութեան շատ փոքր մասն է միայն, որ օժտուած է երկու ձեռքերու հաւասարաչափ ճկունութեամբ, իսկ ընդհանրապէս, մարդկութեան հիմնական մասը առօրեայ գործողութիւնները կատարելու ժամանակ նախ եւ առաջ կը գործածէ աջ ձեռքը. այդ մէկը պայմանաւորուած է ուղեղի գործունէութեան հետ. ուղեղը առաջին առթիւ այդ թելադրանքն է, որ կու տայ: Ձախլիկութեան պատճառները տակաւին յայտնի չեն, առաջադրուած են որոշ տեսութիւններ, բայց անոնք ապացուցման կը կարօտին: Փաստ մըն է, որ ձախլիկութիւնը աւելի յաճախ կը տես-նըւի տղամարդոց մօտ, քան՝ կիներու։ Նիւ Եորքի Սենթ Լոուրընս համալսարանին կողմէ իրականացուած հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ ձախլիկներու մօտ մտաւոր բարձր զարգացածութիւն ունեցողները աւելի շատ են աջլիկներու համեմատութեամբ:
Հարաւային Ասիոյ, Արեւելեան Եւրոպայի, Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ, Աւստրալիոյ ազգաբնակչութեան մէջ ձախլիկները աւելի շատ են, քան՝ աշխարհի այլ ցեղային խումբերու մէջ, մինչդեռ Արեւմտեան եւ Հիւսիսային Եւրոպայի, Ափրիկէի բնակչութեան մէջ ձախլիկները շատ աւելի քիչ են։ Հարաւային կիսագունդի մէջ ձախլիկութիւնը աւելի ցայտուն կ՚երեւի: Հաւանաբար պատճառները ընկերային են՝ Հին Աշխարհի կողմէ ձախլիկները ընդունուած են որպէս վտարանդիներ: Այսօր ալ, որոշ երկիրներու մէջ սնոտի հաւատալիքներ պահպանուած են՝ կապուած ձախլիկ մարդոց հետ: Էսքիմոներուն մօտ ամէն ձախլիկ կը նկատուի կախարդ: Մարոքի մէջ ձախլիկները կը կոչեն սատանայ: Ինքաներու մօտ ձախլիկները ունակ են բուժել հիւանդները. անոնք կը հաւատային, որ ձախլիկները օժտուած են ոգեղէն ուժերով, իսկ Հիւսիսային Ամերիկայի զունիները կը մտածէին, թէ ձախլիկ ըլլալը բախտաւորութիւն էր։ Պուտտայական կրօնին մէջ «Ձախ ձեռքի ուղին» կ՚առընչուի ոգեղէն ազատութեան փնտռտուքին հետ։
Բազմաթիւ իսլամական երկիրներու մէջ մարդոց կ՚արգիլեն ուտել ձախ ձեռքով, քանի որ ձախ ձեռքը կը նկատեն ոչ-մաքուր: Նոյնիսկ ձախ ձեռքով հասարակական վայրերու մէջ բան մը ցոյց տալը օրէնքով կ՚արգիլուի որոշ մահմետական երկիրներու մէջ, օրինակ՝ Սէուտական Արաբիոյ մէջ:
Աջլիկներ եւ ձախլիկներ կան նաեւ կենդանիներու մէջ։
Աշխարհի մէջ քիչ չեն նշանաւոր մարդիկ, որոնք ձախլիկ եղած են. օրինակ՝ Ալպէրթ Այնշթայն, Լէոնարտօ Տա Վինչի, Արիստոտէլ, Խուլիոս Կեսար, Չարլզ Տարուին, ինչպէս նաեւ Միքելանճելօ եւ Ռիւպենս, Պենճըմին Պրիթըն, Քըրթ Քոպէյն եւ Փոլ ՄքՔարթնի։ Միացեալ Նահանգներու վերջին եօթ նախագահներէն հինգը ձախլիկ էր, իսկ Էփըլ Մաք ընկերութեան մէջ աշխատող հինգ ձեւագծողէն չորսը ձախլիկ է։
Ինչպէս տեսանք, ձախլիկութիւնը թերութիւն մը չէ, այսուհանդերձ, ձախլիկները դարեր շարունակ զոհը դարձած են կողմնակալութեան: Շատ բան գրուած է անոնց մասին եւ զանազան մշակոյթներու մէջ բազմաթիւ առասպելներ հիւսուած: Անոնք ընդհանրապէս դիմաւորուած են կասկածով: Հայերէնի մէջ շարք մը բացասական բառեր կազմուած են ձախ բառով՝ ձախող, ձախաւեր, ձախորդ… Այսուհանդերձ, ձախլիկները արուեստի եւ այլ բնագաւառներու մէջ իրենց յաջողութիւններով ապացուցած են, որ ձախլիկ ըլլալն ալ երբեմն առաւելութիւն մըն է:
Տարուան մէջ այս մէկ օրը, որ յատկացուած է իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան, նաեւ ձախլիկները կը մղէ համախմբուելու եւ ուրախ ժամանակ անցընելու: Անոնք պաստառներով փողոց կ՚ելլեն, կը շեշտեն դպրոցներու մէջ ձախլիկութիւնը չփոխելու եւ արտադրութեան մէջ ձախ ձեռքով բռնուելիք իրերը շատցնելու անհրաժեշտութիւնը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ