ՅԻՇԱՏԱԿ ՂԱԶԱՐՈՒ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ

Ծաղկազարդը նախորդող շաբաթ օրը, ըստ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին յիշատակի տօնն է Ղազարոսի յարութեան:

Շատեր կը կարծեն, թէ մեր Տէրը Քրիստոս այս օրը Ղազարոսին յարութիւն տուաւ, բայց այդպէս չէ (Ղազարոսի յարութեան մասին կարդալ Յհ 11.46): Մեր Տէրը Ղազարոսին յարութիւն տալէ ետք, տակաւին Իր առաքելութիւնը շարունակեց, ինչպէս կը յուշէ մեզի Մաղաքիա Արք. Օրմանեանը իր «Ծիսական բառարանին» մէջ, ըսելով թէ Ղազարոսին յարութիւն տալէ ետք Եփրայիմ շրջանը քաշուած է (տե՛ս Յհ 53-54): Իսկ նախքան Երուսաղէմ Իր յաղթական մուտքը, հանդիպեցաւ Բեթանիա, այնտեղ ուր Ղազարոսը կ՚ապրէր, ուր եւ Մարիամ մեր Տիրոջ ոտքերը իւղով օծեց՝ ի նշան Իր թաղման (կարդա՛լ Յհ 12.1-8):

Ղազարոսի յարութեան յիշատակութեամբ մենք կը վերահաստատենք մեր մէջ մեր իսկ յարութեան յոյսը, քաջ գիտնալով որ Յիսուս մեզ եւս պիտի յարուցանէ, մանաւանդ երբ Անոր կամքին համաձայն ապրած ըլլանք: Տակաւին, այս յիշատակութիւնը առիթ մըն է իւրաքաչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալին համար, զգաստանալու եւ քրիստոնավայել կեանք ապրելու, պատրաստ ըլլալով յարութեան:

Պօղոս առաքեալ Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ մեռելներու յարութեան եւ Տիրոջ գալուստի մասին հետեւեալը կը գրէ. «Եղբայրնե՛ր, կ՚ուզենք որ մեռածներուն մասին ճշմարտութիւնը գիտնաք, որպէսզի չտրտմիք ուրիշներուն պէս, որոնք որեւէ յոյս չունին: Որովհետեւ, եթէ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ կը հաւատանք՝ թէ Աստուած Յիսուսի ձեռքով եւ Անոր հետ վերստին կեանքի պիտի բերէ անոնք՝ որ Անոր հաւատացին եւ մեռան:

Հետեւաբար՝ կ՚ըսենք ձեզի, ինչպէս Տէրը Ինք սորվեցուց.- Մեզմէ անոնք որոնք ողջ մնացած կ՚ըլլան Տիրոջ գալուստին ատեն, մեռածներէն առաջ պիտի չանցնին: Որովհետեւ երբ հրամանը լսուի, հրեշտակապետը ազդարարէ եւ Աստուծոյ փողը հնչէ, Տէրը Ինք երկինքէն պիտի իջնէ, եւ նախ յարութիւն պիտի առնեն անոնք՝ որ Քրիստոսի հաւատացին եւ մեռան: Եւ ապա, մեզմէ անոնք որ այն ատեն դեռ ողջ պիտի ըլլան՝ անոնց հետ միասին ամպերու վրայ երկինք պիտի յափշտակուին Տէրը դիմաւորելու համար. եւ այնուհետեւ Տիրոջ հետ միասին պիտի ըլլանք յաւիտեան:

Ուստի այս մտածումներով քաջալերեցէք իրար» (Ա. Թս 4.13-18):

Ստեփանոս Քահանայ Մանդինեանցը, իր՝ «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ» գիրքին մէջ, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի Ղազարու Յարութեան շաբաթը, կ՚ըսէ. «Ծաղկազարդին նախորդող շաբաթ օրը, եկեղեցին կը կատարէ Ղազարոսի յարութեան յիշատակը, երբ Յիսուս չորսօրեայ մեռելին յարութիւն տուաւ։ Այս յիշատակութիւնը մեզի կը սորվեցնէ Քրիստոսի աստուածային զօրութիւնը եւ յարութեան յոյս կու տայ մեզի։ Նաեւ, անոնք որոնք մեղքի մէջ մեռած էին, ցոյց կու տայ, թէ ժամանակը հասած է արդէն այդ մեռելութենէն յարութիւն առնելու»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 23, 2024