ՅՍՏԱԿ ՈՒ ՊԱՐԶ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Զաքարիա Վրդ. Բաղումեան յայտարարեց, թէ Հայ Առաքելական Եկեղեցին չի հրաժարիր իսլամացած հայերը մկրտելէ, սակայն պարզապէս անոնք պէտք է անցնին ընթացակարգէ մը։ Համահայկական վեցերորդ խաղերու օրերուն Հայաստանի մէջ մկրտուիլ փափաքած, սակայն մերժուած երեք ծպտեալ հայերու հարցին անդրադառնալով՝ ան ըսաւ, որ այդ ընթացակարգին նպատակն է՝ հասկնալ, թէ ի՛նչ է քրիստոնէութիւնը, ի՛նչ պարտաւորութիւններ ունի քրիստոնեայ մարդը։ Այս բոլորէն վերջ անոնք միայն կրնան մկրտուիլ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ։ Հայր Սուրբի բանաձեւումով, եկեղեցին չի խոչընդոտեր նման դէպքերը, այլ ցոյց կու տայ ճանապարհը, որով կրնայ լուծուիլ խնդիրը։ Ըստ իրեն, մկրտուիլ փափաքողները պէտք է Պոլսոյ Պատրիարքարանէն թոյլտուութիւն ստանան նախքան մկրտութիւնը։ Բաց աստի, ան եկեղեցւոյ զգուշաւորութիւնը բացատրեց ապօրինի գործողութիւններու մէջ չներքաշուելու մտայնութեամբ, վերապահութեամբ։ Տ. Զաքարիա Վրդ. Բաղումեան մատնանշեց, որ իրենք մտավախութիւն ունին, թէ առանց Պատրիարքարանի հաւանութեան կատարուելիք մկրտութիւնները կրնան խնդիրներ ստեղծել պոլսահայ համայնքին համար, մինչ այս վերջինը առանց այդ ալ արդէն ունի բազմաթիւ հարցեր։
«News.am» կայքէջի հաղորդումներով, Տ. Զաքարիա Վրդ. Բաղումեան փոխանցեց նաեւ այլ մանրամասնութիւններ։ Այսպէս, բազմաթիւ մահմետականներ, յատկապէս իրանցիներ, մկրտուելու խնդրանքով կը դիմեն եկեղեցի։ Սա կը կատարուի միայն մկրտութեան վկայականը ձեռք բերելու նպատակով։ «Երբ մենք ըսենք, որ կը մկրտենք, բայց վկայական չենք տար, անոնք այլեւս չեն փափաքիր։ Այդ վկայականը անոնց կ՚օգնէ դէպի Եւրոպա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երթալու հարցին մէջ», ըսաւ Տ. Զաքարիա Վրդ. Բաղումեան եւ յորդորեց, որ հանրային կարծիքը միայն զգացական դաշտի մէջ չդիտարկէ այս հարցը։
Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ լայն արձագանգ ստեղծած էր վերոյիշեալ երեք իսլամացած հայերու մկրտութեան փափաքին չիրականանալը։
Եկեղեցական
- 11/27/2024