«ՄԵ՛ՆՔ»՝ ՓՈԽԱՆԱԿ «ԵՍ»Ի
Մարդ արարածը ստեղծուած է ընկերային կեանք ապրելու համար եւ կոչուած է իրերօգնութեան՝ իրար լրացնելու եւ ամբողջացնելու, աջակցելու համար։ Որովհետեւ. «Տէր Աստուած ըսաւ.- Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար». (ԾՆՆԴ. Բ 18)։ Արդարեւ, աստուածային ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ «մարդ»ուն ընկերային ըլլալու եւ իրար լրացնող դեր մը յանձնուած է իր արարչութենէն իսկ։
Մա՛րդ ինքնաբաւ չէ՛, ասիկա իր բնութեան մէկ հետեւանքն է եւ՝ աստուածային տնօրինութիւն։ Եւ այս իսկ պատճառով, մարդուն ամենամեծ թշնամին է՝ «ԵՍ»ը։ Արդարեւ, ինքնավստահութիւնը պէտք չէ չափազանցէ մարդ, եւ յիշէ, թէ միշտ կայ թերութիւն մը՝ որ կարելի է լրացնել ուրիշի մը՝ իր նմանին աջակցութեամբ։ Այս անուրանալի ճշմարտութենէն մեկնելով՝ համեստութիւնը պէտք է ընդունիլ սկզբունք, քանի որ ինքնակեդրոն ըլլալ մարդուս ո՛չ մէկ օգուտ, այլ միայն վնաս կը հասցնէ…
Կեանքը կարելի՞ է բառով մը միայն փոխել։
Կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ կեանքը փոխել բառով մը՝ «մենք» բառը գործածելով նոյն ինքն կեանքին մէջ։
Արդարեւ, անհամաձայնութիւններ, հակառակութիւններ, թշնամութիւններ, նախանձ եւ մարդոց իրարու հանդէպ ունեցած վատ զգացումներ եւ բացասական վարմունքներ, ընդհանրապէս կը ծնին «Ես»ի տիրապետութենէն, այն ինչ որ մարդուն ինքզինք ամենակարեւոր եւ անփոխարինելի կարծելու սխալ համոզումէն։
Ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք սիրելի՛ներ, այն խօսակցութիւններ, որոնք «մենք» բառին հոգեբանութեան մէջ կ՚ընթանան, համաձայնութիւն, հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն կը ստեղծեն, իսկ ընդհակառակը՝ «ես»ին տիրապետող խօսակցութիւնները իրենց նպատակին չեն հասնիր, ապարդիւն կը մնան եւ ոչ մէկ հարց կը լուծուի։ Եւ մանաւանդ, ընկերութեան հիմնական միութիւնը, խարիսխը, արմատը՝ ընտանիքը, իր անդամներուն «մենք»ի հասկացողութեամբ շարժուելովն է որ անսասան, կանգուն եւ հաստատ կը մնայ։
«Մենք» միութիւն կը նշանակէ, իսկ միութիւնը զօրութիւն է, հասարակաց ներուժ մըն է եւ ամէն մարզի մէջ համաձայնութեան նախապայմա՛նն է։ Ընտանիքի մէջ անհամաձայնութիւններ բառով մը կարելի է լուծել, ինչպէս վկայուած է, թէ ամուսիններ երբ իրենց խօսակցութեան ոճը փոխած եւ սկսած են փոխանակ «Ես…»ի՝ «մենք…» ըսել ընտանիքի մէջ հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն սկսած է հաստատուիլ եւ տեւական ըլլալ։
Ուրեմն, եւ կա՛յ ճարը անհամաձայնութիւնները լուծելու եւ մանաւանդ շատ դիւրին կերպով՝ խօսակցութեան ոճը փոխելով բառով մը միայն։ Փորձե՛նք սիրելի՜ներ, երբ միութեան մը մէջ ենք՝ որ անպայման ենք՝ ընտանիք, ընկերութիւն, եկեղեցի, ժողովուրդ… եւ պիտի տեսնենք, որ շատ հարցեր հետզհետէ իրենց կարգին պիտի լուծուին։ Եւ տեսնուած է, որ ի՜նչ հրաշքներ պատահած է պարզապէս խօսակցութեան ոճը փոխելով. «հրաշք»ներ կը պատահին, բայց մարդն ալ պարտի իր կարելին ընէ՝ որպէսզի հրաշքը յայտնուի եւ մարդ ի՛նք անդրադառնայ հրաշքին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024