ԹԶԵՆԻԻՆ ԴԱՍԸ
«Տեսէք թզենին եւ բոլոր ծառերը։ Երբ բողբոջին, տեսնելով՝ դուք ձեզմէ կ՚իմանաք թէ ալ ամառը մօտ է». (ՂՈՒԿ. ԻԱ 29-30):
Բնութիւնը ամբողջ դպրոց մըն է, եւ բնութեան մէջ ամէն մէկ երեւոյթ եւ էութիւն՝ ուսուցի՛չ։ Ծառեր եւ բոյսեր իրենց վրայ կը կրեն համապատասխան եղանակի նախանշանները շատ աւելի առաջ, քան ան յայտնի կը դառնայ։ Այսպէս, ուրեմն, ամենամատղաշ թզենին տեսակ մը «առակ» է գործողութեան մէջ։
Թզենիին բողբոջները կը յայտնեն ամառուան գալուստը, ինչպէս եւ աղէտները, հալածանքները եւ վերջին փորձութիւնը կը յայտնեն այն վերջնական եղելութիւնը՝ որուն եւ կը վերաբերի Յիսուսի խօսքը։
Աշակերտները հնարաւորութիւն ունին վերծանելու ժամանակներու նշանները, ինչպէս ոեւէ գիւղացի իր դիտողականութեամբ ստացած փորձառութեան շնորհիւ կարող է կանխատեսել ամառուան շուտ եւ կամ ուշ գալը։
Այնուամենայնիւ, կեդրոնական եղելութիւնը ինքը, որու մօտալուտ ըլլալը ցոյց կու տան այդ բոլոր նշանները, շատ անորոշ կը մնան։
Արդեօք խնդիրը Երուսաղէմի տաճարի կործանմա՞նը կը վերաբերի, որու մասին հարց տրուեցաւ Յիսուսի, կամ ուրի՞շ վայրիվերումներու, որոնք պիտի նշեն նոր ժամանակաշրջանի մը սկիզբը, եւ կամ մարդու Որդիի գալստեա՞ն, որու մասին արդէն նոր ակնարկութիւն եղաւ։
Հատուածին մէջ կը խօսուի ի՛նչ-որ «մերձաւորութեան», «դռներու մօտ» ի՛նչ-որ ներկայութեան մասին, բայց եւ այնպէս անոնցմէ աւելին չ՚ըսուիր։ Ահաւասիկ, այս նոր կացութիւնը համեմատուած է ամառուայ գալուստին հետ, ինչ որ թոյլ կու տայ հասկնալ, թէ հարցը ուրախ եղելութեան մը մասին է, եւ աշակերտներու յոյսը կարող է ուղղուիլ դէպի այդ ուրախ եւ երջանկաբեր եղելութիւնը։
Այս հատուածին մէջ եղած այլ խօսքեր եւս նոյնքան դժուար կը հասկցուին։
Կը թուի՝ Յիսուս նախ կը յայտնէ, թէ ի՛նչի մասին է որ կը խօսի, պիտի իրականան մօտ ապագայի մէջ. «Այս սերունդը պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս բոլորը կատարուին». (Ղուկ. ԻԱ 32)։ Իսկ աւելի վերջ կ՚ըսէ. «Իսկ այն օրուան եւ ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, ո՛չ երկնքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ո՛չ Որդին, հապա՝ միայն Հայրը». (ՄԱՐԿ. ԺԳ 32)։
Աստուածաբաններ երկար մտածած են Յիսուսի կողմէ խոստովանուած այս «անգիտութեան» մասին, որմէ անշուշտ պէտք է եզրակացնել, թէ մարդացած Որդին նախապէս ամէն ինչ չի գիտեր։ Յիսուս այստեղ կ՚արտայայտուի այնպիսի նախադասութիւններով, որոնք միաժամանակ առեղծուածային են եւ հանդիսաւոր եւ կ՚արտայայտեն յարգանք Աստուծոյ խորհուրդի եւ իրաւունքներու նկատմամբ։
«Երկինք եւ երկիր կ՚անցնին, բայց իմ խօսքերս չեն անցնիր». (ՄԱՐԿ. ԺԳ 31)։ Յիսուս կը յայտնէ, թէ կը սպասուին դժուարութիւններով լեցուն ապագայ մը՝ որը պիտի ունենայ երջանիկ վախճան, բայց օրը նախապէս չէ գծուած…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024