ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐ
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Հայկական զարդամոթիֆը ժամանակակից նորաձեւութեան մէջ» խորագրով։ Այս առթիւ հայ երիտասարդ ձեւագծողները ներկայացուցին իրենց հաւաքածոները։ Անոնք հայկական զարդամոթիֆը իրենց հաւաքածոներուն մէջ համադրած են ժամանակակից նորաձեւութեան հետ՝ ուրոյն ձեւով եւ ստեղծագործական հետաքրքրական աշխատանքի մը արդիւնքով։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Յովհաննէս Շարամբէեան» ժողովրդական ստեղծագործութեան կեդրոնէն ներս «Հայկական շրջանակ» երիտասարդական նախաձեռնութեան կողմէ կազմակերպուած էր այս ցուցահանդէսը, որուն զուգահեռ նոյն կեդրոնէն ներս բացուեցաւ նաեւ մրցոյթ-ցուցահանդէս մը, որ կը ցոլացնէր հայկական տարազը ներկայացնող լուսանկարչական ուշագրաւ աշխատանքներ։
«Այսօր դիցաբանութեան եւ ազգագրութեան անդրադառնալը չի վնասեր մեր երիտասարդներուն։ Ընդհակառակն, սա պիտի օգնէ ճանչնալու մայրենին, կրօնը, հայրենիքն ու ճարտարապետութիւնը», ըսաւ ձեռնարկի բացման ընթացքին գրող Յովիկ Յովէեան։
Հայկական աւանդական զարդանախշերու, գոյներու մոթիֆներու, ժամանակակից նիւթերու, նորաձեւութեան միտումներու համադրութեամբ՝ երիտասարդ ձեւագծողներու աշխատանքներուն մեծամասնութիւնը բացի ցուցադրութենէն, կ՚օգտագործուին նաեւ որպէս երեկոյեան զգեստ։ Երիտասարդ ձեւագծող Ժենիա Ասատրեան նշեց, թէ իր ներկայացուցած «Զուարթնոց» հաւաքածոն ստեղծած էր անցեալ տարի՝ Արուեստներու ակադեմիոյ վկայականի աշխատանքին համար։ Ան հաւաքածոյին մէջ օգտագործած է Զուարթնոց տաճարի տարրերը։ Գոյները ընտրուած են այդ տարրերուն համապատասխան։ Միայն կարմիրը, կրակի գոյնը, Ժենիա Ասատրեանի կողմէ աւելցուած է զարդերու տեսքով։
Ձեւագծողներ Լիլիթ Ղազարեան եւ Լիաննա Սայրապեան եւս այս նորաձեւութեան ցուցադրութեան շրջագծով ներկայացուցին իրենց աշխատանքները։ Անոնց հաւաքածոները կը կոչուէին՝ «Ուրարտու եւ հայկական դիցաբանութիւն» եւ «Հայկական գոյներ»։
Սոյն ձեռնարկին աջակցութիւն ցուցաբերեցին բացի «Յովհաննէս Շարամբէեան» ժողովրդական ստեղծագործական կեդրոնէն՝ «Տէրեան» մշակութային կեդրոնը «Սփիւռքէն հայրենիք» կազմակերպութիւնը եւ «Հեփի փրինթ» տպագրութեան ընկերութիւնը։