ԻՐԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔԸ
Michel de Montaigne (1533-1592 թթ.) կ՚ըսէ, թէ՝ համբաւը արժէքի մը իրական ցուցանիշը չէ՛։ Իրապէս, համբաւը արժէքի մը տարրական մասը չի կրնար ըլլալ, քանի որ համբաւաւոր ըլլալ ի վերջոյ պատահական երեւոյթ մըն է։ Ուստի, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ թէ զանազան վկայութիւններ ցոյց կու տան, որ բազմաթիւ իրական արժէքներ մնացած են իրենց նեղ շրջանակին մէջ եւ իր ճշմարիտ առումով, «համբաւ»ի չեն կրցած տիրանալ։ Հարցը սապէս ալ կրնանք ներկայացնել. մարդիկ ճանչցած են այն «արժէք»ները՝ որոնք համբաւ ունեցած են եւ անտեսուած են այնպիսի արժէքներ՝ որոնք չեն ճանչցուած եւ հեռու մնացած են «համբաւ»ի վայելքէն։
Բայց ի՞նչ է պատճառը, որ կարգ մը արժէքներ համբաւի կը տիրանան, իսկ կարգ մըն ալ՝ աննշա՛ն կ՚անհետանան…
Բայց սա ստոյգ է, որ եթէ մէկը համբաւաւոր չէ եղած, այդ չի նշանակեր, որ ան արժէք մը չի ներկայացներ։ Կեանքի զանազան պարագաներ կրնան արգելք ըլլալ արժէքի մը աննշան մնալուն։ Զոր օրինակ, արժէքաւոր մէկը կրնայ ինքզինք յայտնելէ խուսափիլ՝ չ՚ուզեր իր նեղ շրջանակէն դուրս ելլել եւ կ՚ապրի իր աշխարհին մէջ։ Բայց ասիկա ալ տեսակ մը ինքնասիրութիւն, անձնապաշտութիւն է, քանի որ ինքնակեդրոն մարդը չի կրնար օգտակարութիւն ունենալ իր շուրջիններուն, ինչ որ մարդ էակին առաջնակարգ եւ անյետաձգելի, էական պարտականութի՛ւնն է։
Արդարեւ, չէզոքութիւնը, այս պարագային ներելի չէ, քանի որ ընկերութեան ամէն մէկ անդամ իր կարողութեան եւ տարողութեան չափով պէտք է տայ իր ունեցածէն, եւ մանաւանդ իր բարոյական արժէքներէն՝ տաղանդէն եւ ձիրքէն։
Համեստութեան պատրուակով ալ արժէքը գաղտնել ճիշդ չէ, քանի որ ամէն արժէք ի վերջոյ հասարակաց բարիքին եւ օգտին համար պէտք է գործածուի եւ տարածուի։ Այս իմաստով, բարոյական արժէքներու նկատմամբ խնայողական, սակաւապէտ ըլլալ մարդկային բնութեան հակառա՛կ է։
Այս հարցին, ընկերութեան ալ պարտականութիւն մը կը վերաբերի. արժէքները պէտք չէ ստորագնահատուին, ընդհակառակը պէտք է քաջալերուին, եւ երեւան բերուին ծածուկ եւ աննշան մնացած արժէքներ։ Արդարեւ, ընկերութեան, հասարակութեան անտարբերութեան պատճառով՝ ի՜նչ արժէքներ անյայտ մնացած եւ կորսուած են։ Եւ ի՜նչ արժէքաւոր անձեր հասարակութեան անտարբերութեան պատճառով վշտացած եւ իրենք զիրենք դասալիք ըրած են ամէն տեսակ գործունէութենէ։
Epimenides Creten, կրետէցի իմաստասէրին «Բոլոր կրետեցիներ ստախօս են» յարակարծութեան, «paradoxe» խօսքին նման է համբաւի եւ արժէքի համեմատութիւնը։ Արդարեւ, ամէն ճշմարիտ արժէք պէտք է համբաւի տիրանայ եւ փոխադարձաբար համբաւը, անշուշտ «բարի համբաւ»ի իմաստով, պէտք է հաստատուած ըլլայ ճշմարիտ արժէքի մը վրայ։ Եւ ուրեմն, «paradoxe» մըն է, ըսել. «արժէք ունիմ, բայց համբաւաւոր չեմ». ուստի ամէն արժէք արժանանալո՛ւ է համբաւի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024