ՊՈՒՐՈՒՆՔԸՇԼԱՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Եոզղատի Պուրունքըշլա գիւղի հայերու ներկայացուցիչները՝ Յովսէփ Արզումանը եւ Յակոբ Թորոսօղլուն։

Այսպէս, այցելութեան նպատակն էր Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրել այլեւս աւանդական դարձած հոգեհանգստեան Ս. Պատարագին, որու ընթացքին կը յիշատակուին Պուրունքըշլա գիւղի հանգուցեալ հայերը։ Այս տարի Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդգծեց, թէ իւրաքանչիւր անհատի համար կարեւոր է չմոռնալ իր հայրենի ծննդավայրը։ Ան նաեւ յայտնեց, որ վերջին տարիներուն համայնքի զաւակները կը վերյիշեն ու կ՚ապրեցնեն իրենց ծննդավայրերու յիշատակներն ու աւանդութիւնները։ Նորին Ամենապատուութիւնը խոստացաւ ընդառաջել հրաւէրին ու կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024