ՊԱՏԵՐԱ՞ԶՄ, ԹԷ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

Մարդկութիւնը պատմութեան սկիզբէն ի վեր ապրած է երկու հիմնական հասկացութիւններու մէջ, որոնք են խաղաղութիւնն ու պատերազմը։ Երկուքը զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ իրարմով կը սնանին: Առանց պատերազմի՝ չկայ խաղաղութիւն, ինչպէս նաեւ հակառակը։ Երկար է շարքը պատերազմներուն եւ մարդկութեան պատմութեան համար իւրաքանչիւր պատերազմ իր հետ բերած է խաղաղութիւն եւ նոր էջ մը բացած է ժողովուրդներու եւ պետութիւններու համար։ Մարդկութիւնը խաղաղասէր կրնա՞նք համարել. այո՛, իբրեւ հիմք մարդը անհատապէս աւելի յարած է խաղաղութեան եւ նոյնիսկ հաւաքականութիւններու ալ մակարդակով խաղաղութիւնը կեանքի հիմնական ընթացքի կատարումն է։ Իսկ պատերազմները կրնանք սեպել բացառութիւն։ Հակառակ այս իրողութեան, առանց պատերազմներու գրեթէ չեն կայացած պետութիւնները եւ յատկապէս եթէ նայինք մեծ պետութիւններու պատմութեան, ապա կը գտնենք, որ անոնք երկար ու բազմաթիւ պատերազմներէ անցած են։

Այստեղ հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ՝ ներկա՞յ, թէ անցեալի ժամանակները աւելի խաղաղասիրական են։ Այո՛, նախկին դարաշրջաններուն մարդկութիւնը այսքան զինուած չէր, բայց պատերազամները աւելի յաճախակի էին եւ գրեթէ անդադար։ Ներկայ աշխարհը՝ մեծ յառաջդիմութեան կողքին, այո՛, տակաւին չկրցաւ ձերբազատուիլ պատերազամներէ եւ սպառազինութեան արշաւը հասաւ աննախադէպ մակարդակի։ Բայց եւ այնպէս, հակառակ այս բոլորին, ընդհանուր խաղաղական կառուցուածք մը կազմուեցաւ եւ բազում տեղեր արդէն իսկ մեծ խաղաղութիւն կը տիրէ։ Շարունանական կրնա՞յ ըլլայ այդ խաղաղութիւնը եւ արդեօք կը հասնի՞ համընդհանուր մակարդակի, դժուար է ըսել, բայց յստակ է, թէ կայ ջանք եւ համադրումներ՝ մա՛նաւանդ զարգացած աշխարհին կողմէ։

Պատերազմող երկիրները, ըստ Արեւմուտքի եւ այսպէս ըսած՝ քաղաքակիրթ աշխարհին, բռնատիրական վարչակարգերով երկիրներն են, որոնք տակաւին կը պատկանին միջին դարերու տրամաբանութեան եւ կ՚ուզեն աշխարհը տանիլ քաոսի։ Օրինակ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կ՚արդարացնէ իր ռազմական ծախսերու եւ ռազմական արտադրութեան ա Ներկայիս պատերազմներու ամենավառ օճախները Միջին Արեւելքը, Ափրիկէէն մասեր եւ նոր բռնկած Ռուսաստան-Ուքրայնա ճակատն է, որ անսպասելի կրնանք համարել՝ նկատի ունենալով, որ խաղաղ, զարգացած եւ հանդարտ համարուած Եւրոպայի սահմանակից է։ Ուքրայնայի պատերազմը խախտեց ընդհանուր համաշխարհային խաղաղական հայեցակարգը, քանի արդէն իսկ սկսան ակնարկումներ կատարուիլ հիւլէական ռումբերու օգտագործման շուրջ։

Պատերազամներու հետապնդած նպատակները անթիւ են եւ անդադար, բայց մշտապէս անոնց գործադրումը կախեալ է խաղաղութեան հաստատման թէ՛ եղանակէն եւ թէ անոր տեւականութենէն։ Պատերազմներու նպատակները խաղաղութեան հաստատումն է նաեւ քաղաքական մակարդակով։ Անկարելի է տնտեսութիւն մշակել առանց խաղաղութեան եւ ճիշդ այս կէտին է, որ կ՚երեւի ներկայ ժամանակներու խաղաղական ապացոյցը։ Մարդկութիւնը կ՚ապրի իր ամենաբարւոք ժամանակները եւ սա ակամայ կարելի է կապել տնտեսական զարգացածութեան հետ, որ արդիւնք կրնայ սեպուիլ խաղաղ գոյակցութիւններու։

Որեւէ հիմնական ու կառուցողական խաղաղութեան հասնումը կախեալ է, բնականաբար, համաշխարհային կարգէն եւ կառուցուածքէն: Միջազգային յարաբերութիւններու տեսութեամբ, օրինակ, միջազգային համակարգը եթէ միաբեւեռ է, տարբեր է համաշխարհային խաղաղական իրավիճակը երկբեւեռ համակարգէն: Օրինակ՝ փոքր, բայց բռնատիրական երկիրները միշտ դիմած են սադրանքներու եւ դրացիներուն վրայ յարձակումներու, երբ չեն իրագործած տնտեսական զարգացում, իսկ ինքնին միջազգային քաղաքական պատմութիւնը հիմնուած է պետութեան մը կազմութեան բնոյթի ժամանակագրութենէն եւ փիլիսոփայութենէն՝ սկսեալ անոր ընդլայնման վրայ, իսկ ընդլայնում կը նշանակէ պատերազմ մղել:

Պատերազմի մղումը հաւանաբար իր մեծ ու փոքր կողմերը ունի՝ հակառակ անոր բոլոր մեծ ու փոքր պետութիւնները տեւաբար լծուած էին այդ գործին եւ յարձակողը պատերազմի ընդմէջէն տեսած է իր գոյակցութիւնը, բայց խաղաղութիւնը մանաւանդ միջազգային մակարդակով (օրինակ՝ Երկրորդ աշխարհամարտէն վերջ այդ մէկը վստահուած է ՄԱԿ-ին, իսկ ՄԱԿ կը նշանակէ ներկայ մեր ժամանակներուն մէջ ԱՄՆ) միշտ գերուժի մը քաղաքականութեան վարման ու տնօրիման հետ կապուած է:

Ինքնին այն միտքը, որ մարդկութիւնը պէտք է ապրի տեւաբար խաղաղութեան մէջ՝ խթան է մեծ համաշխարհային կարգի իրականացման համար, ինչ որ ինքնաբերաբար կը կապակցէ մեզ ներկայ ժամանակներու նկարագրութեան հետ: Ինչո՞ւ, որովհետեւ միջազգային մեծ խաղաղութիւնը կապուած է համակրուած ու համաշխարհայնացած աշխարհի մը հետ, որուն իրագործումը իրականացնելու համար արդէն իսկ մեծ ու գերտէրութիւններ լծուած են գործի:

Երեւաննդադար աւելացումը՝ այն հիմնաւորմամբ, որ ինքը կ՚արգիլէ միջազգային քաոսը եւ կ՚իրականացնէ հակամարտութիւններուն սանձումը։

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024