ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան անդամներն ու սանուց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները:

Տեսակցութեան ընթացքին անոնք Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսին: Անոնք նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր՝ վարժարանի ընթացքին եւ իրենց գործունէութեանց մասին։

Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ օրհնեց Ս. Խաչ դպրեվանքի ներկայ աւանդապահները: Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել հրաւէրին եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց կրթանուէր գործունէութեանց համար։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024