ՍԱՀԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Ատիս Ապապայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սահակ Սարգսեանը, որ շատ կարճ այցելութիւն մը տուաւ քաղաքս։ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչի պաշտօնը շուրջ չորսուկէս տարի վարելէ վերջ Եթովպիա գործուղուած Սահակ Սարգսեան վերջին օրերուն Իսթանպուլի մէջ կարճ կեցութիւն մը ունեցաւ եւ այս մէկը պատեհ առիթ համարեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալու համար։ Զրոյցի ընթացքին ան Նորին Ամենապատուութեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց իր ներկայ գործունէութիւնը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ուրախութիւն յայտնեց Սահակ Սարգսեանի այցելութեան համար, փոխանցեց իր օրհնութիւնները եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց անոր նոր առաքելութեան ճանապարհին։