ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երեքշաբաթեայ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից հերթական եկեղեցականներու խումբը։ Այս դասընթացքներուն մասնակից քահանաները թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ սփիւռքի տարբեր թեմերէն էին։
Հանդիպման սկիզբին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի տնօրէն Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեան խօսեցաւ դասընթացքներու կարեւորութեան եւ անոնց արդիւնաւէտութեան մասին։ Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը հայրական իր օրհնութիւնը փոխանցեց եկեղեցականներուն՝ գոհունակութեամբ արձանագրելով, որ դասընթացքները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն վերաթարմացնելու գիտելիքները, քննարկելու հովուական կեանքին վերաբերեալ զանազան հարցեր, ինչպէս նաեւ հարստանալու նոր գիտելիքներով եւ իրարու փորձառութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը հոգեւորականներուն պատգամեց հայ ժողովուրդի համար այս ծանր ժամանակաշրջանին առաւել նախանձախնդրօրէն իրականացնել իրենց հովուական ծառայութիւնը՝ ուղղորդելով հայորդիները ճշմարտութեան ճանապարհով, մխիթարութիւն պարգեւելով հոգեկան ծանր ապրումներու մատնուած Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներուն ու չհանդուրժելով անտարբերութեան որեւէ դրսեւոման։ Ան եկեղեցականներուն յորդորեց նաեւ բարձր գիտակցումով, քաջաբար եւ ամբողջանուէր կերպով իրականացնել իրենց սրբազան առաքելութիւնը՝ ի զօրացումն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն հայ ժողովուրդի։
Հանդիպման վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ քահանայ հայրերու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեխնամ եւ կրթական ծրագիրներուն։