ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐԸ ՎԵՐՅԻՇԵՑ՝ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹՈՎ ՄԸ

Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ «Իսթանպուլ» նիւթով լուսանկարչութեան մրցոյթը, որ 12-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Աշխարհահռչակ անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի ի յիշատակ հաստատուած այս միջվարժարանային նախաձեռնութիւնը հերթական անգամ փայլուն յաջողութիւն արձանագրեց։ 100 տարուան լիսէներէ սաներու մասնակցութեամբ կեանքի կոչուեցաւ ծրագիրը, որու նպատակն է լիսէական երիտասարդները խրախուսել՝ դիտարկելու համար Իսթանպուլի թաղամասերը, բնակիչները, ընկերային ու մշակութային համայնապատկերը։

Մրցոյթի դատակազմին մաս կազմեցին՝ Գրիգոր Սահակօղլու, Ռեֆիք Աքեիւզ, Սիլվա Պինկազ, Սեչքին Թերճան, Եաշար Սարաչօղլու եւ Տայք Տանձիկ։ Այս տարի բոլորը յուզումնախառն զգացումներով ոգեկոչեցին հանգուցեալ լուսանկարիչ Մանուէլ Չըթաքը, որ եւս այս դատակազմին մաս կը կազմէր։

Կեդրոնական վարժարանի պատմական սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որու ընթացքին տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ։ Ներկայ էին նաեւ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ իր գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ Կեդրոնականի ընտանիքէն այլ պատասխանատուներ։ Վարժարանի սաներէն Ատիս Տողանայ հաւաքոյթի ընթացքին երաժշտական կատարումներով արժանացաւ գնահատանքի։ Դպրոցի ուսուցչական կազմէն Անի Փայլանն ալ արտայայտուեցաւ՝ ոգեկոչելով Մանուէլ Չըթաքը, որուն ի յիշատակ պատրաստը-ւած տեսանիւթ մըն ալ ցուցադրուեցաւ ներկաներուն։

Ի շարունակութիւն, յայտագրի ընթացքին հերթական անգամ՝ անցեալ տարիներուն ձեւաւորուած աւանդութիւնը յարգուեցաւ ու ներկայացուեցաւ Արա Կիւլէրի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ յայտնի տեսանիւթը։ Աւելի վերջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը։

Այս տարի մրցոյթին առաջինը դարձաւ՝ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաներէն Լիա Փորթագալեան։ Երկրորդ հանդիսացաւ՝ Քեւըն Թաշ, որ Կեդրոնականի սաներէն է։ Երրորդ հորիզոնականը զբաղեցուց Էսաեան վարժարանի սաներէն Քրիստին Թորոս։ Մանսիոնի արժանի նկատուեցան՝ Լուսին Սու Կէօքչէ (Կեդրոնական), Կարէն Պետիկօղլու (Մխիթարեան) եւ Տենչալի Էրփընար (Սահակեան-Նունեան)։

Հարկ է նշել, որ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը դիտեցին նաեւ «Արա Կիւլէր» թանգարանէն պատասխանատուներ՝ «Տողուշ» խմբակի գեղարուեստական խորհրդատու Չաղլա Սարաչ եւ Եասեմին Էօզիւ։ Այս վերջինները նաեւ հակիրճ սրտի խօսքեր արտասանեցին։ Անոնք դափնեկիր աշակերտներուն նուիրեցին՝ Արա Կիւլէրի դրուագներով հրատարակուած գիրքերէն օրինակներ՝ ընդգծելով, որ իրենց համար խորապէս տպաւորիչ է՝ գտնուիլ մեծանուն վարպետի ուսանած դպրոցի երդիքին տակ։

Մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին բոլոր մասնակիցները շրջեցան՝ մրցոյթի մասնակից աշակերտներու դրուագներով պատրաստուած ցուցահանդէսին։ Այս փուլին զուգորդեց ընդունելութիւն մը, որ պատրաստուած էր Լետա Չիֆթչիի կողմէ գլխաւորուած ծնողաց միութեան ջանքերով։

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024