ՅԻՇԵԼՈՎ ԶԱՔԱՐԻԱ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԿԱՂԶՈՒԱՆՑԻՆ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը իր պատմութեան ընթացքին ունեցած է գահակալներ, որոնք որպէս լուսառատ փարոսներ լուսաւորած են իրենց պաշտօնավարած շրջանները եւ իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած ժողովուրդը։ Անոնք կարեւորութեամբ նկատի ունեցած են օրուան պայմանները ու գիտցած՝ արժեւորել զանոնք։ Իրենց հաղորդական բնաւորութիւններով, որպէս վստահութիւն ներշնչած անձնաւորութիւններ, մշակած են առողջ փոխյարաբերութիւններ եւ այդ բոլորին շնորհիւ առաջնորդած են եկեղեցւոյ նաւը, եւ այդ բոլորով եղած՝ արժանաւոր յաջորդներէն երանաշնորհ Յովակիմ Պրուսացի Պատրիարքի։
Այս փաղանգին մաս կը կազմէ երանաշնորհ Զաքարիա Կաղզուանցի Պատրիարքը, որուն վախճանման 225-ամեակն է այս տարի։ Մեծանուն Պատրիարքը 1899-ին իր վախճանման 100-ամեակին առթիւ յիշատակուած էր մամլոյ սիւնակներուն մէջ1։ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք, կարեւորութիւն կ՚ընծայէր մեծանուն պատրիարքներու յիշատակութեան։ Զաքարիա Կաղզուանցի Պատրիարքի ծննդեան 265-ամեակին առթիւ, մեր երանաշնորհ հոգեւոր պետին դիմումին ընդառաջելով երանաշնորհ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հրապարակած էր սրբատառ կոնդակ։ Յիշատակութեան հանդէսը տեղի ունեցած էր 8 սեպտեմբեր 1984-ին, Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Շնորհք Պատրիարք Հօր։ Այս առիթով ալ հրատարակուած էր գեղատիպ հատոր մը, որ կը ներկայացնէր մեծանուն պատրիարքի կեանքն ու վաստակը2։
Զաքարիա Պատրիարք Կաղզուանցիի ընդարձակ կենսագրութիւնը կը պարտինք իր եղբօրորդիին՝ հոգելոյս Տ. Պօղոս Քհնյ. Կաղզուանցիի, որ յիրաւի ամենայն մանրամասնութեամբ կը ներկայացնէ երանաշնորհ պատրիարքի կեանքը3, որուն մասին կարեւոր տեղեկութիւններ արձանագրած են նաեւ Աւետիս Վարժապետ Պէրպէրեան4, Հրանդ Ասատուր5 եւ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան6։
1719-ին Կարս նահանգի Կաղզուան աւանէն սկսած կեանքի գիծը վերջակէտին կը հասնի 11 մարտ 1799-ին, իր ետին թողլով քառասունեւչորս տարուան հոգեւոր ծառայութեան վաստակ մը։ Ազգանունով Փօքուզեան, որդին էր Բարիլոյս եւ Նազէ ամոլին, որ երկկողմանի օժտուած էր հարստութեամբ եւ հանրածանօթ կենցաղով։ Ի տղայ տիոց յայտնի կը դառնայ, թէ կը հետաքրքրուէր հոգեւոր եւ կրօնադաստիարակչական նիւթերով եւ ազատ կամքով թողլով ամէն ինչ կը հետեւի իր կոչումին, որ զինքը քայլ առ քայլ պիտի առաջնորդէր Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կ՚ըլլայ իր հոգեւոր կրթութեան օրրանը։ Յետ դաստիարակութեան 1755-ին կը ձեռնադրուի սարկաւագ, կուսակրօն քահանայ եւ կը ստանայ վարդապետական գաւազան ձեռամբ Մայր Աթոռի լուսարարապետ Եղիազար Եպիսկոպոսի։ Եպիսկոպոս կ՚օծուի ձեռամբ Յակոբ Շամախեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։
Զաքարիա Պատրիարքի կենսագրութեան գծին հանգրուաններու յիշատակութիւնն իսկ բաւ է ճշդորոշելու, թէ դէմ յանդիման կը գտնուինք ազգանուէր կեանքի օրինակի մը հետ։ Այդ խօսուն օրինակը ինքնին կը վկայէ, թէ երանաշնորհ պատրիարքը իր Աստուածատուր շնորհները ծրարելով չէ թաղած, այլ զանոնք օգտագործած է ի նպաստ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին։
ՆՈՒԻՐԱԿ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ
Նուիրակ կոչուած պաշտօնատարներ կարեւոր տեղ ունեցած են Հայ Եկեղեցւոյ համակարգին մէջ։ Կաթողիկոսի կողմէ ուղարկուած ընդհանրապէս բարձրաստիճան հոգեւորականներ կը ճամբորդեն օտար երկիրներ որոշ յանձնարարութեամբ եւ կամ դրամական նուէրներ հաւաքելու համար։ Նուիրակներ նաեւ վանական շրջանակներու մէջ պաշտօնավարած են պտղի կամ այլ նուէրներ հաւաքելու ի նպաստ այն վանքերուն, որոնց միաբանները ըլլալու պատիւը կը կրէին։
Զաքարիա Եպիսկոպոս, ըլլալով հարազատ զաւակը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, 1761-1764 տարիներուն Եւդոկիոյ նուիրակութեան պաշտօնը կը ստանձնէ, տնօրինութեամբը Յակոբ Շամախեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ 1764-ին կը վերադառնայ Սուրբ Էջմիածին Ամենայն Հայոց Սիմէոն Կաթողիկոսի շրջանին։ Հայրապետի տնօրինութեամբ 1767-ին այս անգամ կը նշանակուի Պոլսոյ նուիրակութեան պաշտօնին։ Երեք տարուան իր պաշտօնավարութեան շրջանը կ՚աւարտէ 1770-ին եւ երբ կը պատրաստուի Սուրբ Էջմիածին վերադառնալ, դարձեալ Սիմէոն Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ կը վերահաստատուի իր պաշտօնին վրայ, զոր կը վարէ մինչեւ իր Պոլսոյ պատրիարք ընտրուիլը։
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՊՈԼՍՈՅ
Զաքարիա Պատրիարք Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին գահակալած է երկու շրջան. առաջինը՝ 30 նոյեմբեր 1772-20 մայիս 1781, իսկ երկրորդը՝ 31 մարտ 1782-11 մարտ 1799 տարիներուն։ Միջանկեալ շրջանին գահակալած է Պրուսայի Առաջնորդ՝ Յովհաննէս Համատանցի։
Առաջին գահակալութեան շրջանին 21 փետրուար եւ 26 յուլիս 1778 թուականներուն Պատրիարքարանի մէջ ժողովներ կը գումարէ, որպէսզի համոզէ Հայ հռովմէականները։ Որովհետեւ 15 մայիս 1778-ին Պոլսոյ մէջ պատահած սաստիկ ժանտախտի հետեւանքով անոնցմէ մահացածներ չէին թաղուեր։ Սակայն այս ջանքերը ի թերեւ կ՚ելլեն, որուն հետեւանքով Զաքարիա Պատրիարք կը սկսի խստութեամբ վարուիլ անոնց նկատմամբ, բան մը որ անախորժ կը թուի Աւստրիոյ եւ Գաղղիոյ դեսպաններուն։ Անոնք Սուլթանին դիմելով կը պահանջեն, որ Զաքարիա Պատրիարք պաշտօնանկ ըլլայ։ Սուլթան Ապտիւլհամիտ Ա. կայսրը նկատելով, որ հարցը հաւանական էր, որ քաղաքական բնոյթ ստանար, յակամայս տեղի կու տայ եւ Զաքարիա Պատրիարք 20 մայիս 1781-ին պաշտօնանկ ըլլալով Պրուսա կ՚աքսորուի։
Սակայն իր տեղ գահակալած Յովհաննէս Համատանցին այն աստիճանի խստութիւն կը բանեցնէ Հայ հռովմէականներու վրայ, որ ամէն մարդ կը սկսի փնտռել Զաքարիա Պատրիարքի օրերը եւ զայն դարձեալ յԱթոռ Պատրիարքութեան արժանի նկատելով այդ ուղղութեամբ ալ փափաք կը յայտնէ։ Ի վերջոյ 31 մարտ 1782-ին Պրուսայէն գալով կը գահակալէ եւ կը պաշտօնավարէ շուրջ 17 տարի։
Այս երկրորդ գահակալութեան շրջանին Հայ հռովմէականներու դէմ ունեցած հալածական կեցուածքը կը թեթեւցնէ։ Սակայն Պատրիարքարանի մէջ ժողով գումարելով օրէնք կը հաստատէ, որ Հայեր Հայ հռովմէականներու հետ խնամութիւն չընեն եւ ոչ ալ ազգականութիւն։ Այսպէսով Զաքարիա Պատրիարք զանոնք զատած կ՚ըլլայ, իրենց մէջ տեսնելով զատ ազգի մը մասնայատկութիւնը։ Այս որոշումէն յետոյ Հայ հռովմէականներ կը սկսին հայոց եկեղեցիներ չերթալ եւ կ՚որդեգրեն լատին եկեղեցիներ յաճախելու իրենց կեցուածքը։
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Երանաշնորհ պատրիարքը ընկերային օժանդակութեան բնագաւառէն ներս եւս կ՚ունենայ օրինակելի կեցուածք։ Զաքարիա Պատրիարք իր հոգեւոր պետի հանգամանքով ամէն ջանք ի գործ դրած է ի նպաստ օժանդակութեան կարօտ հօտին։ Մանաւանդ 1782-ի Ճիպալիի 66 ժամ տեւած մեծ հրդեհին, որուն զոհ գացած էին հազարաւոր տուներ եւ հազարէ աւելի մարդիկ։ Ժողովրդասէր հովուապետը մարդասիրութեան օրինակելի կեցուածքով հայ աղքատներուն մեծ գումարներ բաշխել կու տայ որպէս նպաստ, մեծ մասամբ հանգանակելով 66 դասակարգի բաժնուած ժամանակի էսնաֆներէն։ Այս հրդեհին հետեւանքով հրոյ ճարակ կը դառնան Սուրբ Գէորգ եւ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիները։
Այս մեծ հրդեհէն առաջ նաեւ երկու հրդեհներու մասին արձանագրած է Պօղոս Քահանայ Կաղզուանցին։ Անոնցմէ առաջինը Սամաթիոյ մէջ ծագած է 28 յունիս 1782-ին, որ տեւած է 15 ժամ։ Իսկ երկրորդը՝ 12 յուլիս 1782-ին, 25 ժամ։
Զաքարիա Պատրիարքի շրջանին ըստ Աւետիս Վարժապետ Պէրպէրեանի, զանազան թուականներուն ծագած են հրդեհներ. 6 սեպտեմբեր 1774՝ Ենիգաբույի դուրսը, 23 մարտ 1778՝ Քիրեմիտ թաղ Ֆէնէրի, 25 յուլիս 1784՝ Պալատ Չօրպաճի Չէշմէսի, 24 մարտ 1790՝ Ուզուն Չարշին մինչեւ ի պարիսպն Էսկի Սարային, 9 մարտ 1791՝ Տուա Մէյտանը եւ 20 յունուար 1795՝ Թիւթիւն Կէօմրիւկն։
ԵԿԵՂԵՑԱՇԷՆ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԸ
Եւդոկիոյ մէջ պատահած հրդեհի հետեւանքով հրոյ ճարակ դարձած էին երեք եկեղեցիներ։ Զաքարիա Պատրիարք եպարքոս Մէլէք Մէհմէտ փաշայի աղերսելով կը խնդրէ, որ Սուլթանի մօտ բարեխօսէ, որպէսզի արտօնութիւն շնորհուի եկեղեցիներու վերակառուցման։ Արտօնութիւն կը շնորհուի ոչ միայն երեք եկեղեցիներու, այլ նաեւ նախապէս հրոյ ճարակ դարձած եկեղեցիի մը վերաշինութեան։
Եկեղեցիներու վերաշինութիւնը չէր սահմանափակուած նաեւ Եւդոկիոյ եկեղեցիներով, այլ նաեւ կը վերաշինուին Ակն քաղաքի եւ թեմի այլ վայրերու, Պրուսայի, Ադրիանուպոլսոյ եկեղեցիները, Մարզուանի վանքը։
Կը վերաշինուին նաեւ Պոլսոյ երկու մեծ հիւանդանոցները՝ Բերայի եւ Նարլըգաբուի։ Կը կառուցուին նաեւ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ պարսպապատերը, ինչպէս նաեւ աւազան մը, որպէսզի հաւաքուած ջուրը ի պահանջել հարկին գործածուի հրդեհներու պարագային։ Այս զոյգ շինութեանց համար կը յատկացնէ 20.000 մառչիլ7։ Նաեւ Մայր եկեղեցւոյ կը կտակէ 35.000 մառչիլ ծախսելով պատրաստուած պատարագի զգեստը։
Վերաշինութեան կարեւոր օրինակ մըն է նաեւ Գուրուչէշմէի Երեւման Սուրբ Խաչ եկեղեցին, որուն համար յատկացուցած է 18.000 մառչիլ, նաեւ նուիրած՝ իր սեպհական Կենաց Փայտի մասունքը։
ԿՐԹԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐԵԱԼԸ
Զաքարիա Պատրիարք հաւատացած էր, պատրաստուած եւ ուսանած հոգեւորականներ ունենալու կարեւորութեան, ինչ որ Հայ Եկեղեցին օտար հոսանքներէ պաշտպանելու համար։ Զաքարիա Պատրիարք այս ուղղութեամբ նախանձախնդիր կեցուածքով նոր շարժում կը բերէ կրթական կեանքին։ Առաջին առթիւ երբ 1768-ին Պոլիս կը հասնի, որպէս նուիրակ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, անձնապէս կը նուիրուի կրթական առաքելութեան ուսուցչի դերը ստանձնելով։ Կը նորոգուի Մայր եկեղեցւոյ կից Մայր դպրանոցը եւ կը վերակենդանացնէ երանաշնորհ Յակոբ Պատրիարք Նալեանի գործը։
Զաքարիա Պատրիարքի շրջանին իրագործուած կարեւոր զարգացումն է Պոլսոյ մէջ բացուած առաջին թաղային վարժարանը։ Սուլթան Սէլիմ Գ.ի շրջանին Շնորհք Մկրտիչ ամիրա Միրիճանեանն է, որ իր անձնական միջոցներով 1790-ին Գումգաբու, Լանկա, Ֆըչըճը փողոցին մէջ կը բանայ այս թաղային վարժարանը, որ սկզբնակէտը կ՚ըլլայ Պոլսոյ զանազան թաղերու մէջ բացուած վարժարաններու ցանցին։
ԻՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ
Զաքարիա Պատրիարք հոգեւորականի կոչումին առընթեռ օժտուած ուսուցչական շնորհքով իր կարելին ի գործ դրաւ, որպէսզի հոգեւորականներ պատրաստելու իր կամքը պտղաբերի։ Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր նուիրեալ գործունէութեան հունձքը արձանագրուած կը մնայ մեր եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ։
Թիֆլիզէն իր հետ բերած Յակոբոս Եպիսկոպոսի առընթեր ունեցած է աշակերտներ, որոնք հասած են պատասխանատու պաշտօններու։ Յովհաննէս Պատրիարք Չամաշրճեան (1757-1817) եւ Աստուածատուր Պատրիարք Պոլսեցի (1768-1846) Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գահակալներ եղած են։ Բարթուղիմէոս Արքեպս. Կապուտիկեան (1749-1809) եւ Պօղոս Արքեպս. Գարագօչեան (1751-1825) Արմաշու Չարխափան Սուրբ Աստուածածին վանքի երկու կարեւոր դէմքերն են, որոնք բացած են վանքի ուսումնական ճանապարհը։ Բարթուղիմէոս Արքեպիսկոպոսի սկսած, սակայն դժբախտ պարագաներու բերմամբ աւերուած ուսումնական կեանքը կը վերընձիւղի Պօղոս Արքեպիսկոպոսի ջանքերով։
Առաջնորդական պաշտօններ վարած աշակերտներ ալ կ՚ունենայ Զաքարիա Պատրիարք. Յակոբ Եպիսկոպոս՝ Մշոյ, Անդրէաս Արքեպս. Պոլսեցի (1758-1807)՝ Գաղատիոյ, Կարապետ Եպսկ. Ակնցի՝ Արաբկիրի, Մեսրոպ Արքեպս. Տէվլէթեան՝ Ադրիանուպոլսոյ, Թովմաս Վարդապետ՝ Եւդոկիոյ։ Պետրոս Եպսկ. Աստուածատուրեան պաշտօնավարած է որպէս Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքական փոխանորդ։ Թադէոս Վրդ. Մարուքեան, Նոր Նախիջեւանի մէջ եղած է Կաթողիկոս ընտրուած Յովսէփ Արքեպս. Արղութեանցի գլխաւոր աջակիցը։
ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ ԱՍՈՐԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
Զաքարիա Պատրիարքի շրջանին Ասորի եկեղեցւոյ պատրիարքի ընտրութեան վաւերացման կամ հրաժարական ներկայացնելու գործողութիւնը ասորւոց կամքովը կը կատարուէր հայոց պատրիարքին միջոցաւ։ Ըստ ասորւոց գաւազանագրքին՝ Ասորւոց Ուղափառաց Պատրիարքը Իգնատիոս Գէորգ Դ. 1781-ին կը վախճանի, նորընտիր Մար Իգնատհիոս Միքայէլ Գ. Եարվէ Իպն Նիմէթալլահ կը հակուի հռովմէական եկեղեցւոյ։ Ասորի երկու քահանաներ կու գան Զաքարիա Պատրիարքին, որպէսզի այս պատրիարքը փոխուի։ Զաքարիա Պատրիարք 1782-ին հռովմէական եկեղեցւոյ հակուած պատրիարքին տեղ կը նշանակէ Իգնատիոս Մատթէոս Պատրիարքը եւ այդ նշանակումը կը պաշտօնականանայ Սուլթան Ապտիւլհամիտ Ա կայսեր հրովարտակով։ Երկու ասորի քահանաներ հրովարտակով մեկնելէ առաջ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ կը մատուցանեն։
ԻՐ ԿՏԱԿԷՆ
Երանաշնորհ Զաքարիա Պատրիարք որոշ նպատակներով օգտագործուելու համար կը կտակէ նիւթական գումարներ.
5.000 մառչիլ՝ պարտքի համար բանտարկուածներու բանտէն ազատագրման,
5.000 մառչիլ՝ անտէր մեռելոց թաղման,
1.500 մառչիլ՝ տնանկ աղքատներու,
5.000 մառչիլ՝ Սուրբ Էջմիածնի վասն տարին երկու անգամ միաբաններուն հոգեճաշ սարքելու,
2.500 մառչիլ՝ վախճանեալ քահանաներու որբացած աղջիկները ամուսնացնելու,
1.500 մառչիլ՝ դպրոցներու,
3.500 մառչիլ՝ Հիւանդանոցին։
Կտակի գործադրութեան համար խնամատար (միւթէվէլլի) կը կարգէ Ճանիկ ամիրայի հայրը՝ մահտեսի Սիմէոն ամիրան։ Կտակի գործադրութեան համար տեսուչ (նազըր) կը կարգուին ամիրաներ՝ Հովուեան Չօպան, Գասպար Ազնաւուրեան, Յովհաննէս Տաքէսեան, Յովհաննէս Լիմոնճեան եւ Յակոբ Կիւլլապեան։
ՎԱԽՃԱՆՈՒՄ ԶԱՔԱՐԻԱ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ
Զաքարիա Պատրիարք Կաղզուանցի 21 փետրուար 1799, երկուշաբթի, կը սկսի տառապիլ «էլավուս» կոչուած հիւանդութեամբ։ Այն աստիճան սաստիկ կ՚ընթանայ հիւանդութիւնը, որ տասնեւինը օր շարունակ ոչ կ՚ուտէ ոչ ալ կը խմէ։ Շրջանի հանրածանօթ բժիշիկներու դարմանման ջանքերը ի թերեւ կ՚ելլեն եւ մեծանուն պատրիարքը իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ կ՚աւանդէ 11 մարտ 1799, ուրբաթ օր, խոր սուգի մատնելով ամէն աստիճանի հոգեւորականներն ու ժողովուրդը։
Ի հանգիստ հոգւոյն նորոգ վախճանեալ հովուապետին, որպէս ողորմութիւն քահանաներու ձեռքով եկեղեցիներուն կ՚ուղարկուի երեք հազար մառչիլ, որպէսզի երեք օր բաց պատարագ մատուցուի։ Իսկ Մայր եկեղեցւոյ մէջ բաց պատարագ կը մատուցուի քառասուն օր շարունակ։
Վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգը կը կատարուի յաջորդ օրը Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, որուն կը նախագահէ Սուրբ Էջմիածնի նուիրակ Դանիէլ Եպիսկոպոս Սուրմառեցի, որուն կողքին կը գտնուէին երանաշնորհ պատրիարքի աշակերտներէն Յովհաննէս Եպսկ. Չամաշըրճեան (յետագային պատրիարք Պոլսոյ) եւ Պետրոս Եպսկ. Աստուածատուրեան, Կարապետ եւ Աստուածատուր վարդապետները։ Արարողութեան կը մասնակցէին Ս. Կարապետ վանքի փոխանորդ՝ Յարութիւն Վարդապետ, Մարզուանի Առաջնորդ՝ Գէորգ Վարդապետ, Գրիգոր Վարդապետ, բազմաթիւ քահանաներ եւ յոգնախուռն բազմութիւն ժողովրդեան։
Մեծանուն պատրիարքի մարմինը ըստ իր կտակին կը փոխադրուի Գուրուչէշմէ եւ դարձեալ Դանիէլ Եպիսկոպոսի նախագահութեամբ կատարուած արարողութեամբ հողին կը յանձնուի Երեւման Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հարաւակողմի շրջափակին մէջ։ Այս մէկը կրնանք նկատել նաեւ նշան երախտագիտութեան, հանդէպ իր բարերարութեան, որով իրականացած էր եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը։
Իր դամբարանին տապանաքարի արձանագրութիւնը բարձրաղաղակ կը յայտարարէ երանաշնորհ պատրիարքի նկարագրի ցայտուն կէտերը, վարած պաշտօնները, ազգանուէր գործունէութիւնը։ Տապանաքարին վրայ կը կարդանք.
ՄԵԾ ՎԱՐԴԱՊԵՏՍ ԱՅՍ ՄԵՐ ԶԳՕՆ, ԳԵՐԱՀՌՉԱԿ ԵՒ ԶԳԱՍՏ
ԾԸՆԵԱԼ ՅԵՐԿՐԻՆ ԿԱՂԸԶՎԱՆԱՅ ՈՒԹՍՈՒՆԱՄԵԱՅ ՀԱՆԳԵԱՒ ԱՍՏ.
Ի ՓՕԳՈՒԶԵԱՆՑ ՀԱՄԵՍՏ ԶԱՐՄԷՆ ՄԱՔՐԱԾՆՈՒՆԴ ԲԱՐԵԲԱՍՏ,
ԴԵՌ ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՒԱՏՈՎՆ ԲՆԱՒՈՐԵԱԼ ՃՈԽ ԻՄԱՍՏ
ԸԶՍԵՐՏ ՀԱՒԱՏՆ ՈՒՂՂԱԴԱՒԱՆ ԵՏԵՍ Ի ՍԱ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ։
ԿՈՉԵԱՑ Ի Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԵԱՅՑ ՆՈՐ ՅԱԴԻՆ։
ԱՐԱՐ ԶՍԱ ԱՆԴ ՄԻԱԲԱՆ ՎԵՀԱՊԵՏԱՑՆ ԱՌ ՈՏԻՆ,
ԵՒ ՓԱՅԼԵՑՈՅՑ ԳԵՐԱՓԱՌՕՔ ԶԷՏ ԶԱՐՈՒՍԵԱԿ ԱՌԱՒՕՏԻՆ,
ՍՐԲՈՅ ԳԱՀՈՅՍ՝ ԺԻՐ ԳՈՐԾԱԿԱԼ ՄԻՇՏ ՈՒՐ ՈՒՐԵՔ ՅԱՋՈՂԱԿ,
ԳԵՂԵՑԿԱԴԷՄ ԱՀԱԳՆԱՁԱՅՆ՝ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՇՆՈՐՀՈՒՆԱԿ,
ԷՐ ԲԱՆԱԽՕՍ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆ ԵԿԵԱԼ ՊՈԼՍՈՅՍ ՆՈՒԻՐԱԿ,
ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻՍ ԴԱՒԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՂ ՄՏՕՔ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ։
Ի ԳՈՐԾ ԿՐԿՆԱԿ ՆՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՒՕՔ ԾԱՆԵԱՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳ
ԶԱՔԱՐԻԱ ԱՐՀԻԱՊԱՆԾՍ ԵԴԻՆ ՊՈԼՍՈՅՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ։
ՀՌՉԱԿԵՑԱՒ ՅՈՅԺ ԱԶԳԱՍԷՐ ԵՒ ԲԱՐԵԲԱԽՏ ԳԵՐԱՅԱՐԳ
ՇԻՆԵԱԼ ԶՈՄԱՆՍ ԵԿԵՂԵՑԻՍ ԵՒ ՀԻՒԱՆԴԱՑ ԵՐԿՈՒՍ ՅԱՐԿ։
ՅՈՅԺ ՃՈԽԱՑՈՅՑ ՇԱՏ ԴՊՐԱՏՈՒՆՍ ՅՈՐՍ ՀԱՍՏԱՏԵԱՑ ՎԱՐԺԱՊԵՏ.
ՀԱՍՈՅՑ ԶԵՕԹՆԵԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԵՒ ՉՈՐԵՍԻՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ,
ՋԱՆԱՅՐ ԶՈՒՍՈՒՄՆ ՃՈԽԵԼ ԱԶԳԻՍ ՆԱԽՆԻ ՍՐԲՈՑ ՅԱՐ ԱՆԳԷՏ,
ՊԱՀԵԱՑ ՀԱՆԳԻՍՏ ԶԱԶԳ ՄԵՐ ՏԱՐՈՎ ՔՍԱՆ ԵՒ ՎԵՑ ԿԵՑԵԱԼ ԴԷՏ,
ԶԷՏ Ս. ՍԱՀԱԿ ԶՓԱՅՏ ՎԸՇՏԱՑ ՀՈԳՍ ՀԱՅՈՑ ԲԱՐՁՐԵԱԼ ՅՈՒՍ,
ՅԱՄԻՆ ՊԵՏԻՍ՝ ԲՈԼՈՐ ՀԵՐՁՈՒԱԾՔ ԲԵՐԱՆԱՓԱԿ ՏԱՅԻՆ ԽՈՅՍ,
ԱԶԴՄԱՄԲ ՀՈԳՒՈՅ ԴԻՏԵԱԼ ԶԻՒՐ ՄԱՀ ԽՆԴՐԵԱՑ ԹԱՂԻԼ ՇԻՐՄԱՒՍ ԿՈՅՍ
ԱԿՆ ՈՒՆԵԼՈՎ ՍՈՒՐԲ ԱՂՕԹԻՑ՝ ՏԱՔ ՈՂՈՐՄԻՍ ՇՆՈՐՀԱԼՒՈՅՍ։
ՀԱՆԳԵԱՒ ՅԱՄԻ ՏԵԱՌՆ ՌՄԽԸ եւ ՄԱՐՏԻ ԺԱ
Երբ կը յիշենք զինքը, կ՚աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, «…Հանգո զհոգի ծառայիս քոյ եւ Պատրիարքին Պոլսոյ Զաքարիա Արքեպիսկոպոսի ի խորանս սիրողաց անուան քո։ Թող սմա, Տէր ողորմած, զյանցանս եւ զմտածութիւնս՝ որք գործովք եւ խորհրդովք. զի դու, Տէր, միայն կարող ես թողուլ զմեղս։ Շնորհեա սմա յարդար դատաւորութեան քում ընդ Պետրոսեան աթոռակցութեանցն վերապատուիլ։…»։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի. ամէն։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
26 ապրիլ 2024, Գնալը կղզի
1 Ասատուր Հրանդ, «Հարիւրամեակ մը. Կաղզուանցի Զաքարիա Պատրիարք», «Արեւելք» օրաթերթ, ԺԶ. տարի, Կ.Պոլիս, 11/23 մարտ 1899, թիւ՝ 3960, էջ՝ 1։
2 «Յուշամատեան Զաքարիա Կաղզուանցի Պատրիարքի», Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի «Շողակաթ» մատենաշար, Յուշամատեան թիւ 6, Իսթանպուլ, 1984։
3 Կաղզուանցի Պօղոս Քահանայ, «Գիրք պատմութեանց վարուց եւ դիպուածոց, իրաց եւ իրակութեանց, Տեառն Զաքարիայ Արհի Եպիսկոպոսի՝ եւ Ազգասէր կարդացեալ Պատրիարքի մեծի Պօլսոյ», ի Դիւան Հայոց Պատմութեան, Գիրք Ժ., Մանր մատենագիրք ԺԵ-ԺԹ դար, հրատարակեց՝ Գիւտ Աղանեանց Ա. Քահ., Թիֆլիզ, 1912, սիւնակ՝ 207-348։
4 Պէրպէրեան Աւետիս Վարժապետ, «Պատմութիւն հայոց, սկսեալ ի 1772 ամէ Փրկչին մինչեւ ցամն 1860 հանդերձ կարեւոր տեղեկութեամբ եւ ժամանակագրութեամբ երեւելի իրաց» Կոստանդնուպոլիս, 1871, էջ՝ 1-7։
5 Ասատուր Հրանտ, «Կոստանդնուպոլսոյ հայերը եւ իրենց պատրիարքները», Իսթանպուլ, 2011, էջ՝ 123-136։
6 Օրմանեան Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս (նախկին պատրիարք), «Ազգապատում», Բ. հատոր, Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, 1960։
7 Մառչիլը, Վրաստանի մէջ գործածուած դրամանիշ մըն է։ ԺԸ. դարուն 1 մառչիլը 12 շաուրի։ ԺԶ. դարուն 1 շաուրին շուրջ 5-6 ղրշ. կ՚արժէր։