ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
Երէկ երեկոյեան, Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ գումարուեցաւ ընդհանուր ժողով։ Հերթական համագումարին առթիւ միութեան հաւաքատեղին փութացած էին Կեդրոնականի զանազան սերունդներէ սաներ, որոնք քուէարկեցին նոր վարչութեան ձեւաւորման համար։
Համագումարի դիւանը ձեւաւորուեցաւ՝ գլխաւորութեամբ Մուրատ Ճաւաքի։ Ատենադպիրի պաշտօնը ստանձնեց Արտա Էրոլ, իսկ քուէահամարի պատասխանատուն եղաւ Արթին Միլտոն։
Կեդրոնականի ընտանիքը այս համագումարին ընդառաջ ունեցած էր ներքին խորհրդակցութիւններու շրջան մը, որու հիման վրայ առաջարկուեցաւ յառաջիկայ շրջանի վարչութեան համար կազմ մը։ Կեդրոնականցիները այս կազմին միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուին, որպէսզի յառաջիկայ շրջանին ստանձնէ միութեան ղեկը։
Նորընտիր վարչութեան գլուխը մնալ կը շարունակէ Գէորգ Սիմքէշեան, որ երկար տարիներէ ի վեր միութեան վարչութեան ատենապետի պաշտօնը կը վարէ։ Նորընտիր կազմին մէջ կը գտնուին՝ Նաթալի Պայրաքտարեան, Արիանա Սվասլըօղլու, Տայք Միսիսօղլու, Կարօտ Արծիւեան, Մասիս Թաշը, Արսէն Էօզքալայ, Առէն Տատըրօղլու, Արթին Միլտոն, Արթուն Թորոս Արծիւեան, Արման Էօզտեմիր եւ Վրէժ Շէշէթեան։
Բաց աստի, ընդհանուր ժողովը պաշտօնի կոչեց նաեւ նոր հակակշիռ մարմին մը, որուն մաս կազմեցին հետեւեալ անունները. Պօղոս Չալկըճըօղլու, Վարդավառ Ճաւաք, Մուրատ Հայրապետ Աքքայա, Առէն Սէմէրճեան, Արտա Էրոլ եւ Կարօ Պոյաճը։
Համագումարը եզրափակուեցաւ դիւանի ատենապետ Մուրատ Ճաւաքի կողմէ արտասանուած շնորհաւորութեան խօսքով, որու ընթացքին ան յաջողութեան մաղթանքներ յղեց բոլոր անոնց, որոնք յառաջիկայ շրջանին պատասխանատուութիւն պիտի ստանձնեն միութեան կանոնական մարմիններէն ներս։
Հարկ է նշել, որ ընդհանուր ժողովին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան։
Մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Կեդրոնական սանուց միութեան նորընտիր վարչութիւնը, որուն կը մաղթենք յաջողութիւններ։
Թրքահայ կեանք
- 12/03/2024
- 12/03/2024