ՄԵՆՔ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԱ՞Ծ ԵՆՔ ՄԱՅՐ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՄԵՐ ԿԱՊԵՐԸ

Մարդիկ կարծելով, թէ ժամանակի պահանջներուն հետ քայլ կը պահեն, խուժած են քաղաքներ՝ հեռանալով իրենց բնօրրաններէն եւ մանաւանդ՝ ներկայիս համարկուելով արդի արհեստագիտութեան: Այս ձեւով մենք կարծէք, թէ կորսնցուցած ենք մայր բնութեան հետ մեր կապերը, որոնք այնքա՜ն անհրաժեշտ են որպէս գունագեղ անհատներ գոյատեւելու համար: Այս բնաբանով երկու յօդուած հրապարակած է «MessyNessy» կայքը:

*

ԱՆՁՐԵՒԱՅԻՆ ԱՆՏԱՌԻ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԾԱՌԱԲՆԱԿ ՑԵՂԵՐԸ

Մինչեւ 1970 թուականը անոնք տեղեակ չէին Երկրի վրայ իրենցմէ բացի որեւէ ժողովուրդի գոյութեան մասին:

Դժուար է հաւատալ անոնց 42 մեթր բարձրութեամբ ծառերու տնակներէն այսպիսի ընդարձակ տեսարաններուն, բայց երբ կ՚ապրիս աշխարհի ամենէն քիչ ուսումնասիրուած անտառներէն մէկուն մէջ, նման բաներ կրնան պատահիլ:

Բարձրայարկ շէնքեր մեր կառուցելէն շատ առաջ Բնիկ Կորովայ ցեղը Ինտոնեզիոյ անձրեւային անտառին մէջ իր բարձրադիր ծառատուները կը կառուցէր Նիւ Կինէա մեկուսացած կղզիին մէջ:

Յիշեցէ՛ք այն ծառատունը, որ դուք կառուցած էք մանկութեան տարիներուն եւ բազմապատկեցէ՛ք անոր բարձրութիւնը յիսունով. գլխապտոյտ կ՚ունենաք:

Բայց միայն բարձրութիւնը չէ, որ ամենէն հետաքրքրական կողմն է այս իւրայատուկ կացարաններուն մէջ…

Որպէս հիմնական բեւեռ ծառայող պանեան կամ վանպոմ ծառերու վրայ կառուցուած տան անկիւններուն մէջ ամրացուած են աւելի փոքր ձողեր:

Այդ տուները կառուցուած են ոչ թէ բեռներ կրող վերելակներով, այլ՝ գործածելով ամենէն տարրական, գրեթէ նախապատմական գործիքները եւ Կորովայի մագլցող մասնագէտներու հմտութիւնները:

Ծառատուներուն մէջ յաճախ կը բնակի մինչեւ տասն անձ, ինչպէս նաեւ՝ բոլոր տեսակի ընտանի անասուններ:

Անձրեւային անտառի դաժան միջավայրին մէջ այդքան բարձր ըլլալը թոյլ կու տայ ցեղին՝ փախչիլ յաճախ անտանելի մոծակներէ, որոնք կրնան կրել այնպիսի հիւանդութիւններ, ինչպիսին է մալարիան:

Ծառատուները նաեւ կը պաշտպանեն ցեղը ջրհեղեղէն: Անոնք կը կարծեն, թէ ծառերու վրայ աւելի ապահով են չար ոգիներէն, կամ վնասակար դրացիներէ:

Ոչ բոլոր տուները հաւասար են ծառերու գագաթներուն: Ոմանք ունին 8-12 մեթր բարձրութիւն՝ որպէս սանդուխ մէկ խազերով ձողով (տեսնել ներքեւի նկարը):

Եթէ տունը չփճանայ պատահական հրդեհէն, սովորաբար կը դիմանայ մինչեւ հինգ տարի:

2011 թուականին քանի մը նկարահանողներ ուղղուեցան դէպի Ինտոնեզիոյ անտառներու ամենէն մեկուսացած հատուածը, որպէսզի վաւերագրեն Կորովայի ցեղի Լահայու գերդաստանը, որ կը կառուցէ իրենց ծառատուներէն մէկը: Նկարները սփռեց «Human Planet»ը:

Ցեղին մասին նախորդ լրատուամիջոցներու լուսաբանումը աւանդաբար կեդրոնացած էր վիճայարոյց առասպելի մը շուրջը, որ մարդակերութիւնը տակաւին կը շարունակուի Կորովայի մէջ:

2006 թուականին «Human Planet»ի պատրաստած 60 վայրկեաննոց վաւերագրական շարժապատկերին մէջ կը ներկայացուին «վերջին մարդակերները»:

Նկարահանողներուն կը մօտենայ մարդ մը, որ կը պնդէ, թէ իր վեցամեայ եղբօրորդին մեղադրած են կախարդ ըլլալու համար եւ կը պատրաստուին զոհաբերել եւ ուտել:

«Human Planet» մերժած է միջամտել, բայց տղամարդը մօտեցած «Today Tonight»ի մրցակից ցանցին, եւ պատկերասփիւռային խումբի անդամները ղրկուեցան միջամտելու, սակայն Ինտոնեզիոյ իշխանութիւնները մուտքի արտօնագիրի կապուած հարցով զանոնք վռնտեցին երկրէն՝ նախքան ցեղին կամ տղուն հասնիլը:

Ի վերջոյ, վաւերագրական ժապաւէնին վերջին տեսարանը ցնցիչ պատմութիւն մըն էր, որ յուզեց արեւմտեան հանրութիւնը, որ այդպիսի «պարզունակ» նիւթեր կը փնտռէր:

Իրականութեան մէջ մարդաբանները կը պնդեն, որ մարդակերութիւնը դադրած է աւելի քան 20 տարի առաջ:

Վերջին զեկոյցները ցոյց կու տան, որ որոշ ցեղախումբեր ստիպուած են խրախուսել զբօսաշրջութիւնը խթանելու առասպելը եւ բաւարարել հետաքրքրութիւնը լրագրողներու, կամ շարժապատկերի գործիչներու եւ միամիտ արկածախնդիրներու, որոնք կը ձգտին մօտէն հաղորդակցելու նախնիներու անցեալին:

Այս եւ պատկերասփիւռային ցանցերու միջեւ պայքարը, հաւանաբար, միակ ճշմարտութիւնն է, որ կանգնած է մարդակերութեան վտանգի տակ գտնուող տղուն պատմութեան ետին:

«Պի.Պի.Սի.»ի պատրաստած վաւերագրական շարժապատկերին մէջ պարզ կը դառնայ, որ Կորովայի բնիկները ջերմ եւ օգտակար մարդիկ են:

Կ՚ենթադրուի, թէ Կորովայի ցեղի միայն 3-4 հազար անդամ մնացած է, եւ վերջին տասնամեակին շատեր սկսած են լքել իրենց մեկուսացուած կղզիի տունը եւ փոխադրուած են մօտակայ գիւղեր կամ համարձակած են դուրս գալ՝ բացայայտելու աւելի լայն աշխարհը:

Ոմանք կ՚ըսեն, թէ միայն մէկ սերունդ մնացած է այս կորսուած ծառատուն ցեղէն, որմէ մենք դեռ այնքան բան ունինք սորվելու:

ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԱՌԱՍՊԵԼԱԿԱՆ ԲՆԻԿՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՀՊԱՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ԱՆՁՐԵՒԱՅԻՆ ԱՆՏԱՌՆԵՐԸ

Բարձր ծառերով կախարդուած անտառի մէջ եւ շուրջը վայրի թռչուններու կանչը ունկնդրելով՝ քարէ աչքերը կը նային հողին:

Բնութեան մէջ ժայռերու եւ ծառերու բուներու միաձուլուած՝ ամէն կողմ կը գտնուին բնիկ ժողովուրդին պատկանող խորհրդաւոր քանդակներ, արձաններ, որոնք յաւերժ կը պահպանեն եւ կը պաշտպանեն իրենց հայրենի դրախտը:

Մենք կը գտնուինք Վիքթորիայի Տանտենոնկ լեռնաշղթային վրայ՝ Աւստրալիոյ Մելպուռնէն դուրս:

Արահետէն այն կողմ, փարթամ բացատի մը մէջ կը գտնուի սրբավայրը Ուիլիըմ Ռիքեթի, որուն աւելի քան հարիւր կաւէ քանդակները քօղարկուած կը մնան անձրեւային անտառին մէջ:

Հեքիաթային ուրուականներու նման՝ տղամարդոց, կիներու եւ երեխաներու դէմքերը կը յայտնուին ժայռերու վրայ նստած կամ ծառէն կը դիտեն, երբ մենք կ՚իջնենք արահետներով, որոնք կը տանին դէպի մամուռներով պատուած փոքր քարայրներ:

Ռիքեթ ընդհանրապէս փորձառու կամ հմուտ, բարձրակարգ խեցեգործ մը չէր, բայց ընտրեց արուեստն ու քանդակը՝ արտայայտելու իր յարգանքը բնիկ ժողովուրդին նկատմամբ: Ան բազմաթիւ տարիներ տրամադրեց անոնց մշակոյթը ուսումնասիրելու եւ սորվելու:

Թէեւ ան բնիկ չէր, բայց ինքզինք որդեգրուած նկատած էր Աւստրալիոյ սկզբնական բնակիչներու կողմէ:

1950-ականներուն ան գնաց ապրելու պիտճանտյաճարա եւ արրերնտէ ցեղերու հետ, Աւստրալիոյ կեդրոնական շրջանին մէջ, ուսումնասիրելով եւ բացայայտելով անոնց ապրելակերպը:

Ուիլիըմ իր քանի մը քանդակներուն մէջ ինքզինք կը պատկերէ անձրեւային անտառի իր եթերային բնիկ պաշտպաններու կողքին:

Ուիլիըմ Ռիքեթ բնակած եւ աշխատած է այս վայրին՝ Վիքթորիայի մէջ, 1930-ական թուականներէն մինչեւ իր մահը՝ 1993, ստեղծելով իր քանդակները հսկայ վառարանէն փոքր խրճիթի մը մէջ, որ այսօր ալ կանգուն է սրբավայրին մէջ, ուր կը գտնուի իր վերջին անաւարտ գործերէն մէկը՝ ընդմիշտ սպասելով թուփերու անտառին մէջ միանալու իր ցեղակիցներուն:

Իմ ճամբորդութեանս ընթացքին հետախոյզն ու նկարիչը ձգած են ստեղծագործական հետքեր ամբողջ Աւստրալիոյ մէջ՝ կա՛մ որպէս նուէր, կա՛մ պատուէրով:

Բազմաթիւ քանդակներ այժմ բարբարոսութեան ենթարկուած են, կամ՝ ոչնչացուած: Մնացած են միայն լուսանկարչական արձանագրութիւնները, որոնք կը պահուին Աւստրալիոյ գրադարաններու արխիւներուն մէջ:

Վիքթորիայի մէջ գտնուող սրբավայրը նոյնիսկ պահ մը վնասուած էր հրդեհէն, թէեւ հրաշքով վնասը այնքան ալ մեծ չէր, եւ ժամանակի ընթացքին քանդակներու պարտէզը, որ գնած էր նահանգի կառավարութիւնը 1960-ականներուն, կրկին բացուեցաւ հանրութեան համար:

Ռիքեթ իր կենդանութեան օրով երբեք հարուստ մարդ չդարձաւ իր քանդակներէն, բայց դուրսէն եկած այս նկարիչը կարեւոր դեր խաղաց բնիկ ժողովուրդը եւ անոնց հայրենի հողը քանդումներու դէմ պաշտպանելու գործին մէջ:

Անձրեւային անտառէն նայող անոր առեղծուածային արուեստի գործերը ցնցող յիշեցում են յատուկ յարաբերութիւններու մասին, որ բնիկները ունին մայր բնութեան հետ, որ մենք, հաւանաբար, կարծես թէ կորսնցուցած ենք:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2024