ՀԱՅՐԻԿՆ ՈՒ ՄԵՐ ՕՐԵՐԸ
Հայրիկ շատ կարեւոր կը նկատէ զաւակներու դաստիարակութիւնը եւ որպէսզի յստակ ըլլայ, թէ դաստիարակել ըսելով ի՞նչ նկատի ունի, իր զաւակներուն կ՚ուղղէ հետեւեալ խօսքը. «այնպէս օրհնեցէք, որ նոքա երկնից իմաստութիւնը ճանչնան ու բարձր համարին, աշխարհիս, շնչաւոր իմաստութեան վերայ չի պարծենան: Օրհնեցէք, որ նոքա հայրենատուր սուրբ կրօն, հաւատք սուրբ հարց աւանդութիւնն՝ անարատ ու անեղծ պահեն, Հայաստանեայց Եկեղեցին սիրեն. Թադէոսի եւ Լուսաւորիչ Հօր հօտէն ու փարախէն չի բաժնուին: Օրհնեցէք, որ նոքա Աւետարանը գրկեն եւ սորվին նորա սիրոյ դասերը. եղբայր սիրեն, ընկեր սիրեն, մարդասէր լինին. Օրհնեցէք, որ ազգ սիրեն, հայրենիք սիրեն եւ նորա հին անշքացեալ փառք ու յիշատակը չի մոռնան: Նորա կիսակործան տաճարները յիշեն, օրհնեցէք, դաստիարակեցէք, որ նոքա ուսումն սիրեն, գիտութիւն սիրեն, դպրոց սիրեն, գիրք սիրեն, յառաջդիմութիւն պատուեն: Օրհնեցէք եւ ուսուցէք. Եթէ քաղաքացի են՝ նոր աշխարհի այլ եւ այլ արհեստները սորվին, անխարդախ լինին վաճառելոյ եւ գնելոյ մէջ: Իսկ եթէ շինական են, հող սիրեն, մաճ սիրեն, եւ աշխատութիւն սիրեն. Ափ մը հայրենի նուիրական ու սեպական հողերէն ձեռքէ չի հանեն: Ի Վերջոյ օրհնեցէք, որ նոքա ամուսնասէր լինին, տնաշէն եւ տնտես լինին, բարի եւ ազնուական ընտանիք կազմեն, որով միայն հնար է որ ազգային կեանքը բարւոքի, բարձրանայ իւր համբաւ եւ փառք»:
Հայրիկի խօսքերը կրնայ շատերու համար երկար թուիլ, սակայն խորհուրդ կու տանք մի քանի անգամ կարդալ, որովհետեւ վերոյիշեալ խրատներու գործադրութիւն ո՛չ միայն մարդկային, այլ նաեւ ազգային գետնի վրայ մեծ հարստութիւն մըն է մեր ազգին համար: Ծնողք մը եթէ վերոյիշեալները կատարեալ ձեւով յաջողի իր զաւակին փոխանցել, ապա կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր ազգին կը սպասէ փայլուն ու յաղթական ապագայ մը, որովհետեւ ընտանիքներու զաւակները ի մի գալով կը կազմեն ամբողջութիւն մը: Նման դաստիարակութիւն ստացած զաւակ մը չի կրնար չարանալ. նման զաւակ մը չի՛ կրնար անտարբեր մնալ հայրենիքին մէջ տեղի ունեցած չարիքներուն հանդէպ: Ցաւ ի սիրտ, այսօր մեր մէջէն ակնյայտ ձեւով կը պակսին նման դաստիարակութեան ու խառնուածքի տէր մարդիկ. աշխարհիկն ու նիւթականը աւելի կարեւորութիւն կը ստանան՝ քան մարդկայինն ու ազգայինը:
Հայրիկի խօսքերը փոխադրենք մեր օրերուն. այսօր Հայաստան կը գտնուի վտանգուած վիճակի մէջ, սակայն ունինք մեծամասնութիւն մը, որ ընդհանրապէս անտարբեր է հայրենիքի դիմագրաւած հարցերուն դիմաց. անցնող մի քանի տարիներու ընթացքին, ունեցանք բազմահազար գաղթականներ, հազարաւոր նահատակներ ու զոհեր, սակայն այդ բոլորը շատերու համար մնաց քաղաքական անիմաստ զարգացումներու մէկ մասը պարզապէս։ Ամբողջովին կը հաւատանք, որ մեր պարտութեանց հիմնական պատճառը Հայրիկի յորդորած դաստիարակութեամբ նոր սերունդներ չմեծցնելն է. միայն նման սերունդ մը կրնայ աշխարհիկն ու ժամանակաւորը մոռցած ամբողջութեամբ նուիրուիլ հայրենիքին՝ նոյնիսկ իր կեանքի գնով: Պէտք չէ մեղադրել անտարբերութեան մէջ ապրող մեր երիտասարդութիւնը. պէտք է մեղադրել անոնց ծնողները, որոնք չե՛ն կրցած անոնց մէջ վառ պահել հայրենասիրութեան ոգին եւ անոնք անձնատուր եղած են աշխարհիկ ու ժամանակաւոր հաճոյքներու: Այս է պատճառը, որ ամուսնութեան մենք կը նայինք տարբեր աչքով. ամուսնութիւնը երկու անհատներու միացումը չէ մեզի համար, այլ ապագայի կերտումն է եւ կարծուածին չափ դիւրին չէ նման օրինակելի սերունդ մը ստեղծելը: Այդ է որ մեր համոզումով ամուսնութիւնը կը պահանջէ ժամանակ, լուրջ խորհրդածութիւն ու ամփոփում, որովհետեւ ամուսնութեան նպատակը պարզապէս կենակցիլը չէ, որովհետեւ մերօրեայ նորաստեղծ ընտանիքը պիտի ըլլայ սիւնը մեր ապագայ հայրենիքին:
Հայրիկի նշած դաստիարակութեան պակասէն է, որ մեծ ծնունդ կ՚առնեն դաւաճաններ, հողատուներ ու ազգակործան հայեր: Ցաւ ի սիրտ, Հայրիկի այս աշխատութիւնը օտար լեզուներու թարգմանուելով համաշխարհային գրականութեան կարեւոր մէկ գոհարը չէ դարձած, սակայն մեր կարծիքով, իւրաքանչիւր նորաստեղծ ընտանիք, նախքան պսակուիլը, պարտի կարդալ Հայրիկի այս աշխատութիւնը, լաւապէս հասկնալու համար, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ամուսնութիւն, ի՞նչ կը նշանակէ զաւակ ու դաստիարակութիւն. այսօր հազիւ մատի վրայ կարելի ըլլայ հաշուել ընտանիքներ՝ որոնք ունին Հայրիկի նկարագրած ընտանիքի պատկերը. ո՞վ պիտի չուզէր, որ մերօրեայ դժուարութեանց մէջ ապրէր Հայրիկ, տեսնէր իր զաւակներուն ոչ յուսադրող վիճակը, որոնք հեռու են «Դրախտի ընտանիք»ին անդամ դառնալու չափանիշներէն: Թող ապրէր Հայրիկ ու տեսնէր, թէ ինչպէ՛ս իր զաւակները Հայաստանեայց Եկեղեցին մոռնալով կը հետեւին բազմաթիւ աղանդաւորական շարժումներու. թող ապրէր ու տեսնէր, թէ ինչպէ՛ս մեծամասնութիւն մը անտարբեր հայրենիքի կորուստը կը դիտէ՝ հանդիսատեսի մը պէս. թող ապրէր Հայրիկ ու տեսնէր, թէ ինչպէ՛ս հայեր իրենց հայրենի հողը անորոշութեան մէջ ձգելով կը գաղթեն դէպի Եւրոպա եւ այլուր՝ իրենց հանդիսատեսի պաշտօնը հեռուէն կատարելու համար:
Հին ժամանակ որպէս Դրախտ կը դիտուէր Հայաստան աշխարհը, սակայն այսօր կը տեսնենք, թէ Դժոխքէ մը տարբերութիւն չունի:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Անցեալին մարդիկ ակռայի ցաւի պատճառով կը մահանայի՞ն:
Պատասխան. Այո, պատմութիւնը կը վկայէ, որ շատեր մահացած են ակռայի ցաւի պատճառով. հին ժամանակ վարակները շատ աւելի տարածուած էին եւ ատամնաբուժական պայմաններն ու բժշկական գիտելիքները շատ աւելի սահմանափակ էին. առանց պատշաճ ատամնաբուժական խնամքի հասանելիութեան վարակները տարածուելով ակռաներէն կը հասնէին մինչեւ մարդու արեան մէջ, լուրջ վտանգներ սպառնալով: Բացի վարակներէ, ակռաներու ցաւերը զգալի ցաւ եւ անհանգստութիւն կը յառաջացնեն, ինչ որ կը տկարացնէ մարդու առողջական վիճակը եւ աւելի դիւրաւ կ՚ընդունի այլ հիւանդութիւններ: Ներկայ ատամնաբուժութիւնը զգալիօրէն նուազեցուցած է ակռայի ցաւի պատճառով մահացողներու թիւը, սակայն ատամնաբուժութիւնը կը շարունակէ անհասանելի մնալ աշխարհի շատ մը անկիւններու մէջ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ, որ աշխարհի վրայ շարունակուի բերանի խոռոչի առողջութեան հետ կապուած խնդիրներու գոյութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024