ԿԻՆ, ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
Հայրիկ ընդհանուր ձեւով խօսելով այր եւ կնոջ, զաւակներուն եւ տաներէց քահանային պարտաւորութիւններուն մասին, այժմ կու գայ աւելի մանրամասն խօսելու իւրաքանչիւրին իրաւունքներուն ու սահմաններուն մասին եւ հետեւաբար իր 17-րդ գլուխը կը կոչէ «Ընտանեկան պատկառանք եւ ազատութիւն». Հայրիկ պատկառանքն ու ազատութիւնը մարդուն տրուած «օժիտներ» կը նկատէ:
Ժամանակը մի՛շտ կը փոխէ համոզումներն ու սովորութիւնները, այդ իսկ պատճառով Հայրիկ լաւապէս կը գիտակցի, թէ իր ժամանակաշրջանին ժողովուրդէն կարելի չէ ակնկալել այն՝ ինչ կ՚ակնկալէին տասնամեակներ առաջ. օրինակի համար, շատ առաջ որպէս պատկառանք կինը իր գլուխը կը ծածկէր քօղով. ժամանակները փոխուելով կը փոխուին նաեւ ըմբռնումներ եւ Հայրիկ այդ մէկը գնահատելի կը գտնէ, որովհետեւ ան դէմ է ամէն տեսակ ծայրայեղութեանց. դէմ է, որ մարդ ապրի խիստ կաշկանդումով, սակայն միաժամանակ դէմ է, որ մարդ ապրի սանձարձակ ազատութեամբ: Օրինակ, շատերու համար ծայրայեղ ազատութիւն կը նկատուէր կիներու ազատ խօսիլը, պարելը եւ ծիծաղիլը, սակայն ժամանակը պիտի գար փոխելու այդ մէկը եւ միջին մը ստեղծելու. Հայրիկ կը հաստատէ, որ աշխարհի ամենէն դժուար բանը միջինն է. «Ափսոս, որ այս աշխարհիս մէջ միջին եւ ուղիղ ճանապարհով քալել դժուարագոյն է», կ՚ըսէ Հայրիկ. մարդիկ միշտ մէկ ծայրայեղութենէն միւս ծայրայեղութիւն կ՚անցնին եւ կ՚ապրին ամբողջութեամբ իրար հակառակ կեանք մը. «խիստ սակաւ մարդիկ կը յաջողին որ համեստ ընտանեկան կեանքի ուղղութիւնը պահելով չխոտորիլ»:
Հայրիկ կ՚ընդունի, որ ամօթի զգացումն ու պատկառանքը իւրաքանչիւր ընտանիքի վայելուչ զարդն ու պատիւն է եւ այն ընտանիքը, որ ունի այդ զարդերը, պատկառելի կը հանդիսանայ թէ՛ աշխարհի եւ թէ՛ երկինքի մէջ: Ընտանեկան պատկառանք ըսելով Հայրիկ կը հասկնայ ընտանեկան կեանքէն ներս եղող փոխադարձ յարգանքը, մանաւանդ մեծերուն հանդէպ. պէտք է յստակ ըլլայ, որ պատկառանքն ու յարգանքը միայն փոքրերուն համար չէ. մեծերը եւս պարտաւոր են զգուշաւոր պատկառանք ունենալ փոքրերուն նկատմամբ, որովհետեւ եթէ մեծը պատկառանք չունենայ, ապա փոքրէն պատկառանք ունենալ սպասելը անիմաստ է: Այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս Հայրիկի ժամանակ, կը տեսնենք, թէ փոքրեր տեսնելով մեծերու սխալները կը բարձրաձայնեն. օրինակի համար, մեծահասակը կը յանդիմանէ փոքրը, սակայն փոքրը լաւապէս կը գիտակցի, որ նոյն այդ սխալը մեծահասակը ի՛նք կ՚ընէ, այդ իսկ պատճառով Հայրիկ կը յորդորէ, որ կեանքի օրինակով մեծեր դաստիարակեն մանուկները եւ հետեւաբար եթէ կ՚ուզեն յարգանք ստանալ՝ պէտք է յարգեն, որովհետեւ գործը խօսքէն շա՛տ աւելի խօսուն է մանուկ-երեխային համար:
Կարծես Հայրիկ իր այս խօսքերով մեր ներկայ ընտանեկան կեանքը բացատրած ըլլայ. «տղայոց ներկայութիւնը բանի տեղ չի դնելով՝ անզգոյշ կը շարժին, անպատկառ կը խօսին, ծուռ կը քալեն, եւ զարմանալին այն է, որ մերթ եւս կը զայրանան իսկ, եթէ փոքրերը իրենց նման շարժեն ու քալեն»։ Անոնք անմիջապէս կ՚ընդօրինակեն այդ արարքները՝ նոյնիսկ եթէ անոնք յոռի ու չար ըլլան, որովհետեւ անոնք մանուկ ըլլալով կը հաւատան, թէ ինչ որ մեծերը գործեն՝ բարի ու անվնաս է:
Հին քաղաքակրթութիւնը կինը կ՚ուզէր տեսնել իբր խուլ եւ համր էակ, այդ իսկ պատճառով ազատութիւնը աւելի տղամարդուն յատուկ շնորհք մը կը նկատուէր (շատ մը տեղեր մինչեւ օրս այդպէս է)։ Հայրիկ կ՚ապրէր այն ժամանակաշրջանին մէջ, ուր կինը նոր կամաց կամաց կը սկսէր խօսիլ, ուր կնոջ նոր առիթ կը տրուէր դաստիարակուիլ եւ ուսում ստանալ. այդ ժամանակահատուածին էր, որ կիները սկսան խօսիլ, ձայն բարձրացնել, իրաւունք պահանջել եւ հաւասարութեան պայքարին սկիզբ դնել. այդ ազատութեան ձգտումը Հայրիկ կը պաշտպանէ հետեւեալ տողերով. «Կին եթէ իւր ամուսնոյն ազատ ու ճշմարիտ կենակիցն է, արժան է որ նա աշխարհի կեանքը ճանչնայ, մարդկային ընդհանուր ընկերութեան հետ մտերմանայ, խորհիլ գիտնայ, մտածել սորվի, փոքր ի շատէ վերահասու լինի այն ամէն իրանց, ինչ որ մտաւոր ու բանաւոր մարդոյն բնական եւ ազատ իրաւունք կը պահանջեն»:
Այս փոփոխութիւնը շատ մը շրջանակներու մէջ անընդունելի էր. Հայրիկի բառերով շատեր այս ձեւով կը մտածէին. «Վա՜յ մեզ, ի՞նչ ժամանակի հասանք, ամօթ եւ պատկառանք աշխարհէս վերջացաւ, կին ընտանեկան լռարանէն դուրս ելաւ, կին լեզուն բացաւ ճարտասան դարձաւ. Կին քօղն ու լաջակ ձգեց, քօղին տեղը հիւսկէն վարդածաղիկ խոյր դրաւ. Կին հրապարակ ելաւ, ընկերութեան մէջ մտաւ, կին հաւասար մեզ հետ պատիւ ստացաւ. նա համարձակ կը խօսի, համարձակ կը վիճի, կը դատի եւ կը պատասխանէ». այս փոփոխութիւնները տեսնելով, մարդիկ կը մտածէին, որ կրնայ ըլլալ հասնի օր, ուր կինը եւս քուէ տալու իրաւունք ստանայ (իրականացած կը տեսնենք այդ գուշակութիւնը). շատեր կը հաւատային, որ եթէ աշխարհը հասնի այդտեղ՝ աշխարհիս կարգն ու օրէնքները կը խանգարուին եւ աւելի քան եօթ հազար տարուան պահպանողական շէնքը կը քանդուի: Հայրիկ իր կարծիքը չի յայտներ այս բոլորին մասին, սակայն դարձեալ կը շեշտէ դաստիարակութեան կարեւորութիւնը՝ թէ՛ տղայոց եւ թէ կիներուն համար, հաւատալով, որ ճիշդ դաստիարակութեամբ կարելի է կարգի մէջ պահել ամէն բան: Հայրիկ համաձայն էր, որ կինը քօղը վերցնէ իր գլուխէն, սակայն պայմանով՝ որ այդ քօղին փոխարէն ուսում ու գիտութիւն դնէ, որովհետեւ քօղով շրջիլը ծայրայեղութիւն, իսկ առանց գիտութեան եւ առանց քօղի շրջիլը այլ ծայրայեղութիւն կը նկատէ Հայրիկ, հետեւաբար անոր միջինը դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնն է միայն:
Հայրիկի այս աշխատութեան մէջ կը տեսնենք, թէ ամենէն շատ ուսման վրայ շեշտ կը դնէ Հայրիկ։ Հայրիկ իր խօսքը կ՚ուղղէր գաւառի ժողովուրդին, ուր ուսումը այնքան կարեւորութիւն չունէր եւ Հայրիկ կը փորձէր համոզել, որ յառաջդիմելու, աւելի բարենպաստ կեանք մը ապրելու եւ մարդ դառնալու միակ ու ճշմարիտ ճամբան ուսումն է, այդ իսկ պատճառով շատ կը շեշտէ ուսման կարեւորութիւնը եւ կը յորդորէ ծնողները, որպէսզի իրենց զաւակներուն ուսումը սիրել սորվեցնեն, որովհետեւ Հայրիկ կ՚ուզէր իր ժողովուրդը հաւասար տեսնել այլ քաղաքակիրթ ժողովուրդներու կողքին, որոնք արդէն լաւապէս կը գիտակցէին ուսման կարեւորութիւնը: Հետեւաբար ընտանիքը կանգուն պահելու միակ ճամբան եւս կրթութիւնն էր՝ մանաւանդ կնոջ կրթութիւնը, որովհետեւ «կնոջ ծայրայեղ անդաստիարակ ազատութիւնը դէպի խաւար կը տանի զինքն եւ երբ կնոջ ոտքը գթի ու սահի՝ ողջ ընտանեկան կեանքը իւր հետ կը կործանէ», կ՚ըսէ Հայրիկ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ համար տղամարդը աւելի ազատ կը թուի ըլլալ՝ քան կինը:
Պատասխան. Տղամարդոց աւելի ազատ ըլլալու կարծիքը խորապէս արմատաւորուած է հասարակական եւ պատմական համոզումներու վրայ եւ ո՛չ ճշմարտութեան: Պատմութեան ընթացքին նահապետական կարգերը տղամարդոց շատ աւելի ինքնավարութեան իրաւունք եւ արտօնութիւններ տուած է՝ միաժամանակ սահմանափակելով ընկերային կեանքէն ներս կնոջ ունեցած դերը: Անոնք սահմանափակած են կնոջ կրթութեան հասանելիութիւնը, աշխատանքի հնարաւորութիւնները եւ որոշում կայացնելու իրաւունքը եւ սահմանափակած են անոր ազատութիւնը: Շատ մը մշակոյթներու մէջ եղած է այն կարծրատիպը, որ տղամարդիկ աւելի ինքնավստահ են, անկախ եւ արկածախնդիր են՝ քան կանայք: Այդ բոլորը երկար ժամանակ եղած եմ մարտահրաւէր սեռերու միջեւ հաւասարութիւն ստեղծելու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան