ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻ՛ՒՆ

Ճշմարտութիւնը կայունութիւն է, ամրութիւն, յստակութիւն եւ բացարձակութի՛ւն։ Եւ ճշմարտութիւնը իր այս հանգամանքներով վստահութեան ամուր պատսպարա՛նն է։ Ճշմարտութիւնը՝ անվիճելի իրականութիւնն է։

Արդարեւ, ճշմարտութիւնը ի՞նչ է, հարցումը պէտք է ճշդուի, ճշմարտութիւնը ո՞վ է, կերպով, քանի որ ճշմարտութիւնը կեա՛նք է եւ ապրելակերպ։ Եւ պատասխանը յստակ է. ճշմարտութիւնը Աստուած Ի՛նքն է՝ Յիսուս Քրիստոս։ Այս իմաստով, մարդը կոչուած է փնտռելու ճշմարտութիւնը՝ Աստուած Յիսուս Քրիստոսը։

Աստուծոյ լոյսով եւ իմաստութեամբ կարելի է հասնիլ ճշմարտութեան։

Սուտը եւ ընդհանրապէս մեղքը ծածկելու համար խաւարը յարմար միջավայրն է մարդուն համար։ Եւ խաւարին մէջ կը ծածկուի նաեւ ճշմարտութիւնը, ճշմարիտը։

Մարդուն բնութիւնը մեղանչել է. իսկ Աստուծոյ բնութիւնը՝ ներե՛լ։ Մարդ, մանաւանդ խաւարի մէջ կը սայթաքի, Աստուած՝ Լոյսը կը կանգնեցնէ զայն։ Ուստի, մեղքը եւ խաւարը երբեք արգելք չէ՛ Աստուծոյ՝ Լոյսին մօտենալու։ Աստուած մի՛շտ պատրաստ է կորսուածը փնտռելու եւ գտնելու։ Ան երբեք չի լքեր Իր արարածը՝ մարդը, քանի որ Ան միշտ հաւատարիմ է իր խոստումին։ Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ ներողամտութիւնը անսահման է, այն չափով որ մարդ ապաշխարի եւ զղջում յայտնէ անկեղծ ոգիով։ Աստուած կը ներէ ան՝ որ անկեղծօրէն ներողութիւն կը խնդրէ։

Մարդ բնութեամբ մեղանչական է, քանի որ ան թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունի։ Բայց զղջումով եւ ապաշխարութեամբ կրնայ փրկուիլ եւ սրբուիլ մեղքերէն։ Բայց մարդ ինքն իր մէջ ունի արգելք մը՝ թշնամի մը, որ կը ծառանայ, կը ցցուի որպէսզի չզղջայ, յամառի մեղքի մէջ. ա՛յն է մարդուն «ԵՍ»ը՝ ամէն չարութեան դրդիչը եւ գրգռողը։ «Ես անսխալ եմ, ես արդար եւ իրաւացի եմ, ես չեմ զիջիր, ես չեմ նահանջեր…», կ՚ըսէ «ԵՍ»ը։ Արգելակ մըն է «ԵՍ»ը մարդու մէջ, որ ընդհանրապէս կը խափանէ, կը կասեցնէ բարիի ձգտումը։ «ԵՍ»ը ինքնահաւան է եւ յաւակնոտ եւ ներողամտութիւնը հակառա՛կ է անոր։ Մարդ գերի՛ն է իր իսկ «ԵՍ»ին…

«Մարդ ըլլալ» տարօրինակ խօսք մըն է. մարդ ծնած պահուն իսկ արդէն «մա՛րդ» է, այլապէս «մարդ ըլլալ» անիմաստ է։ «Մարդ ըլլալ» անիմաստ է, քանի որ մարդ արդէն «մա՛րդ» է։ Մարդ առաջուց մա՛րդ է։

Մարդ ինքնութիւն մը ունի, մարդ «ԵՍ» մը ունի, բայց մարդ ընկերային էակ մըն է եւ որքան իր «ԵՍ»ը, նոյնքան կարեւոր է «ուրիշ»ին «ԵՍ»ը։ Եւ մարդ առանց «ուրիշ»ի մը գոյութեան չի կրնար իր գոյութիւնը պահպանել եւ գոյատեւել։

Ինքնակեդրոն մարդը իր «ԵՍ»էն զատ «ԵՍ» չ՚ընդունիր։ Մինչդեռ ամէն «ԵՍ» արժէք ունի եւ կարեւոր է։ Համակրական հասկացողութեամբ (empathy), այսինքն ուրիշներու զգացումներուն անդրադառնալ եւ հասկնալ, անոնց զգացածը զգալ «ԵՍ»ին չափ եւ կշիռ կու տայ։ «ԵՍ»ը կը համակարգէ։

Մարդ ինքզինք ճանչնալու՝ իր «ԵՍ»ին հետ դէմ յանդիման գալու համար ուրիշներու «հայելի»ին կը կարօտի։ Այս պատճառով, մարդ կախում ունի իր նմաններէն։ Արդարեւ, մարդ իրերօգնութեան կոչումը ունի. մարդ իրարու համար, իրարու հետ կ՚ապրի։ Եւ այս բոլորին համար պէ՛տք է «ԵՍ»էն զիջողութիւն ընել, զոհել եւ զոհուիլ։

Մէկու մը եթէ հարցուի. «Ի՞նչ է, ո՞վ է «ԵՍ»ը, հաւանաբար պիտի պատասխանէ ան. «Ես ե՛մ»։ Ամէն մարդ «Ես եմ» կրնայ ըսել։ Բայց ամէն մարդ «Ինք»ն է, ամէն մարդ իր «ԵՍ»ը ունի։ Երբ մարդ անդրադառնայ եւ ընդունի, թէ ամէն ոք ունի իր «ԵՍ»ը, այն ատեն ընկերային եւ անհատական փոխյարաբերութիւններու մէջ հարցեր կը լուծուին եւ մարդիկ աւելի՛ երջանիկ կ՚ըլլան։ Երանի՜ մարդիկ կարենային իրենց «ԵՍ»ը հաւասարակշռել եւ անդրադառնան, թէ աշխարհի վրայ միայն իրենց «ԵՍ»ը չկայ եւ կան նաեւ ուրիշ «ԵՍ»եր՝ իրենց «ԵՍ»ին չափ արժէքաւոր, կարեւոր եւ յարգարժա՛ն։

Մարդ էակը իր ծնած պահէն իսկ եւ ամբողջ կեանքի ընթացքին «ՄԵՆՔ»ին մաս կը կազմէ։

Համայն մարդկութիւնը անհատներու միութիւնը, ամբողջութիւնն է՝ «ԵՍ»երու լրումը, լմանութիւնը, որ կ՚արտայայտուի «ՄԵՆՔ»ով։ Արդարեւ, ընտանիքը՝ ամբողջ ընկերութեան հիմն է։ Եւ երբ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ փոխանակ «ԵՍ»ի՝ «ՄԵՆՔ»ով խօսքի կը սկսի, այդ ընտանիքը հաստատ հիմերու վրայ հաստատուած է եւ անկարելի է զայն քայքայել, կազմալուծել։ Եւ երբ ընտանիքը հաստատուն է՝ ընկերութիւնն ալ հաստատուն կը մնայ եւ երբ ընկերութիւն մը հաստատուն է, մարդկութեան ապագան ապահովութեան տակ կը գտնուի։ Զգացումները միասին ապրիլ՝ միասին ուրախանալ, միասին տխրիլ, հասարակաց զգացում մը ստեղծել… ա՛յս է երջանկութեան գաղտնիքը, քանի որ հաւաքականութեան մէջ երբ մէկ հոգի իսկ երջանիկ չէ, ո՛չ ոք երջանիկ է եւ թէ ա՛յդպէս պէտք է ըլլայ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2024