ՄԵՆՔ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ
Եւրոպայի եւ այլ զարգացած երկիրներու հանդէպ մարդոց հետաքրքրութիւնը վերջին տարիներուն յատուկ երեւոյթ մը չէ. մեր թուականէն աւելի քան 150 տարիներ առաջ եւս մարդիկ նախանձով կը նայէին Եւրոպային եւ կը փորձէին կրկնօրինակել. սակայն Հայրիկ այդ մէկը վտանգաւոր կը նկատէր, որովհետեւ մարդիկ կը փորձէին արտաքնապէս նմանիլ եւրոպացիներուն, սակայն մտապէս կը շարունակէին մնալ նոյնը, հետեւաբար Հայրիկ իր ժողովուրդին կը փորձէ համոզել, որ արտաքնապէս փոխուիլ ու ներքնապէս նոյնը մնալը վնասէ բացի ուրիշ բան մը չի կրնար բերել իր հետ, հետեւաբար արտաքին փոփոխութեանց հետ միասին անհրաժեշտ է նաեւ կրթութիւնը՝ կարենալ քայլ պահելու համար աշխարհի ժամանակակից քաղաքակրթութեան հետ. «յայնժամ միայն կարող են իսկապէս նմանիլ Եւրոպիոյ կրթեալ եւ ժրագլուխ» ժողովուրդին կ՚ըսէ Հայրիկ:
Հայրիկ կրթութիւնը կարեւոր կը նկատէր, որովհետեւ անոնց անոր հայը կրնար մոռնալ իր սեփականն ու ազգայինը. աշխարհի ամենէն դիւրին բանն է անուս մէկը շեղեցնել, որովհետեւ ան չունի գիտութիւնն ու մանաւանդ գիտակցութիւնը իր պատկանելիութեան եւ հետեւաբար օտար քամիներ զինք շատ դիւրաւ կրնան կլանել. առանց կրթութեան կեղծ յառաջդիմութիւնը լոկ վնաս կը պատճառէ. այդ վնասը Հայրիկ հետեւեալ տողերուն մէջ կ՚ամփոփէ (այս տողերը մինչեւ օրս կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ մեր ազգին մէջ այսօր շատ են նմաններ, որոնք սեփական արժէքները արժեզրկելով օտարինը կը մեծարեն).- «...ապա թէ ոչ, սոսկ արտաքին կեղծ երեւոյթով, քաղաքավարի շարժման կերպով, պերճ հագուստներու նոր նոր ձեւերով, առանց մայրենի լեզուին՝ քանի մը ֆրանսերէն բառերը հնչելով, հայուն հին պար մոռնալով՝ նոր պար խաղալով, մեր հայրենի կամ մայրենի անուշակ երգեր թողլով՝ անընտանի դաշնակ զարնելով՝ հայոց ընտանեկան կեանքը դէպ ի լաւագոյն չի փոխիր, այլ յաւէտ կը վատթարանայ հին ու նոր զեղծմունքները իրար խառնուելով»: Ցաւ ի սիրտ, նման մարդիկ այսօր եւս գոյութիւն ունին. մարդիկ՝ որոնք հայկական ժողովրդական երգեր լսելը «հին գլուխ»ութիւն, իսկ նորագոյն ամերիկեան եւ եւրոպական երգերը լսելը յառաջդիմութիւն կը նկատեն. հայեր՝ որոնք օտարին մի քանի բառ օտար լեզու գիտողը աւելի յառաջադէմ կը նկատեն՝ քան հանճար մը՝ որ հայերէն կը խօսի. այսօր շա՜տ են երիտասարդներ, որոնք Ահարոնեան, Շահնուր, Րաֆֆի եւ այլ մեծանուն գրողներ չսերտած, անկարեւոր նկատելով օտարին գրականութիւնը կը մեծարեն՝ որովհետեւ այս օրերուն հրապարակներու վրայ անգլերէն գիրքերով շրջիլը «զարգացած» ըլլալու չափանիշ որպէս կ՚ընդունուի:
Աւելի քան երբեք համոզուած ենք, որ հայ գրականութեան մէջ ունինք այնպիսի գոհարներ, որոնք կրնան մրցիլ եւ ինչու չէ անգամ գերազանցել օտար գրականութեան մեծագոյն գլուխ գործոցները. հաւատացէ՛ք որ եթէ օտարը առիթն ու կարելիութիւնը ունենար պիտի սքանչանար Ահարոնեանի «Լռութիւնը» աշխատութեան վրայ. սակայն մենք է, որ կ՚արժեզրկենք մեր մեծերն ու մեր գոհարները: Պահ մը սերտեցէ՛ք մեր երիտասարդներու կեանքը. օտար մշակոյթի մը մարմնացումն են պարզապէս, հեռու հայկական արժէքներէ, հայերէն երգ ու պարէ եւ այս բոլորին պատճառը դարձեալ ուսման ու կրթութեան պակասն է, որովհետեւ մենք՝ որպէս ծնողք, որպէս դպրոց, որպէս եկեղեցի եւ ժողովուրդի ամբողջականութիւն չենք յաջողիր անոնց մէջ առաջին հերթին արմատաւորել սեփականը, հայկականը եւ հետեւաբար օտարինը գալով դիւրաւ տեղ կը գրաւէ անոնց սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ:
Հայրիկ այս մէկը կը կոչէ «կէս լուսաւորութիւն». թէեւ Հայրիկ սխալ կը գտնէ նաեւ կրթական համակարգին մէջ, որովհետեւ յաճախ կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն անուան տակ մարդուն կը փոխանցուի ինչ որ պէտք չէ, իսկ զանց կ՚առնուի փոխանցել այն՝ ինչ որ պէտք է: Հայրիկ կ՚ըսէ. «Կին միանգամ ազատութիւն գտնելով՝ ճամբայ առեր է կ՚երթայ, ուր որ հրապոյր եւ հաճոյք կը վարեն զինք». Հայրիկ իր ժամանակին այս տողերը գրի կ՚առնէ խաւարամտութենէ դէպի լուսաւորութիւն եկած անուս կանանց մասին խօսելով, սակայն այսօր կու գանք ցաւով արձանագրելու, որ նոյն այդ երեւոյթը այսօր ի գործ կը դնէ մեր ուսեալ ու կրթեալ երիտասարդութիւնը՝ իր իգական եւ արական սեռի ներկայացուցիչներով։ Մեր երիտասարդութիւնը այսօր հոն է՝ ուր կայ հրապոյր ու հաճոյք. վկայ մեր օրերու դժուարին օրերը. հայրենիքը կը մղէ իր կենաց եւ մահու պայքարը, սակայն մեծամասնութիւն մը կը շարունակէ անհոգ ձեւով ապրիլ եւ լոկ իր ժամանակաւոր հաճոյքներով զբաղուիլ:
Վստահաբար շատեր այս բոլորին դարմանին մասին կը մտածեն. Հայրիկ կու տայ նաեւ դարմանը. «ուրեմն մի ճար, մի դարման կը մնայ... հոգին ու միտքը տիրապէս կրթել ուղիղ դաստիարակութեամբ. թող այնուհետեւ նա ինքնին իւր կիրք, իւր հաճոյք, եւ իւր ազատութիւնը չափաւորէ, ինքնին զգալով ու ճանաչելով իւր մոլորամիտ շաւիղը»:
Ազատամիտ ըլլալը դրական երեւոյթ է, սակայն ոչ կրթեալ ազատամտութիւնը մարդս դէպի անդունդ կ՚առաջնորդէ. նոյնը եկաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն պարագային. այսօր նայելով անցեալը, կը տեսնենք, թէ ո՛չ կրթեալ խաւը շատ աւելի հայրենիքի, ընտանիքի եւ արժէքներու հանդէպ սէր ունէր՝ քան մերօրեայ կրթեալները. Հայրիկ կ՚ըսէ, թէ մեր ազգը «հին պատկառանաց մէջ առողջ էր, նոր ազատութեան մէջ հիւանդացաւ»։ Նոր ազատութիւնը դէպի դրական առաջնորդելու փոխարէն աւելի վատ վիճակ մը ստեղծեց՝ սիւնը դառնալով մերօրեայ նոր սերունդին՝ որ կրթեալ ըլլալով հանդերձ աւելի աղքատ ու ձախող է արժէքներով՝ քան նախնիները:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ է կարծիքդ համաշխարհայնացման մասին. պէ՞տք է աշխարհը մէկ մշակոյթ ունենայ:
Պատասխան. Համաշխարհայնացումը բարդ երեւոյթ է, այնպէս ինչպէս դրական, նոյնպէս բացասական կողմերով եւ հետեւանքներով: Որպէս դրական երեւոյթ կը խթանէ փոխկապուածութիւնը, դիւրացնելով գաղափարներու փոխանակումը այլ ազգի ներկայացուցիչներու հետ, ինչ որ կրնայ պատճառ դառնալ մշակութապէս հարստանալու եւ առաջընթացի: Սակայն այս երեւոյթը եւս ունի իր մտահոգեցուցիչ կողմերը. շատեր կը պնդեն, թէ համաշխարհայնացումը կը միաձուլէ մշակոյթն ու իտէալները, իսկ ուրիշներ կը հաւատան, թէ միաձուլելու տեղ աւելի ճկուն կը դարձնէ: Յամենայնդէպս պէտք է պահել բազմազանութիւնը եւ սեփական ինքնութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024