ԳԵՏԱՄԷՋԻ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐԸ
Ամրան ամիսներուն կ՚աշխուժանայ հայաստանեան փառատօնային կեանքը: Այս ամառ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցան կարգ մը հետաքրքրական փառատօներ, որոնցմէ մի քանին արդէն աւանդական դարձած է, ինչպէս՝ Մեղրի եւ հատապտուղներու, Լաւաշի, Ձմերուկի, Ծաղիկի, Հասկի, Տարազի, Թութի, Ոչխարներու խուզման եւ այլ փառատօներ: Մշակութասէրները եւ տօնակատարութիւններու ջատագովները տակաւին կը սպասեն աշնանային փառատօներուն, որոնք նոյնպէս կը խոստանան ըլլալ հետաքրքրական:
Ամառնային փառատօներու կարգին անցնող օրերուն՝ Օգոստոսի 15-16 թուականներուն տեղի ունեցաւ ուշագրաւ փառատօն մը, որ նոյնպէս ամառնային աւանդական փառատօներէն մին է եւ արդէն երրորդ տարին ըլլալով տեղի կ՚ունենայ Երեւանէն 16 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Գետամէջ գիւղին մէջ:
Հաւանաբար Գետամէջ գիւղը անյայտ մնար Հայաստանի քարտէսին վրայ, եթէ տասը տարի առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն այստեղ բնակութիւն չհաստատէր Հասսասեաններու ընտանիքը: Յովհաննէս եւ Տիանա Հասսասեանները իրենց որդւոյն՝ Սարոյին եւ դստեր՝ Անժելային հետ Հայաստան տեղափոխուած են Միացեալ Նահանգներ երկար տարիներ բնակելէ ետք ու որոշած են իրենց ամբողջ կեանքը անցընել հայրենիքի մէջ: Հայաստանի մէջ անոնք ընտրած են խաղաղ վայր մը՝ Գետամէջը, որ պզտիկ ու անաղմուկ գիւղ մըն է Կոտայքի մարզէն ներս՝ Հրազդան գետի ձախ ափին եւ իր անունը առած է գետի շուրջ ըլլալու պատճառով:
Հասսասեանները Գետամէջ գիւղին մէջ տուն մը գնելով եւ տեսնելով Երեւանէն դուրս գտնուող այդ գիւղի ոչ-աշխոյժ եւ տխուր կեանքը՝ փորձած են հետաքրքրական եւ օգտակար ձեռնարկ մը հիմնել գիւղին համար: Անոնց որդին՝ Սարոն երաժիշտ է, եւ ան որոշած է իր մասնագիտութեան ծիրէն ներս կազմակերպել ամենամեայ երաժշտական փառատօն մը, որ գիւղին մէջ կը հաւաքէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդութիւնը եւ կ՚աշխուժացնէ գիւղական կեանքը:
Այսօր Գետամէջի մէջ «Սարոյենց տուն» անուանումը ոչ միայն կը նշանակէ բնակավայր, ուր կը բնակի Սարոյենց չորս հոգինոց ընտանիքը, այլ տունը դարձած է Հայաստանի ամենէն նշանաւոր ռաք փառատօնի՝ River Fest Armenia-ի կազմակերպուած մնայուն վայրը: Այս տարի, երրորդ տարին ըլլալով River Fest Armenia-ն տեղի ունեցաւ նոյն վայրին մէջ։ Փառատօնին մասնակցեցաւ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ եւ ծանօթացաւ Գետամէջի մէջ հաստատուած Հասսասեաններու ընտանիքին եւ անոնց յատկանշական նախաձեռնութեան:
Յովհաննէս եւ Տիանա Հասսասեանները ծնած են Երուսաղէմ, այնուհետեւ տեղափոխուած են Միացեալ Նահանգներ, ուր ծանօթացած ու ամուսնացած են: Անոնց զաւակները ծնած են Ամերիկա: Դուստրը՝ Անժելա Հասսասեան կ՚ըսէ, որ ի տարբերութիւն իր ծնողքին, որոնք Երուսաղէմի մէջ հայկական աւանդական համայնքի մէջ մեծցած են, ինքն ու եղբայրը Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական միջավայրէն դուրս եղած են, եւ ընտանիքէն ներս միշտ մտավախութիւն եղած է, թէ իրենք կը տեղափոխուին այլ նահանգ մը՝ ուսում առնելու, կը մոռնան սովորութիւնները եւ ամբողջութեամբ կը կորսնցնեն հայութեան հետ իրենց կապը: Յովհաննէս Հասսասեան, որ միշտ իր մէջ ունեցած է հայրենիքի փափաքը, որոշած է ընտանիքին հետ փոխադրուիլ Հայաստան եւ 2005 թուականին իրականացուցած են իրենց երազանքը:
Շատ դժուարութիւններ ունեցած են սկզբնական շրջանին՝ հաստատուելով գիւղի մը մէջ, ուր ապրելու պայմանները շատ տարբեր էին իրենց նախորդ պայմաններէն: Ինչպէս կ՚ըսէ Յովհաննէս Հասսասեան՝ պզտիկները սկզբնական շրջանին միշտ կու լային ու կ՚ըսէին. «Հայրիկ, ո՞ւր բերած ես մեզ»: Հայրը երախաներուն մխիթարած է եւ ըսած է՝ համբերեցէք, ամենէն լաւ տունը եւ ապրելու վայրը պիտի ըլլայ մեր բնակարանը։ Իսկապէս ալ, այսօր ո՛չ միայն գիւղի, այլեւ շրջանին մէջ խաղաղ, բարեկեցիկ, գրաւիչ վայրերէն մէկը դարձած է Հասսասեաններու տունը, ուր կ՚այցելեն դեսպաններ, մտաւորականներ, երիտասարդներ՝ հաճելի ժամանակ անցընելու կիրթ եւ հայրենասէր այս ընտանիքին հետ:
Յովհաննէս Հասսասեանին դուստրը՝ Անժելա Հասսասեան կ՚ըսէ, որ ինք հօր կողմէն մարաշցի է, իսկ մօր կողմէն՝ ատանացի: Հայրը միշտ ըսած է, թէ մարաշցիները լաւ երաժիշտներ եւ լաւ խոհարարներ եղած են: Յովհաննէս Հասսասեան նոյնպէս երաժշտական հակումներ ունի, երիտասարդ տարիքին նուագած է խումբի մը մէջ, սակայն դէմ եղած է, որ որդին ընտրէ երաժշտական մասնագիտութիւնը: Սարոն, սակայն, յամառած է իր մասնագիտութեան հարցին վրայ, եւ այսօր ան Երեւանի Երաժշտանոցի ճազի եւ կիթառի բաժնի ուսանող է: Ունի բազմաթիւ երաժիշտ ընկերներ, որոնց շնորհիւ ալ իրականութիւն դարձած է River Fest Armenia-ն: Սարոն կ՚ըսէ, որ փառատօնը հիմնած են իբրեւ բարեսիրական ձեռնարկ, եւ այդպէս ալ պիտի մնայ ան: Տոմսակներու վաճառքէն ստացուած հասոյթը կ՚ուղղուի Գետամէջի զարգացման: Ընտանիքը համոզուած է, որ իրենց ներդրումը թէեւ պզտիկ, բայց կարեւոր քայլ մըն է ուշադրութենէ դուրս մնացած գիւղական այդ համայնքի զարգացման գործին մէջ: Առաջին տարուան փառատօնի հասոյթով Հասսասեանները նոր սեղաններ եւ աթոռներ գնած են գիւղի դպրոցին համար, անցեալ տարի փոխած են դպրոցին բոլոր պատուհանները՝ հին եւ մաշած պատուհաններու փոխարէն տեղադրելով նոր լուսամուտներ, որոնք յատկապէս ձմրան կը պահեն ջերմութիւնը: Սարոն կը նշէ, որ ինք քանի մը տարի ուսանած է այդ դպրոցին մէջ եւ տխրութեամբ կը յիշէ, որ վառարան կը վառէին, որպէսզի դասասենեակները տաքնային։ «Բայց չէին տաքնար, քանի որ ճեղքուած եւ հին պատուհաններէն ջերմութիւնը դուրս կ՚երթար», կ՚ըսէ ան:
Այս տարուան փառատօնի տոմսակներէն ստաց-ւած գումարով, որ աւելի շատ է, քան՝ նախորդ տարիներունը, Հասսասեանները մանկական ժամանակակից խաղահրապարակ պիտի կառուցեն Գետամէջի երախաներուն համար: Այս տարի նաեւ աւելի շատ խումբեր մասնակցած են փառատօնին: Ինչպէս ըսաւ Անժելա Հասսասեան՝ Հայաստանի ռաք աշխարհի բոլոր խումբերը իրենց մասնակցութիւնը բերած են River Fest Armenia-ին: Նոյնիսկ կան նոր խումբեր, որոնք հանրութեան առաջին անգամ ներկայացած են այս փառատօնի միջոցաւ, եւ այդ ալ փառատօնի նպատակներէն մէկն է՝ ճանաչելի դառնալու հնարաւորութիւն տալ սկսնակներուն:
River Fest Armenia-ն կը տեւէ երկու օր։ Հանդիսականները կը գիշերեն Հասսասեաններու պարտէզին մէջ, ուր ալ պատրաստուած է բեմը եւ պայմաններ ստեղծուած է համերգային ծրագրի իրականացման համար: Հասսասեանները իրենց պարտէզին մէջ տեղադրած են հսկայական վրաններ, զորս կը տրամադրեն հանդիսակններուն, որոնք յաջորդ օր, արթննալով եւ նախաճաշելով, ականատես կ՚ըլլան երկրորդ օրուան համերգային ծրագրին: Հանդիսականներէն ոմանք նոյնիսկ չեն գիշերեր, այլ խարոյկի շուրջ կը դիմաւորեն Գետամէջի այգաբացը: Փառատօնը աշխատանքի հնարաւորութիւն կու տայ նաեւ գետամէջցիներուն: Գիւղացիները այդ օրերուն կը վաճառեն իրենց տնական ուտելիքները՝ պատառիկներ, նախաճաշ եւ հիւթեր կը պատրաստեն հանդիսականներուն համար, իսկ ինքնաշարժ ունեցողները այդ օրերուն փոխարժէքով ուղեւորներու փոխադրութիւն կ՚իրականացնեն դէպի Երեւան կամ այլ վայրեր: Գետամէջի բնակչութիւնը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Հասսասեաններուն՝ գիւղին մէջ, արդէն երեք տարիէ ի վեր փառատօնի օրերուն աշխոյժութիւն բերած ըլլալու համար: Ինչպէս ժպտալով կ՚ըսէ Անժելան, երբեմն նաեւ հատուկենտ դժգոհողներ կ՚ըլլան գիւղացիներէն՝ մանաւանդ ռաքի ստեղծած աղմուկին պատճառաւ, բայց իրենք չեն խախտեր օրէնքը եւ ուշ ժամերուն կը դադրեցնեն համերգը: «Բայց բնական է, որ մէկ-երկու հոգի միշտ պիտի դժգոհին, վնաս չունի, իրենք ապա կը զգան, որ իրենց գիւղի կեանքի բարելաւման համար է այս մէկը», կ՚ըսէ Անժելա Հասսասեան: Փառատօնին միշտ ներկայ կ՚ըլլան պատուոյ հիւրեր։ Անցեալ տարի փառատօնը իր մասնակցութեամբ պատուած է Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆերն։ Իսկ այս տարի Գետամէջի պատույ հիւրը եղած էր Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Պաղեստինի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը՝ հայազգի Մանուէլ Հասսասեան, որ Յովհաննէս Հասսասեանի եղբայրն է:
Անժելա եւ Սարօ Հասսասեաններ կը խօսին արեւելահայերէն։ Անոնք հայերէն չէին գիտեր եւ մայրենի լեզուն սորված են վերջին տասը տարուան ընթացքին: Անոնք բացի փառատօնէն կը զբաղին նաեւ արտասահմանեան երկիրներէն կամաւորներու ներգրաւման աշխատանքով։ Հասսասեանները կը բերեն հայ կամաւորներ, որոնց կ՚օգնեն, որպէսզի անոնք սորվին հայերէն ու ծանօթանան Հայաստանին:
Ամենէն կարեւոր պատգամը, որ Անժելան կու տայ երիտասարդ եւ առաջին անգամ Հայաստան եկող սփիւռքահայերուն, այն է, թէ անոնք երբեք չհամեմատեն Հայաստանը իրենց ապրած երկիրներուն հետ։ Մեզի հետ զրոյցի ընթացքին ան ըսաւ, թէ նոյն խորհուրդը տուած է նաեւ իր հայրը, առաջին օրէն, երբ ոտք դրած են Հայաստան:
«Հայրս ըսած է՝ ասիկա ուրիշ երկիր է, Միացեալ Նահանգներ չէ, Ֆրանսա չէ, ասիկա հայրենիք է, որ դժուարութիւններու մէջ է եւ դուք պիտի նպաստէք՝ անոր սխալները ուղղելու համար», կ՚ըսէ Անժելա Հասսասեան: Իսկ Սարոն կ՚ըսէ, որ Հայաստան գալու առաջին օրերուն դժուարութեամբ կը պատկերացնէր, թէ իր կեանքը պիտի շարունակէ Հայաստանի մէջ, իսկ այսօր ինքզինք չի պատկերացներ Հայաստանէն դուրս։ «Եթէ Հայաստանէն մեկնիմ, միայն ուսանելու ապա վերադառնալու համար կ՚երթամ, դուրսը չեմ ապրիր: Տասը տարուան ընթացքին անգամ մը միայն գացած եմ Հայաստանէն, այն ալ՝ իմ ծնողքիս ծննդավայրը՝ Երուսաղէմ», կ՚ըսէ Սարօ Հասսասեան:
Սարօ Հասսասեան կը նշէ նաեւ, որ Հայաստանի մէջ կայ ռաք երաժշտութեան սիրահար երիտասարդութիւն, որ ազատ է, անկաշկանդ, համարձակ եւ պատրաստ է պայքարի: Ան աւելցուց, որ ինք, փառատօնի գաղափարը իրագործելու ժամանակ ներշնչուած է ամերիկեան ռաքի պատմութենէն եւ պատահական չէ ընտրած նոյնիսկ փառատօնի իրականացման ամիսը՝ Օգոստոս ամիսը. 1966 թուականին, Օգոստոսի 15-18 թուականներուն միջեւ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգի ագարակներէն մէկուն մէջ հինգ հարիւր հազար երիտասարդ երաժշտասէր, ձգելով առօրեայ հոգերն ու կտրուելով աշխարհէն, հաւաքուած էր Պեթէլ գիւղաքաղաքին մէջ: Ռաքի ամերիկեան սերունդը այդ երեք օրերու ընթացքին հիմքը դրաւ աշխարհի ամենէն ըմբոստ միջոցառումներէն մէկուն՝ Վուտսթոքեան փառատօնին: Այսօր, կրնանք ըսել, որ Գետամէջի ռաք երաժշտութեան փառատօնը Վուտսթոքեան փառատօնի թոռնիկն է, որ փոքրիկ գիւղակի մէջ կը հաւաքէ Հայաստանի ըմբոստ երիտասարդութիւնը: Ռաքը, իբրեւ ըմբոստութեան, պայքարի, սիրոյ եւ խաղաղութեան խորհրդանիշ՝ արմատներ նետած է Հայաստանի մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ