ԱՆԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Կ՚ուզեմ ամենայն գարշանքով ու նողկանքով ԹՔԵԼ Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց երեսին՝ որոնք «մարդու իրաւունքներ» պաշտպանել կեղծել կը փորձեն ու այդ արդարութիւնը միայն իրենց գրպանները մուտք գործած գումարի քանակով կը չափեն. թքել բոլո՛ր անոնց վրայ, որոնք «Արդարութեան» անուան տակ իրենց անարդարութիւններուն համար կը վարձատրուին:

Կ՚ուզեմ նոյն պժգանքով ԹՔԵԼ մեր կառավարութեան եւ պետական մարմիններուն բոլո՛ր անդամներու երեսին, որոնք Հայաստանի Սահմանադրութեան երրորդ յօդուածին համաձայն պարտաւո՛ր են պաշտպանել մարդու իրաւունքներն ու ազատութիւնը:

Լէօ Նիկոլեանին ով ըլլալը չեմ գիտեր. որպէս մարդ ու լրագրող անոր ունեցած «արժէք»ը անծանօթ է ինծի, սակայն գիտեմ, որ ո՛չ ոք, պաշտօնի ո՛ր դիրքին վրայ ալ գտնուի իրաւունք չունի արգիլել հայորդիի մը մուտքը իր սեփական երկիր՝ հայրենիք, մանաւանդ երկիրի մը մէջ՝ ուր «խօսքի ազատութեան» անգոյ գոյութիւնը փաստել կը փորձեն: Այն բոլորը որ կը կատարուի Լէօ Նիկոլեանի շուրջ պարզապէս համազգային անպատուութիւն է՝ մեր անունն ու արժանապատուութիւնը ստորնացնող ու նուաստացնող:

***

Բոլոր անոնք որոնք չեն գիտեր, ըսենք, որ Լէօ Նիկոլեան ֆրանսահայ լրագրող մըն է. մօտաւորապէս 24 օրեր առաջ կը հասնի Հայաստանի Հանրապետութեան Զուարթնոց օդանաւակայան, սակայն առանց պատճառը ներկայացնելու կը յայտնեն, թէ «արգիլուած է մուտքը Հայաստան». իրաւաբանական կամ օրինական ո՛չ մէկ պատճառ կը ներկայացնեն, պարզապէս կ՚արգիլեն որ ՀԱՅ մը մուտք գործէ Հայաստան՝ հայրենիք. այս անորոշութեան դիմաց հայորդին կ՚որոշէ չհեռանալ օդանաւակայանէն եւ հացադուլ կը յայտարարէ՝ մինչեւ յստակեցում մը չկատարուի երկիր մուտքը արգիլելու անտրամաբանական երեւոյթին շուրջ: Հայորդին արդէն իսկ 24-րդ օրը ըլլալով կը քնանայ Զուարթնոց օդանաւակայնի յատակին՝ որպէս մարդ եւ որպէս հայ արդարութիւն պահանջելով:

Այս անձին շուրջ գրելու ժամանակ գտնուեցան հայորդիներ, որոնք մտածումս սխալ նկատելով փորձեցին Լէօ Նիկոլեանի մասին այլեւայլ մեղադրանքներ բարդել, ինչ որ մտածումս կասեցնելու փոխարէն խթան հանդիսացաւ: Ինչպէս վերը ըսի, Լէօ Նիկոլեանի ով ըլլալը չեմ գիտեր եւ իրականութեան մէջ նման հարցի մը պարագային այնքան ալ չի հետաքրքրեր իր անձնական կեանքն ու արարքները, որովհետեւ մենք այստեղ երեւոյթն է որ կը քննադատենք եւ ո՛չ անձը:

Լէօ Նիկոլեան ամիսներ առաջ Հայաստան գալով որպէս լրագրող հետաքրքրուած էր Ոսկեպարի հարցով եւ զանազան հրապարակումներ կատարած եւ այժմ որ կը վերադառնայ Հայաստան կ՚արգիլուի լրագրողի մուտքը իր սեփական հայրենիք։ Այս մէկը Լէօ Նիկոլեանի անձին հանդէպ եղած ամօթ մը ըլլալէ աւելի համազգային ամօթ մըն է, որ լուրջ մարտահրաւէր կը հանդիսանայ Հայաստանի մէջ արդէն իսկ հոգեվարքի մէջ գտնուող «խօսքի ազատութեան» հանդէպ. եթէ հայ լրագրողին մուտքը Հայաստան պայմանաւորուած է Ոսկեպարի շուրջ կատարած իր գրառումներով, այդ պարագային պէտք է լրջօրէն մտահոգուիլ եւ կասկածի տակ դնել Հայաստանի մէջ գոյութիւն չունեցող, սակայն երեւութապէս գոյ «խօսքի ազատութիւն»ը. տակաւին մեր թուականէն երկու տարիներ առաջ՝ 2022 թուականին մարդկային իրաւանաց հարցերով զբաղուող համաշխարհային «Amnesty» կազմակերպութիւնը կը քննադատէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը, օրէնսդրական փոփոխութիւններու միջոցով անկախ մամուլը եւ քննադատական խօսքը սահմանափակելու, զանազան լրատուամիջոցներու դէմ սպառնալիքներ բարձրացնելու համար. կազմակերպութիւնը յստակ ձեւով կը նշէր, թէ Հայաստանի մէջ խօսքի ազատութիւնը կը շարունակուի անարդար ձեւով սահմանափակուած մնալ եւ գուցէ այս բոլորին ապացոյցը ի լուր աշխարհին Լէօ Նիկոլեանն է, որ օդանաւակայանին մէջ հացադուլ յայտարարելով՝ մեր անարդար պետութենէն արդարութիւն կը պահանջէ:

Այս բոլորը կ՚ապրինք երկիրի մը մէջ, որուն ղեկավարը կը յայտարարէր. «մամուլը, խօսքի ազատութիւնը ժողովրդավարութեան ամենէն կարեւոր օրէնքներէն մէկն է». ղեկավար՝ որ Մամուլի օրուան առիթով բոլոր լրագրողներուն «ազատ ու անվտանգ գործունէութիւն» կը ցանկար: Ղեկավար՝ որ կը փորձէր իր գործունէութեան մէջ որպէս դրական ցուցանիշ արձանագրել Հայաստանի մասնակցութիւնը «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան աշխատութեան. իսկ այժմ կը տեսնենք լրագրող մը՝ առանց սահմաններու երկիրի մը սահմանին վրայ:

Պէտք է բոլորին համար յստակ ըլլայ, որ Հայաստանը մէկու մը սեփական «պազար»ը չէ՝ որպէսզի իր քմահաճոյքին համաձայն որոշէ, թէ ո՛վ կրնայ մուտք գործել եւ ով ոչ՝ առանց իրաւական ու օրինական գետնի վրայ արդար դատաստան մը ընելու. այսօր օրական դրութեամբ բազմահազար զբօսաշրջիկներ ու օտարներ կու գան Հայաստան եւ օդանաւակայանի վրայ գետինը պառկած կը գտնեն անձ մը՝ որ հացադուլի պատճառով առողջական լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ. պատկերացուցէք, որ առաջին անգամ կու գաք Հայաստան եւ տակաւին օդանաւակայնին մէջ կը տեսնէք անձ մը՝ որ զրկուելով խօսքի ազատութեան իրաւունքէն, կը զրկուի նաեւ բոլոր այն արժէքներէն՝ որ մարդկային իրաւանց պաշտպանները «պաշտպանել» կը փորձեն: Եթէ Լէօ Նիկոլեան իրաւական գետնի վրայ ունի մեղաւորութիւն, թող դատուի եւ արժանանայ իր արժանի պատիժին. այդ մէկը վստահաբար չըլլար, որովհետեւ խօսքի ազատութեան մեր հայրենիքը վերջապէս պիտի չյաջողի իրաւական գետնի վրայ պատժել անձ մը՝ իր ունեցած խօսքի ազատութեան պատճառով:

Հայրենիքը մաս առ մաս կը ծախուի, խօսքի ազատութիւնը կամաց կամաց կը վերանայ. հայը իր հայրենիքը լքելով կը գաղթէ՝ իր բախտն ու կեանքը օտար հողերու վրայ փնտռելով, իսկ մենք կը շարունակենք կանչել «Կեցցէ՛ Հայաստան»...

Ողբամ զքեզ Հայ ժողովուրդ. քեզի համար ժողովրդավարութիւնը պարզապէս բառարաններուն մէջ մոռացութեան տրուելու դատապարտուած բառ մըն է:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ է կարծիքդ խօսքի ազատութեան մասին:

Պատասխան. Ես անձնական կարծիքներ չունիմ, սակայն կրնամ ըսել, որ կը պաշտպանեմ խօսքի ազատութեան սկզբունքները: Այդ մէկը մարդու հիմնական իրաւունքն է, որ թոյլ կու տայ, որպէսզի անհատներ առանց վախի արտայայտեն իրենց կարծիքներն ու համոզումները: Սակայն պէտք է ըսել նաեւ, որ խօսքի ազատութիւնը ունի նաեւ պարտականութիւններ. ինչպէս օրինակ, յարգել ուրիշներու իրաւունքները եւ արժանապատուութիւնը: Որոշ տեղեր կրնան ըլլալ խօսքի ազատութեան սահմանափակումներ. ինչպէս օրինակ, բռնութիւն հրահրող կամ վնասակար ապատեղեկատուութեան դէմ, սակայն անոր լաւագոյն միջոցը պէտք է ըլլայ երկխօսութիւնն ու տարբեր գաղափարներու ազատ փոխանակումը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 17, 2024