ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԶԱՐԳԱՆԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ինչո՞ւ տակաւին կան չզարգացած կամ զարգացող երկիրներ՝ քանի որ կ՚ապրինք փորձագիտութեան դարուն։ Արդեօք սա պարզապէս կրթութեան բացակայութեա՞ն պատճառով է, թէ ուրիշ հանգամանքներով պայմանաւորուած։ Փորձած եմ համադրել երկրի մը, ազգի մը կամ հասարակութեան մը յետամնացութեան վերաբերեալ փաստերն ու պատճառները, որովհետեւ պատմականօրէն երկիրներու եւ ազգերու երկրաբանական սահմանները միշտ չեն համընկնիր իրենց քաղաքական սահմաններու հետ։

Ինչո՞ւ կը յետադիմէ հասարակութիւն մը։ Պատճառը միայն կրթութեան վերագրելը ճիշդ չէ, բայց ընկերային բարքերը՝ առօրեայ կեանքն ու ընդհանուր սովորութիւնները որոշող մշակոյթը նոյնպէս շատ կարեւոր ազդեցութիւն կ՚ունենան կեանքի որակի եւ խնդիրները լուծելու հմտութիւններու վրայ։ Իմ կարծիքով՝ հասարակութեան յետամնացութեան ամենակարեւոր գործօնները տուեալ հասարակութեան վրայ ազդող վերնախաւի վտանգաւոր սխալները եւ հասարակութեան ձեւաւորման կամ ընկերային խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ անոնց ցուցաբերած անկարողութիւնն է։

Եթէ կրթութիւնը հասարակութեան զարգացման միակ պատճառն է, ապա անհրաժեշտ է հաշուի առնել կրթուած եւ ուսեալ աշխատողներու գաղթը՝ յետամնաց երկիրներէն դէպի զարգացած երկիրներ։ Եթէ կրթուած աշխատուժը կը գաղթէ զարգացած երկիր մը եւ կրնայ այդ երկրէն ներս աշխատիլ, միջին աշխատավարձէն աւելին ձեռք բերել կամ կրնայ ստանալ մագիստրոսի կամ տոքթորի կոչում, պէտք է ընդունինք, որ յետամնաց երկիրները կրնան նաեւ կրթութիւն ջամբել՝ զարգացած երկիրներու չափանիշներով։ Հետեւաբար, կրթութիւնը կամ որակեալ աշխատուժը չեն կրնար ըլլալ երկրի մը յետամնացութեան ամենակարեւոր պատճառը, քանի յետամնաց երկիրներու մէջ մարդիկ կրնան կրթութիւն ստանալ զարգացած երկիրներու չափանիշներուն համապատասխան։

Այսինքն, խնդիրը կրթութիւնը չէ. կրթութիւնը արդիւնք է, այլ ոչ թէ պատճառ։ Ի հարկէ, յետամնաց երկիրներու մէջ զարգացած երկիրներու չափանիշներով աշխատելու համար կրթութիւն ստացողներ շատ քիչ են։ Բայց, ստորեւ իմ բացատրած հանգամանքներու բերումով, կրթութիւնը կը յայտնուի որպէս հետեւանք, ոչ թէ որպէս պատճառ։

Յետամնացութեան միւս բաղադրիչը մշակոյթն է։ Մշակոյթը հասարակութեան մը պատմականօրէն ապրելու սովորութիւններու ամփոփումն է։ Օրինակ՝ եկէք նայինք հասարակութեան մէջ դասակարգութեան, ուժի եւ վախի տարրերուն։ Եթէ երեխան տեսնէ, որ միայն ուժեղներն են ճիշդը՝ բաց թողելով կամ անտեսելով ամբողջ հասարակարգը, ան բնականաբար ընկերային բարոյականութիւնը անօգուտ կը տեսնէ եւ կը հակուի անարդարութեան ճամբով մաս կազմել հասարակութեան, ինչ որ քաոս կը յառաջացնէ։ Եթէ հասարակութեան արժէքները թոյլ են, ապա միայն նիւթականի վրայ հիմնուած կարգավիճակ ձեռք բերելու ջանքերը անիմաստ կը դարձնեն մարդոց կրթութիւն եւ արժէք ջամբելը։ «Ենթահասարակութիւններու» համար «ճկունութեան» բացակայութիւնը կը նշանակէ, որ իշխող խաւէ բացի ոչ ոք կրնայ ուղղութիւն տալ կամ այլընտրանք առաջարկել։ Տարբեր դասակարգերու միջեւ ցած փոխազդեցութիւն ունեցող հասարակութեան մէջ արդարութեան զգացումը կը ցնցուի, ինչ որ կ՚ազդէ հասարակական կարգի վրայ։ Բռնութեան հակուիլը պատճառ կը դառնայ երիտասարդ սերունդի իր ապագան ուրուագծել՝ վախի կամ ուժի միջոցաւ։ Կանոններու եւ սկզբունքներու նկատմամբ անտարբերութիւնը, ընկերային քոնսենսիւսի անտեսումը պատճառ կը դառնան, որ ապագան ամբողջովին ձեւաւորուի ուժով, այսպէսով հասարակական խաղաղութիւնը կը դառնայ անիմաստ։

Բազում ներքին խնդիրներ ունեցող հասարակութիւնը, այնուամենայնիւ, չի կրնար ինքզինք կառավարել եւ կ՚ընդունի մէկ կառոյց, որ բաւական փխրուն է եւ կարգուկանոն հաստատելու անկարող։ Սա կը խոչընդոտէ այդ հասարակութեան կարգուկանոնի ձեւաւորումը՝ առկայ հարցերու լուծման համար։ Հասարակութիւնը կը վերածուի «քաոսային բազմաձայնութիւն» եւ քոնսենսիւսի բացակայութիւնը այդ հասարակութիւնը կը դարձնէ զանգուածի։ Իրականութեան մէջ, բացի պետութեան կողմէ մատուցուող անվտանգութենէ, հասարակութիւնը չի կրնար իր սեփական խաղաղութիւնը ապահովել։ Միայն ծեծով խօսք հասկցող երեխաներու նման՝ յառաջ կու գայ կարգուկանոնն ու օրէնքը միայն պատիժով ձեւաւորուող հասարակութիւն մը։

Կրթութիւնը երբեք չի կրնար ուղղակիօրէն ազդել ընկերային մշակոյթի վրայ։ Այսօր յետամնաց երկիրներու, փտած ընկերութիւններու ղեկավարներու կամ փողոցը երթեւեկութեան կանոնները խախտող մարդոց մէջ կան կրթուած մարդիկ։ Դպրոցներու մէջ ուսուցիչներու վերաբերմունքը կ՚որոշուի մշակոյթով։ Մշակոյթը «ինչպէ՞ս կ՚ապրիմ» հարցման պատասխանն է, իսկ կրթութիւնը՝ «ի՞նչ պիտի սորվեցնենք մեր երեխաներուն, ինչպէ՞ս պիտի սորվեցնենք անոնց» հարցումներու պատասխանը։ Դուք կրնաք կրթութեամբ առողջ հասարակութեան տեսութիւնը ներկայացնել, սակայն երբ երեխան ապրի այն հասարակութեան մէջ, որ կը մերժէ այդ տեսութիւնը, ան կը յայտնուի չլուծուած ընկերային կռիւներու կամ խնդիրներու մէջ։ Կրթութիւնը չի կրնար ուղղակիօրէն փոխել մշակութային բաղադրիչները, անոր ազդեցութիւնը երկար գործընթացէ մը ետք երեւելի կը դառնայ։

Վերնախաւը հասարակութեան առօրեայ կեանքի վրայ ամենահսկայական ազդեցութիւնը ունի։ Օրինակ՝ գործարանի բանուորի մը գործազրկումը հասարակութեան մնացեալ մասի վրայ չ՚ազդեր, սակայն գործատէրի սնանկութիւնը կ՚ազդէ անոր բոլոր աշխատողներու եւ անոնց ընտանիքներու վրայ։ Եթէ վերնախաւը ունի տեսլական, ապա այդ տեսլականը կ՚արտացոլայ հասարակութեան վրայ։ Եթէ վերնախաւը կ՚ապահովէ հասարակութեան խաղաղութիւնը, ապա հասարակութեան աշխատաւոր կամ այլ հատուածները աւելի քիչ հակուած կ՚ըլլան բռնութեան, օրէնքներու խախտման կամ ուժի կիրառման։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 20, 2024