Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ԱԼԵՔՍԻՍ ՑԻՓՐԱՍ ՀՐԱԺԱՐԱԾ
Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս երէկ երեկոյեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Թէ՛ Ցիփրաս եւ թէ իր կառավարութիւնը հրաժարական տուին եւ յառաջիկայ Սեպտեմբերին կանխահաս ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան երկրին մէջ։ Այս կապակցութեամբ ժողովուրդին խօսք ուղղելով Ալեքսիս Ցիփրաս ըսաւ, թէ լաւագոյն օրերը տակաւին չեն ապրուած։ Ծանօթ է, որ Յունաստան կը պայքարի տնտեսական շատ լուրջ ճգնաժամի մը դէմ, որով պայմանաւորուած ելեւէջներէն անմիջականօրէն կ՚ազդուի նաեւ Եւրոմիութիւնը։
Վարչապետի հրաժարականէն վերջ Յունաստանի Գերագոյն ատեանի նախագահը կը գլխաւորէ ժամանակաւոր կառավարութեան կազմը։
Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2015