ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆԻ ՀԱՆԴԷՍ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Ուսուցչուհի Վերա Հեմենկիւլի հսկողութեան ներքեւ պատրաստուած էր հանդէսին յայտագիրը, որու ընթացքին փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Փոքրիկներու ծնողներուն անունով արտայայտուեցաւ Ալիս Էօզչելիք՝ մինչ յայտագրի գործադրութենէն վերջ տղաքը ստացան Գատըգիւղի տիկնանց յանձնախումբին պատրաստած նուէրները։

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, թաղային խորհուրդի ատենապետ եւ դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք եւ այլ պատասխանատուներ։

Հինգշաբթի, Մայիս 23, 2024