ՄԱՅՐԸ՝ ԻՐ ՎԵՀՈՒԹԵԱՆԸ ՄԷՋ
Սովորութիւն է, տարին անգամ մը յիշել մայրերը՝ «Մայրերու օր»ուան տօնին առթիւ։ Ըսելիք չունինք այդ մասին անշուշտ, բայց երբ կա՛յ մայրութեան մեծ տիպար մը՝ Աստուածամայրը, ապա ուրեմն մենք ալ կ՚ուզենք ամբողջ շաբաթ մը յիշել մայրերը՝ Աստուածամօր Վերափոխման յաջորդող օրերուն, քանի որ ըստ Եկեղեցւոյ, տօնը կը տեւէ ինը լման օրեր։ Այլապէս, այո՛, մայրերը յիշենք «Մայրերու օր»ը, բայց յիշենք նաեւ մայրերու մեծ տօնին առթիւ ալ, ամբողջ շաբաթ մը։ Իրականին, մայրերը յիշուելու պահանջքը չունին. քանի որ անոնք անոնք միշտ, ամէն օր մեզի հետ են եւ երբեք չե՛ն մոռցուիր, որ յիշենք զիրենք։ Նախապէս ըսինք՝ «մայր»ը միայն ծնող չէ՛, այլ՝ խնամող, հոգատար նաե՛ւ։
Ուստի ըլլա՛յ «օր» մը, ըլլա՛յ «շաբաթ» մը մայրական սիրոյ եւ անձնազոհութեան փառաբանութիւնը կատարել չի՛ բաւեր։ Եթէ ստոյգ է, թէ ազգերու ճակատագիրը եւ ապագան մայրերու ձեռքը դրուած է, ապա ուրեմն չկա՛յ խնդիր մը՝ այնքան այժմէական եւ կենսական, ո՛րքան գիտնալ, թէ մանաւանդ ներկայ փոթորկալից ժամանակներուն մէջ ի՛նչ կ՚ակնկալուի եւ կը պահանջուի արդի մօրմէ։ Իրա՛ւ է, թէ մօրը հինը եւ նորը չկայ, մայրութիւնը եւ մայրական սէրը անժամանակ է՝ հիննալ չի գիտեր, եւ սակայն ստոյգ է եւ անվիճելի նաեւ, որ յիսուն-վաթսուն տարի առաջ՝ մեր մանուկ կեանքին մէջ «մայր ըլլալ» ի՛նչ որ կը նշանակէր, այսօր տարբեր պայմաններու եւ միջավայրերու մէջ ծնած ու մեծցած տղուն կամ աղջկան մայր ըլլալ, զանոնք պահել, պատսպարել եւ անոնց կեանքին ընթացքը որոշել՝ ուղղութիւն տալ, բոլորովին տարբեր յատկութիւններ կը պահանջեն մօրմէն։
Այս տեսանկիւնէն դիտելով՝ որքան ալ սուրբ եւ նուիրական է մայրութեան գաղափարը, պէ՛տք է ըսել՝ թէ կան մայրեր, որ անարժան են իրենց վեհ կոչումին, եւ դժբա՜խտ են անոնց խնամքին յանձնուած զաւակները։ Եւ ո՜րքան երիտասարդներ, դժբախտաբար իրենց բարոյական անկումին առաջին քայլը տունէն՝ ընտանիքէն կ՚առնեն, իրենց անպատասխանատու եւ անգիտակից մօր պատճառով մանաւանդ։
Միայն երիտասարդի մը սիրահարիլ, համակրիլ, քիչ ժամանակ վերջ եկեղեցին՝ հոգեւորականի ներկայութեան սիրոյ եւ հաւատարմութեան ուխտ ընել, յետոյ ընտանիք կազմել, տան մէջ բնակութիւն հաստատել, միջոց մը ետքն ալ զաւկի մը տէր ըլլալ՝ զայն գրկել, գգուել, փայփայել եւ կամ մանուկը սնուցանել, հագուեցնել, քնացնել. այս չափը ամէն մօր համար բնական է եւ սովորական, մանաւա՛նդ բնազդական։ Արդարեւ կարգ մը անբան-անասուն կենդանիներու մայրերն ալ չափով մը նոյն բաները կ՚ընեն իրենց ձագերուն։ «Մայրութիւն»ը ուրիշ բան մըն է։
Ուստի այսօրուան մայրը, այդի մայրը յատուկ խնամքով, մասնաւոր բծախնդրութեամբ պատրաստուած պէտք է ըլլայ մայրութեան վեհ կոչումին՝ ինչպէս արուեստագէտը կը պատրաստուի իր արուեստին, իրաւաբանը՝ իր դատին, ուսուցիչը՝ իր դաստիարակութեան, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ։ Կարելի՞ է խորհիլ, թէ օր մը թերեւս պիտի գայ շրջան մը՝ որ առանց նախագիտելիքներու եւ նախակրթութեան թոյլ պիտի չտրուի, որ աղջիկ մը մայրանայ եւ ընտանիքի տէր ըլլայ։ Անշուշտ շատեր պիտի հակադրեն՝ ըսելով, թէ մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութեան հակառա՛կ է նման մտածում մը։
Իրաւունք ունին անոնք երբ հարցին նայուի ազատութեան տեսանկիւնէն, բայց պէտք է խնդիրը դիտել նաեւ ընկերային շահու, ապագայի ապահովութեան տեսանկիւնէն, եւ այն ատեն պիտի տեսնուի, որ որոշում տալու մէջ պէտք է աճապարել…։
Ուստի արդի մայրը պէ՛տք է նախնական հմտութիւն, իմացականութիւն ունենայ, մարմնական եւ մանաւանդ հոգեկան ու բարոյական առողջապահական տարրական սկզբունքներուն, մարմնոյ կազմութեան, մտային կազմաւորութեան, պարզ հիւանդութիւններու դարմանումին մասին, որպէսզի կարող ըլլայ գիտնալ, թէ ի՛նչպէս խնամելու է մանուկին մարմինը, եւ ի՛նչպէս հասցնելու, մեծցնելու է զայն՝ որ ըլլայ առողջ, ուժեղ եւ կայտառ՝ թէ՛ մարմնապէս, թէ՛ հոգեպէս եւ թէ մտապէս։ Գիտակից եւ պատասխանատու մայրերն են, որ կրնան հասցնել առողջ սերունդներ։
Մայրը պէ՛տք է տեղեակ ըլլայ նաեւ հոգեբանական հիմնական սկզբունքներուն, որպէսզի կարենայ հսկել մանուկին մտային աճմանը եւ հասկնալ, թէ ի՛նչ աստիճաններէ կ՚անցնի անոր մտաւոր կեանքը, եւ թէ ի՛նչ միջոցներով մշակելու է մանկան մտային կարողութիւնները։ Արդի մայրը ունենալու է նաեւ խորաթափանց տեսիլք, որ կարենայ տեսնել զաւկին մէջ «հոգեւոր մարդ»ը, եւ կարող ըլլայ սնուցանել անոր հոգեկան պէտքերը, երբ անոնք փթթող ծաղիկի մը նման կը բացուին եւ օրէ օր կը յայտնուին։ Հոգեպէս առողջ մայրերու ձեռքին մէջ կը հասնին հոգեպէս կատարեալ զաւակներ՝ ապագային շինարարները։
Բա՛րձր է մայրութեան կոչումը, որուն համար թէ՛ տան մէջ, թէ՛ դպրոցին մէջ եւ թէ եկեղեցիին մէջ յատկապէ՛ս պատրաստուելու են անոնք՝ որ օր մը պիտի մայրանան եւ ազգին ու համայն մարդկութեան մա՛րդ պատրաստելու սրբազան ու նուիրական պաշտօնը պիտի ստանձնեն իբրեւ «արդի մայր», պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ։
Այս առթիւ անգամ մը ես կը շնորհաւորենք բոլոր մայրերը եւ կին-մարդիկը, քանի որ անոնց նուիրուած է տօն մը՝ Աստուածամօր հրաշալի՜ տիպարովը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 17, 2015, Իսթանպուլ