ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ԶԳԱԼԻ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՈՒՄ

Լիբանանցի պատասխանատուն, որ պարտականութիւն ունէր Լիբանանի մէջ ազգային հաշտութիւն իրականացնելու, իր ձեռքերը ոգեւորուած իրարու շփելով դուրս եկաւ [այդ պարտականութիւնը] իրեն յանձնարարած բարձր պաշտօնեային գրասենեակէն, յոյս ունենալով իր պարտականութիւնը յաջողցնելու: Անմիջապէս որ ան դուրս եկաւ, հանդիպում ունեցաւ հաշտեցումի գործերով զբաղող իր իրաւական խորհրդատուին հետ: «Հաոէն» տիպի ականանետէն խուսափելով, ըսաւ իր խորհրդատուին.

-Լիբանանը կ՚այրի: Լիբանանը իր հողով, ժողովուրդով ու գոյութեամբ մեծ դաւադրութեան մը կ՚ենթարկուի: Իսկ համընդհանուր եւ ուսումնասիրուած ազգային հաշտեցումը կարելի չէ՛ կանգնեցնել կամ մէկ կողմ դնել, հետեւաբար ուրկէ՞ սկսինք:

Խորհրդականը «Ար. Փի. Ճէ. (RPG)» տիպի հրթիռէ մը խուսափելով, ըսաւ անոր.

-Առաջին թելէն՝ իր արաբ եղբայրներէն սկսինք:

Առաջին կայանը. միշտ Լիբանանի եւ անոր ինքնիշխանութեան ու անկախութեան հետ էինք: Մենք, որպէս ընդդիմադիր երկիր, միւս ընդդիմադիր երկիրները ինչ բանի որ համաձայնին՝ մենք ալ համաձայն ենք ատոր:

Ընդդիմադիր երկիր մը. միշտ Լիբանանի եւ անոր ինքնիշխանութեան ու անկախութեան հետ էինք: Մենք, որպէս ընդդիմադիր երկիր, աջակցող երկիրները ինչ բանի որ համաձայնին՝ մենք ալ համաձայն ենք ատոր:

Աջակցող երկիր մը. միշտ Լիբանանի ժողովուրդին եւ Լիբանանի երջանկութեան հետ էինք: Մենք կարօտ ենք անոր անվտանգութեան ու կայունութեան բոլոր պարագաներուն՝ մանաւանդ ամրան: Իսկ մենք որպէս աջակցող երկիրներ Արաբական լիկայի անդամներ կը մնանք, եւ լիկան ինչ բանի որ համաձայնի՝ մենք ալ համաձայն ենք ատոր:

Արաբական լիկան. Լիբանանը էր եւ է գործունեայ անդամ մը այս լիկային մէջ: Այդ պատճառով, դժբախտութիւնը՝ որ ան կը կրէ ներկայիս, առաջին հերթին արաբներուն պատասխանատուութիւնն է: Հետեւաբար, առանց բացառութեան, արաբական բոլոր երկիրները ի՛նչ որ որոշեն, ներառեալ Եգիպտոսը, մենք ալ համաձայն ենք ատոր:

Եգիպտոս. կը համաձայնինք միայն քաղաքակիրթ երկիրներուն ունեացած համաձայնութեան:

Քաղաքակիրթ երկիրները. մենք միշտ կը գիտակցէինք տարածաշրջանէն ներս Լիբանանի քաղաքակրթական ու մշակութային դերակատարութեան, այդ պատճառով Սէուտական Արաբիան ինչ բանի որ համաձայնի, մենք ալ համաձայն ենք ատոր:

Սէուտական Արաբիա. Լիբանանը էր եւ է տակաւին մեզի համար սիրելի ու մեր սիրտերուն համար թանկագին: Մենք, որպէս իսլամական երկիր, իսլամական երկիրները ինչ բանի որ համաձայնին, մենք ալ համաձայն ենք ատոր:

Իսլամական երկիրներ. Լիբանանը եւ այն դժբախտութիւնները՝ որոնց կ՚ենթարկուի ան, մեր աղօթքներուն, աղաչանքներուն մեծ մասը կը գրաւեն, մանաւանդ «Հաճի» եւ «Ումրայի»1 շրջաններուն: Որովհետեւ Լիբանանի անվտանգութիւնը մենք կը համարենք Ռաուալբինտի2 կամ Մակտիշոյի3 անվտանգութիւնը: Իսկ մենք, որպէս չմիաւորուած երկիրներու անդամներ, այդ երկիրները ինչ բանի որ համաձայնին, մենք ալ համաձայն ենք ատոր:

Չմիաւորուած երկիրներ. Լիբանանը էր եւ է յարգալից ու պատուական անդամ մը մեր միաւորումին, եւ մենք միշտ անոր ճակատագիրը անբաժան մասնիկը կը համարէինք Պանտոնկի4 եւ Քոլոմպոյի5 ճակատագիրին: Իսկ մենք, որպէս ՄԱԿ-ի անդամներ, ինչ բանի որ համաձայնի այս կազմակերպութիւնը, մենք ալ համաձայն ենք ատոր:

ՄԱԿ. Լիբանանը նշանաւոր եւ գործունեայ անդամ մըն էր ՄԱԿ-էն ներս, սակայն այս կազմակերպութիւնը ի՞նչ կրնայ ընել անոր եւ ուրիշի մը, առանց Ռուսիոյ եւ Ամերիկայի օգնութեան:

Ռուսաստան. Լիբանանը բարեկամ եւ խաղաղութեան համար յամառ պայքարող երկիր մըն էր եւ մենք միշտ շահագրգռուած ենք անոր անվտանգութեան ու կայունութեան համար: Ցորենի ճգնաժամէն, նախագահ Պրեժնեւի առողջական խնդիրէն եւ մեր երկրէն ներս տափատի (jeans) ճգնաժամէն ետք, Լիբանանի ճգնաժամը մեր ուշադրութեան եւ մտածողութեան մեծ մասը կը գրաւէ, քանի որ Լիբանանի ապագան կը համարենք Ուքրայնայի եւ Կովկասի ապագային մէկ մասնիկը: Սակայն, որպէսզի իր պատճառով չստիպուինք Ամերիկայի հետ հիւլէական բախումի երթալ, ապա Ամերիկան ինչ բանի որ համաձայնի, մենք ալ համաձայն ենք ատոր:

Ամերիկա. մենք միշտ Լիբանանի անկախութեան եւ իր հողերուն վրայ ինքնիշխանութեան կողմնակից եղած ենք: Իւրաքանչիւր կենսուժի (energy) համագումարի, կամ Սպիտակ տունէն ներս Փանամայի ջրանցքի մասին հնչած ելոյթի ընթացքին, կամ Օքլահոմայի մէջ ընտրարշաւի մը առիթով, մէկ կամ երկու պարբերութիւն կը յատկացնէինք Լիբանանի մասին: Այդ պատճառով, լիբանանցիները ինչ բանի որ համաձայնին՝ իրենց բոլոր կուսակցութիւններով եւ համայնքներով, մենք ալ համաձայն ենք ատոր:

Ալ-Քաթաէպ6. Ազատականները ինչ բանի որ համաձայնին՝ մենք համաձայն ենք ատոր:

Ազատականներ7. Մարոնիթ դաշինքը ինչ բանի որ համաձայնի՝ մենք համաձայն ենք ատոր:

Մարոնիթ դաշինք8. Ազգային դաշինքը ինչ բանի որ համաձայնի՝ մենք համաձայն ենք ատոր:

Ազգային խմբակցութիւն9. քիւրտերն ու հայերը ինչ բանի որ համաձայնին՝ մենք համաձայն ենք ատոր:

Քիւրտեր. Արզի պահապանները ինչ բանի որ համաձայնին՝ մենք համաձայն ենք ատոր:

Արզի Պահապաններ10. Սաաիտ Աքըլը ինչ բանի որ համաձայնի՝ մենք համաձայն ենք ատոր:

Սաաիտ Աքըլ11. Սանին լեռը, Ճըպէյլի բերդը եւ Պաալպաքի սիւները ինչ բանի որ համաձայնին՝ մենք համաձայն ենք ատոր:

Պաալպաքի սիւները. քաղաքական սիւները ինչ բանի որ համաձայնին՝ ես ալ համաձայն եմ ատոր:

Ալ-Մուրապիթուն12. Ընկերվարականները ինչ բանի որ համաձայնին՝ մենք համաձայն ենք ատոր:

Ընկերվարականներ13. Նասերիականները, ազգայնականներն ու համայնավարները ինչ բանի որ համաձայնին՝ մենք համաձայն ենք ատոր:

Համայնավարներ14. Բանուորական միութիւնը ինչ բանի որ համաձայնի՝ մենք համաձայն ենք ատոր:

Բանուորական միութիւն15. Գրողներու միութիւնը ինչ բանի որ համաձայնի՝ մենք համաձայն ենք ատոր:

Գրողներու միութիւն16. Ատոնիսը ինչ բանի որ համաձայնի՝ մենք համաձայն ենք ատոր:

Ատոնիս17. ես համաձայն եմ, եթէ Սան Ճոն Պերսը18 համաձայնի:

Բոլոր գրողները, բանաստեղծները, նշանաւոր դէմքերն ու հաշմանդամութիւն ունեցող մարդիկ. զինեալ խմբաւորումները ինչ բանի որ համաձայնին՝ մենք համաձայն ենք ատոր:

Քրիստոնէական կազմակերպութիւնները. ֆիտայական կազմակերպութիւնները ինչ բանի որ համաձայնին՝ մենք համաձայն են ատոր:

Ֆիտայական կազմակերպութիւնները. օրինական իշխանութիւնները ինչ բանի որ համաձայնին՝ մենք համաձայն ենք ատոր:

Օրինական իշխանութիւնները. միջազգային ուժերը ինչ բանի որ համաձայնին՝ մենք համաձայն ենք ատոր:

Միջազգային ուժերը. մենք համաձայն ենք, եթէ Սաատ Հատատի ուժերը համաձայնին:

Սաատ Հատատ19. ես ալ համաձայն եմ՝ եթէ Իսրայէլը համաձայնի…:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 22

Վաղարշապատ


1 Իսլամական ուխտագնացութիւններ, այցեր դէպի իրենց սուրբ քաղաք համարուող Մեքքէ, Սէուտական Արաբիա:

2 Փաքիստանի Փենճապ նահանգին մէջ քաղաք մը:

3 Սոմալիի մայրաքաղաքը:

4 Ինտոնեզիոյ Արեւմտեան Ճաուա նահանգի մայրաքաղաքը եւ Ինտոնեզիոյ կարեւորագոյն չորրորդ քաղաքը:

5 Սիրիլանքայի ամենէն մեծ քաղաքը, որ կը համարուի նաեւ անոր տնտեսական մայրաքաղաքը:

6 Լիբանանեան քրիստոնէական կուսակցութիւն մը: Հիմնուած է 1936-ին: Մինչ օրս կը գործէ:

7 Լիբանանեան աջակողմեան կուսակցութիւն մը: Հիմնուած է 1958-ին, Լիբանանի նախկին նախագահ՝ Քամիլ Շամունի կողմէ, իր պաշտօնավարութիւնը աւարտելէն անմիջապէս ետք:

8 Լիբանանեան քրիստոնէական կազմակերպութիւն մը: Հիմնուած է 21 օգոստոս 1952-ին: Ո՛չ շահութաբեր եւ ոչ քաղաքական կազմակերպութիւն մըն է, որու նպատակն է պաշտպան կանգնիլ Լիբանանի անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան:

9 Լիբանանի ամենէն հին կուսակցութիւններէն մէկն է: 1936-ին սկսած է գործունէութիւն ծաւալել որպէս քաղաքական հոսանք: 1943-ին սկսած է հանդէս գալ որպէս խորհրդարանական դաշինք: Իսկ 1946-ին, վերածուած է քաղաքական կուսակցութեան:

10 Լիբանանեան աջակողմեան ծայրայեղական ազգայնական կուսակցութիւն մը: Հիմնադիրն է Էթյէն Սաքըրը, որ յայտնի է «Ապու Արզ» անունով: Սաաիտ Աքըլի անոր հոգեւոր հայրը կը համարուի: Այս շարժումին կարգախօսն է՝ «Քու հրամանիդ պատրաստ՝ Լիբանան»: Հիմնուած է փետրուար, 1975-ին:

11 Լիբանանցի ժամանակակից բանաստեղծ: Ծնած է 4 յուլիս 1912-ին, մահացած է 24 նոյեմբեր 2014-ին:

12 Լիբանանի մէջ Նասերիական (Եգիպոտոսի նախագահ՝ Ճամալ Ապըտ ալ-Նասէրի գաղափարախօսութեան հետեւող) անկախ շարժում մը, որ ծանօթ է «Ալ-Մուրապիթուն» անունով: Իսլամական (սուննի) ռազմական խմբաւորում մը, որ ստեղծուած է 1957-ին՝ Իպրահիմ Քըլելաթի կողմէ:

13 Լիբանանեան Յառաջդիմական ընկերվարական կուսակցութիւն, որ Լիբանանի ամենէն գործունեայ կուսակցութիւններէն մէկը կը համարուի: Գործունէութիւն սկսած է ծաւալել 20-րդ դարու կէսերէն:

14 Լիբանանի Համայնավարական կուսակցութիւն, հիմնուած է 1924-ին:

15 Լիբանանի Բանուորական միութիւն, հիմնուած է 1958-ին:

16 Լիբանանի Գրողներու միութիւն, հիմնուած է 20 օգոստոս 1968-ին:

17 Ալի Ահմատ Ատոնիս Իսեր: Ծնած է 1 յունուար 1930-ին, Սուրիա: Սուրիացի-լիբանանցի-ֆրանսացի բանաստեղծ, քննադատ, ակադեմիկոս եւ մտաւորական: 20-րդ դարու երկրորդ կէսին արաբական բանաստեղծութեան մէջ արդիական սէյսմիկ յեղափոխութիւն մը յառաջացուցած է: Ան յաջողած է ձեւակերպել այնպիսի մօտեցում մը արաբական բանաստեղծութեան մէջ, որ հիմնուած է լեզուն օգտագործել այնպէս, որ ստեղծագործական եւ փորձարարական մեծ քանակութիւն ունենայ, ինչ բանը կը գերազանցէ աւանդական գործածութիւնները՝ չշեղելով սակայն դասական արաբական լեզուէն ու անոր քերականական չափանիշներէն: Ատոնիսը հեղինակ է աւելի քան քսան հատոր գիրքերու:

18 Բուն անունը Ալեքսիս Լէկէր (31 մայիս 1887-20 սեպտեմբեր 1975): Ֆրանսացի բանաստեղծ, գրող եւ դիւանագէտ: 1960-ին Նոպէլեան Գրականութեան մրցանակին արժանացած է, իր բանաստեղծական թռիչքին ու ոգեշնչող պատկերներուն համար, որոնք ժամանակի պայմանները կ՚արտացոլեն:

19 Ծնած է 1936-ին, մահացած է 14 յունուար 1984-ին: Լիբանանցի սպա, որ լիբանանեան բանակին մէջ հազարապետ եղած է: Իսրայէլի Մոսատին հետ գործակցած է, պայքարելու Պաղեստինի գոյութեան դէմ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2024