«ՎԱՐՊԵՏ ՁԵՌՔԵՐՈՒ ԿԱԽԱՐԴԱՆՔԸ»

«Պոլիս լուսատու» լուսանկարիչներու խմբաւորումը այս օրերուն գեղարուեստասէրներուն ու հետաքրքիրներուն կը ներկայացնէ «Վարպետ ձեռքերու կախարդանքը»։ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի խրախուսանքով կազմակերպուած այս ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Թոփհանէի DEPO-ին մէջ։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան։

«Պոլիս լուսատու»ի այս նախաձեռնութիւնը համախմբեց՝ մասնաւորապէս լուսանկարչութեան հետամուտները։ Արդարեւ, այս ծրագրի շահեկան ըլլալու պատճառը միայն ներկայացուած լուսանկարներու որակը չէ, այլեւ անոնց վաւերագրական նշանակութիւնը։ Արդարեւ, խմբաւորման անդամները ցուցահանդէսի այցելուներուն կը մատուցեն քառասուն վառ դրուագներ, որոնք ի յայտ կը բերեն հայ համայնքի նուազ ծանօթ ստեղծագործական երեսակները եւ անոնց Իսթանպուլի հաւաքական յիշողութեան մէջ զբաղեցուցած տեղը։ «Պոլիս լուսատու»ն շուրջ տարուան մը աշխատանքի հիման վրայ պատրաստած է այս ցուցահանդէսը, որով շեշտը կը դրուի այժմ կորուստի մատնուած արհեստներուն եւ հաւաքականութեան մը վրայ։ Արհեստներու անհետացումը պայմանաւորուած է թեքնոլոժիի փոփոխութիւններով, իսկ հաւաքականութեան պարագան կախում ունի Իսթանպուլի մէջ հայոց բնակութեան հետզհետէ նուազելով։ Այս երկու դիտարկումներու խաչմերուկին վրայ կու գայ իր պատգամը տալու ցուցահանդէսը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ յուլիսի 13-ը։

Երէկուան բացման հանդիսութեան ընթացքին «Պոլիս լուսատու»ի անունով ներկաները ողջունեց Սարգիս Կիւրեղը, իսկ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը արտասանեց գնահատանքի խօսք մը։

Ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ՝ Արման Ճամկէօզօղլուի, Պերճ Արապեանի, Տիգրան Տիւլկէրեանի, Էտմոն Սէֆէրի, Կարօ Միլոշեանի, Մկրտիչ Արծիւեանի, Նուրհան Աքքայայի եւ Սարգիս Պահարօղլուի ոսպնեակներու յաւերժացուցած դրուագները։

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2024