ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Խոր ցաւով եւ մտահոգութեամբ տեղեկացանք երէկ՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ Սարդարապատի հերոսամարտի 106-ամեակի յիշատակութեան օրը, Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ պատմութեան մէջ աննախադէպ ամօթալի եւ խիստ դատապարտելի իրողութեան:

Սարդարապատի հերոսամարտին, հայ ժողովուրդի համար այդ օրհասական օրերուն զինուորներու, հրամանատարներու, գիւղացիներու, շինականներու եւ մտաւորականներու կողքին մէկ ձեռքով խաչ, միւս ձեռքով զէնք բռնած կը մարտնչէին նաեւ հոգեւորականները: Բախտորոշ այդ օրերուն զինուորական ղեկավարութիւնը կը պահանջէր Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. Սուրենեանց Կաթողիկոսէն՝ փոխադրուիլ աւելի ապահով վայր մը, իսկ Արամ Մանուկեան կ՚առաջարկէր ապահովութեան համար ձգել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ պատսպարուիլ Սեւան: Անոնք ամէն կերպ կը ջանային ապահովել Հայոց Հայրապետի անվտանգութիւնը, պաշտպանել զայն թշնամիի հնարաւոր յարձակումէն:

Այսօր, 106 տարի անց, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը ո՛չ միայն չ՚ապահովեր Ամենայն Հայոց Հայրապետին անվտանգութիւնը, այլեւ տարապայման, քստմնելի վերաբերմունքի դրսեւորմամբ, քանի մը անգամ պատնէշ կազմելով, քաշկռտելով՝ փորձ կ՚ընէ կանգնեցնել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետի եւ անոր ուղեկից հոգեւորականութեան ընթացքը դէպի Սարդապարատի յուշահամալիր:

Յանուն Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան, խստագոյնս կը դատապարտենք Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան ամօթալի եւ անպատուաբեր վարմունքը հանդէպ Ամենայն Հայոց Հայրապետին: Լիայոյս ենք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը կը վերանայի իր գործելակերպն ու վերաբերմունքը հանդէպ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ բացառելով նմանօրինակ միջադէպերու կրկնութիւնը:

Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ հայցելով Բարձրեալի օգնականութիւնը եւ մաղթելով «երկար օրեր Հայոց Հօր»:

Հայոց Եկեղեցին մշտապէս եղած է ու պիտի մնայ հայու գոյութեան, հայ մշակոյթի պահպանման, հայոց պետականութեան շէնացման առհաւատչեան, ուստի «Ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը, ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ոչ ալ որեւէ այլ դառն հարուած…» կրնան խարխլել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմերը:

Աղօթարար՝

ՆՈՒՐՀԱՆ ԱՐՔ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Հայ Պատրիարք Երուսաղէմի

29 մայիս 2024թ.

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2024