ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Մայիսի 28-ին, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ Սարդարապատի հերոսամարտի 106-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան օրը, ցաւով տեղեկացանք Ամենայն Հայոց Հայրապետի եւ հոգեւորականաց դասու դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկաններուն անյարիր պահուածքի մասին։ Անոնք ամէն ձեւով կը փորձէին խոչընդոտել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մուտքը Սարդարապատի յուշահամալիր: Խոր ցաւով ստիպուած ենք արձանագրել, որ աննախադէպ ամօթալի երեւոյթ մըն էր պատահածը։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը, ի գլուխ ունենալով թեմակալ առաջնորդը, թեմական խորհուրդը եւ հոգեւորականաց դասը, խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին դէմ Հայաստանի ոստիկանութեան այս գործելաոճը, որ դուրս է ողջախոհութեան բոլոր սահմաններէն:
Կոչ կ՚ուղղենք պետական պատկան մարմիններուն՝ ուշադիր եւ անաչառօրէն քննել միջադէպը եւ պատասխանատուութեան ենթարկել մեղաւորները։
Մեր զօրակցութիւնն ու որդիական խոնարհումը կը բերենք Վեհափառ Տիրոջ՝ աղօթելով Բարձրեալին, որ անսասան պահէ մեր Սուրբ Եկեղեցին, հայրենի ժողովուրդն ու հայրենիքը:
ԴԻՒԱՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ