ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին արարողութիւններուն նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէ ելքի յիշատակութեան տօնակատարութիւններուն առթիւ պատարագեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ եկեղեցւոյ սատարողներուն համար, նաեւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Ատենապետ Մասիս Գույումճուի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց ներկաները, որոնք գնահատեցին Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ ջանքերը։