ԻՍՐԱՅԷԼԸ ՊԱՇԱՐՈՒԱ՞Ծ. ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԿՐԱԿՈՑԸ…

Իսրայէլի համար ծանր գիշեր մը դարձաւ Կազզէի պատերազմը։ Այս դրութեան շատ հաւանաբար համաձայն է նոյնինքն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Խօսելով վերջին օրերու ռազմական գործողութիւններուն մասին, հարկ է, անշուշտ, մտաբերել, որ Իսրայէլի քաղաքական վերնախաւին ու յատկապէս «պատերազմի փոքրացուած կառավարութեան» համար վաղուց արդէն համոզում դարձած է, որ ռազմական ճանապարհով «Համաս»ը ոչնչացնելը կամ առնուազն խաղէն հանելու բոլոր միջոցները սպառած են։

Իսրայէլ պարզապէս ժամանակ կը շահի, կը խուսանաւէ ու կը փորձէ այս երկու նաւակներով իր ներքին քաղաքական ընդհանուր գետինը պահել որոշ անդորրի մը մէջ։ Ճիշդ է, որ երկրի խորհրդարանին՝ Քնեսեթին մէջ թէժ քննարկումները կը շարունակուին, ընդդիմութեան գլխաւոր առաջնորդ Եաիր Լափիտն ու Նեթանիյահուն ծանրագոյն մեղադրանքներ կը հնչեցնեն իրարու հասցէին, սակայն քաղաքական համայնապատկերը ընդհանրապէս կը շարունակէ մնալ կայուն։

Նեթանիյահու «կարթ» կը նետէ հասարակութեան եւ կը վստահեցնէ, որ մինչեւ վերջ պիտի երթայ այս պայքարին մէջ, սակայն, միւս կողմէ, բանակը կ՚ենթարկուի ահաւոր հարուածներու, որմէ ետք ալ ծայր կ՚առնեն բաւական թէժ մթնոլորտով պայմանաւորուած քննարկումներ։

Նեթանիյահու, որ մեծ վարպետ մըն է ներքին խաղերը եւ ալիքները փոխելու եւ խաղաքարտերը իրար խառնելու տեսակէտէ, յաճախ կը խօսի Լիբանանի հետ սահմանային շրջանի իրադրութեան մասին։ Իսրայէլի պատերազմի նախարար Պենի Կանց կը սպառնայ Լիբանանին՝ հաւատալցնելով, որ իրենք անպայման ցաւագին հարուած մը պիտի տան այդ երկրին։

Իսրայէլի ծայրայեղ աջակողմեան այս գործիչներուն համար ժամացոյցի սլաքները կ՚ընթանան շատ արագ եւ այդ արագութիւնը, անշուշտ, պայմանաւորուած չէ միայն պատերազմի դաշտէն եկած սեւ հեռագիրներով, այլ կապ ունի միջազգային հանրութեան տեսակէտներով, որոնք օր ըստ օրէ կը փորձեն աւելիով նեղ կացութեան մատնել Իսրայէլն ու յատկապէս երկրի բոլոր առումներով ձախողած կառավարութիւնը։

Այս առումով ալ խօսքը կը վերաբերի ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանին, որ դեռ օրեր արձակեց վճիռ մը՝ Իսրայէլին արգիլելով ռազմական գործողութիւնները Ռեֆահ շրջանին մէջ տեղակայուած «Համաս»ին դէմ։

Ի դէպ, Արդարադատութեան միջազգային ատեանի այդ որոշումը կարծէք չի կենար միայն Ռեֆահի սահմաններուն։ Միջազգային կարգ մը վերլուծաբաններու կողմէ հնչած է տեսակէտ մը, որ կայ խորքային միտում Իսրայէլը համարելու ցեղասպան տէրութիւն, նաեւ երկրի վարչապետն ու անոր պատերազմի նախարարը յայտարարել հետախուզուած անձնաւորութիւններ՝ յորդորելով ատեանին հետ համագործակցող բոլոր երկիրները, որպէսզի ձերբակալեն եւ կալանքի տակ առնեն զանոնք։

Ամէն պարագայի, հակառակ այս միտումներու՝ ՄԱԿ-ի դատարանի դատախազները կը շարունակեն լուռ մնալ իրենց ընելիքներուն վերաբերեալ։ Հանրութիւնը իր ամբողջ ուշադրութիւնը ուղղած է Ռեֆահի վրայ՝ հասկնալու համար, թէ Իսրայէլ ինչքանո՛վ պատրաստ է իսկապէս դառնալ «սեւ ագրաւ», հետեւաբար նաեւ հանդիսանալ «հալածուած եւ մերժուած» տէրութիւն մը։

Վերջերս ամերիկեան յառաջատար «The Washington Post»ի մէջ լոյս տեսաւ յօդուած մը, որու մէջ մատնանշուած է միջազգային հանրութեան կողմէ Իսրայէլի շրջափակման մէջ ըլլալը՝ թուարկելով կարգ մը հիմնական փաստեր այդ առումով։ Ըստ թերթի հաղորդման՝ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու կամաց-կամաց ինքզինք կը գտնէ մեկուսացման մէջ եւ անոր կառավարութիւնը շրջափակուած է՝ զանազան իրաւական մարտահրաւէրներու եւ համաշխարհային հասարակական կարծիքի փոփոխութեան լոյսին տակ։ Կազզէի պատերազմին հետեւանքով յառաջացած համաշխարհային հասարակական կարծիքի զայրոյթը վարչապետն ու իր կարչախումբը կանգնեցուց աշխարհի կարեւորագոյն երկու դատարաններու առջեւ։ Եւ կ՚ակնկալուի, որ Արդարադատութեան միջազգային ատեանը հրապարակէ իր հրամանը՝ յանձնարարելով Իսրայէլին դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները Կազզէի, նաեւ Ռեֆահի մէջ։

Յօդուածին մէջ նշուած է, թէ իրաւական ճնշումը կը մեծնայ՝ հակառակ Իսրայէլի պաշտօնեաներու կողմէ որոշման դէմ ընդդիմանալուն եւ պատերազմը շարունակելու անոնց սպառնալիքներուն։ Մինչ ՄԱԿ-ի դատարանի դատախազը՝ Քարիմ Խան անցեալ շաբթուան սկիզբը դիմած էր Նեթանիյահուի եւ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի նկատմամբ ձերբակալութեան հրաման արձակելու վերաբերեալ:

Խան իր դիմումին մէջ փաստեր ներկայացուցած է Իսրայէլի կողմէ սովը որպէս պատերազմի զէնք օգտագործելու, դէպի Կազզէ մարդասիրական օգնութեան մուտքը խոչընդոտելու եւ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ անոր վարքագծին վերաբերեալ, որ համատարած եւ անխտիր վնաս հասցուցած է խաղաղ բնակչութեան: Խան ըսած է. «Անկախ ռազմական նպատակներէն, Իսրայէլի՝ Կազզէի մէջ այդ նպատակներուն հասնելու ընտրած միջոցներն են՝ դիտաւորեալ մահ, սով, ծայրայեղ տառապանք եւ քաղաքացիական բնակչութեան մարմիններուն կամ առողջութեան լուրջ վնասներ պատճառելը, բոլորը յանցաւոր միջոցներ են»։

Եթէ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի նախաքննական պալատը Նեթանիյահուի եւ Կալանթի ձերբակալութեան որոշում տայ, պայմանագրի համաձայն ատեանի անդամ 124 երկիրները պարտաւոր են ձերբակալել տուեալ անձնաւորութիւնները, եթէ անոնք ոտք դնեն իրենց սահմաններէն ներս:

Ամէնօրեայ դրութեամբ աճող մեկուսացումը նաեւ կ՚արտացոլէ որոշակի անհեռատեսութիւն՝ Իսրայէլի քաղաքական շրջանակներուն եւ նոյնիսկ հասարակութեան կողմէ, որոնք չկրցան ընմբռնել Կազզէի մէջ իրենց կառավարութեան գործողութիւններու դէմ զայրոյթի խորութիւնը: Անհեռատեսութիւն ըսելով այստեղ խօսքը միայն հոկտեմբերի 7-ին Իսրայէլի միջազգային աջակցութեան մսխման մասին չէ, այլ անոր, որ Իսրայէլի առաջնորդները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի մեղադրուին պատերազմական յանցագործութիւններ կատարելու մէջ։

Նեթանիյահուն, որ կը պնդէ, թէ մեծ առաջնորդ մըն է, այսօր չի կրնար հասնիլ իր ռազմավարական նպատակներուն եւ, հետեւաբար, Իսրայէլը մատնուած է մեծ դժուարութիւններու, որոնք երկար տարիներ պիտի հետապնդեն զինք։ Պէտք է հաշուի առնել, որ ՄԱԿ-ի դատարանի քննարկումներուն առընթեր՝ Փրիթորիան կ՚ուզէ, որ դատարանը պարտադրէ Իսրայէլին՝ անյապաղ դադրեցնել բոլոր ռազմական գործողութիւնները։ Նոյն առումով շարք մը երկիրներ՝ ներառեալ Եգիպտոսը, Լիպիան եւ Թուրքիան յայտարարեցին, որ կը սատարեն Հարաւային Ափրիկէի կողմէ Իսրայէլի դէմ յարուցուած ցեղասպանութիւն կատարելու մեղադրանքներու հայցին։

Յիշեցնենք, որ Եւրոպայի քանի մը երկիրներ, նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու միջոցով, խոստացած են իրականացնել Արդարադատութեան միջազգային ատեանին կողմէ ընդունուած որեւէ որոշում՝ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիյահուն եւ անվտանգութեան նախարար Կալանթը կալանաւորելու վերաբերեալ, եթէ անոնք ժամանեն իրենց տարածքը։ Այդ պաշտօնատարներու առաջին շարքին են Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց եւ Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Իսպըն Պարթը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 3, 2024