ԱԿՆԱՐԿ - 69 - ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՂԵԿԱՎԱՐԵԼ՝ ՓՈՂՈՑԱՅԻՆԻ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ
28 մայիս 2024 թուականը մեր նոր պատմութեան ամենէն սեւ էջերէն մէկը դարձաւ, շնորհիւ փողոցէն մեր պետութեան ղեկին գլուխը անցնող խումբ մը չկայացած անհատներու, որոնք անցնող վեց տարիներու ընթացքին, ջանք չեն խնայեր մեր պետութեան հիմքերը արմատէն կազմաքանդելու:
28 մայիս 2024-ին Սարդարապատի մէջ տեղի ունեցածը ո՛չ թէ ըստ օրէնքի կատարուած քայլ մըն էր, այլ՝ զզուելի արարք մը մեր երկրի վարչապետին կողմէ, որով կը փորձէր կայանալ ու իր լսարանին տեսնել տալ, թէ ինք ամէն ինչի ի զօրու է:
28 մայիսին կատարուածը ո՛չ թէ անարգալից վերաբերմունք էր Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին դէմ, այլ՝ առաջին հերթին մեր պետականութեան, որովհետեւ ինքզինք յարգող ու արժէնքեր ունեցող պետութիւն մը, ինքն իրեն թոյլ չէր տար նման կերպ վարուիլ իր ժողովուրդի ամենէն նուիրական սրբութիւններէն մէկուն նկատմամբ: Այս քայլը, արդարեւ, փաստ մըն էր, որ գործող վարչակարգը ո՛չ ինքզինք կը յարգէ եւ ո՛չ ալ արժէքներ ունի: Գործող վարչակարգին արժէքները նիւթականէն այն կողմ չեն անցնիր…:
28 մայիսին կատարուածը ո՛չ թէ նուաստացուցիչ քայլ մըն էր Հայոց Հայրապետին նկատմամբ, որու ձեռքին ջուր իսկ չի կրնար լեցնել ո՛չ վարչապետին աթոռին յայտնուած անձը եւ ո՛չ ալ իւրայինները: Այստեղ տեղը չէ թուարկելու Հայոց Հայրապետին կատարած ազգանուէր եւ հայրենաշէն գործունէութեան մանրամասնութիւնները: Իւրաքանչիւր հայորդի Հայաստանի իւրաքանչիւր քայլափոխին կրնայ ականատես դառնալ Վեհափառի այդ գործունէութեան (խօսքս չի՛ վերաբերիր անոնց՝ որոնք մղուած անձնական շահերէ ու նկրտումներէ, ամէն կերպով կը փորձեն ցեխարձակել Վեհափառի անձը, մոռնալով, որ մեզմէ ո՛չ ոք դատաւոր կարգուած է, Տէր Յիսուսի իսկ խօսքերով. «Մի՛ դատէք ուրիշները, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատէ. որովհետեւ ի՛նչ սկզբունքով որ ուրիշները դատէք՝ Աստուած անով պիտի դատէ ձեզ, եւ ի՛նչ չափանիշ որ գործածէք՝ նոյնը Աստուած պիտի գործածէ ձեզ դատելու համար» (Մտ 7.1-2): Եթէ Վեհափառը սխալներ գործած է, ապա Աստուա՛ծ է բոլորիս Դատաւորը: Մենք ո՞վ եղանք որ մենք մեզ Աստուծոյ տեղ դնենք: Քա՜ւ լիցի: Եւ յետոյ մենք մեզ հաւատացեալ եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին նուիրեալ զաւակ կը կարծենք… Պարզապէս ողբալի է…):
28 մայիսին Սարդարապատի մէջ կատարուածը ո՛չ թէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը խայտառակելու փորձ մըն էր, այլ՝ հայ ժողովուրդը խայտառակելու կանխամտածուած եւ երկա՜ր սերտուած քայլ մըն էր, որ գործող իշխանութիւնները ամենայն վարպետութեամբ յաջողեցան իրականացնել՝ ի տես նոյն ժողովուրդի զաւակներուն: Ո՛չ միայն այդ խայտառակուած ժողովուրդին աչքին առջեւ, այլ՝ այդ ժողովուրդին քաջալերանքով եւ հրճուանքով իրականացած խայտառակութիւն մըն էր: Տեսա՞ծ էք երբեւէ ժողովուրդ մը, որ կը քաջալերէ զինք խայտառակողը եւ հրճուանք կ՚ապրի իր կրած խայտառակութեամբ: Անձնապէս չէի տեսած, բայց 28 մայիսին տեսայ, եւ այդ ժողովուրդը դժբախտաբար հայ ժողովուրդն է…
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին անձերէ վեր է եւ կատարուածը դարձեալ կը կրկնենք, որ ո՛չ թէ Վեհափառի անձին դէմ էր, այլ՝ Հայ Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը արժեզրկելու միտում ունէր: Որովհետեւ, գործող իշխանութիւնները նիւթապէս սնող եւ ղեկավարող ուժերը, լաւապէս հասկցած ու գիտակցած են, որ հայ ժողովուրդը ծունկի բերելու ճամբան՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին ծունկի բերելուն մէջէն կ՚անցնի, եւ առ այդ իրենց ուժերը լարած են այդ ուղղութեամբ եւ ամէն կերպ կը փորձեն ծունկի բերել զայն: 28 մայիսին Սարդարապատի մէջ կատարուածը այդ փորձերէն մէկն էր պարզապէս, եւ դժբախտաբար պիտի արձանագրենք՝ ո՛չ վերջինը:
Այս իշխանութիւնները եւ զիրենք կառավարող ուժերը կ՚անգիտանան սակայն, որ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին անձերու վրայ չէ՛ հիմնուած, այլ՝ Քրիստոսի՝ Աստուծոյ Կենդանի Վէմին: Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն ներս անձերը կու գան ու կ՚երթան, ինչպէս կը վկայէ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Բարոյեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, երբ կ՚ըսէ. «Անձերը կու գան ու անձերը կ՚երթան: Կաթողիկոսները կը գործեն ու կ՚անցնին: Միա՛կ մնայունը Հայոց Հայրապետական Սուրբ Աթոռն է: Միա՛կ կանգունը՝ Հայոց Սուրբ Եկեղեցին է: Եւ միա՛կ յաւերժականը՝ Հայոց ժողովուրդն է»:
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անցեալի ու ներկայի արժանաւոր Գահակալները եւ անոնց զինուորագրուած միաբանութիւնը այս տեսլականով եւ այս գաղափարականով է, որ ծառայեցին ու կը ծառայեն տակաւին: Եւ այստեղ է գաղտնիքը, որ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին դարերէ ի վեր դարձած է եւ է տակաւին մեր ժողովուրդի սիրտին արիւն մատակարարող ԶԱՐԿԵՐԱԿԸ:
28 մայիս 2024-ին Սարդարապատի մէջ այդ զարկերակը վնասելու եւ կտրելու առաջին փորձը կատարուեցաւ: Հայ ժողովուրդ, սթափի՛ր, քանի այդ զարկերակդ չեն կտրած, այլապէս որոշ ժամանակ աջ ու ձախ պիտի թփռտաս, մինչեւ քամի սիրտիդ ու երակներուդ մէջ եղող վերջին կաթիլ արիւնը…
Տակաւին ուշ չէ՛ խուսափիլ այդ թփռտոցէն: Զգաստանալ ու արթննալ է պէտք խորունկ թմբիրէն, որու մէջ նետած են մեզ բոլորս՝ ազգովին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
3 յունիս 2024, Վաղարշապատ