ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Էսաեան լիսէի աշակերտները երէկ այցելեցին «Վարպետ ձեռքերու կախարդանքը» ցուցահանդէսը, որ բացուած է Թոփհանէի «Tütün Deposu»ին մէջ։ «Պոլիս լուսատու» լուսանկարիչներու հարթակին կողմէ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը վերջին շրջանին կ՚արժանանայ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Էսաեանցի սաներն ալ հետաքրքրութեամբ ծանօթացան ցուցահանդէսին գծով ներկայացուած դրուագներուն։ Աշակերտներու այցելութեան «Պոլիս լուսատու»ի անունով մասնակցեցաւ Մկրտիչ Արծիւեան, որ երիտասարդներուն եւ իրենց ուղեկից կրթական մշակներուն տուաւ բացատրութիւններ։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024