ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ Ի ՄԱՍԻՆ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՊԱՇՏՕՆԱՏԵՂԻՆԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆՑ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ հովուական պաշտօններու մէջ կատարուած են փոփոխութիւններ, որոնք հոգեւոր հայրերու եւ պատկան թաղական խորհուրդներուն հաղորդուած են 6 յունիս 2024 թուակիր պաշտօնագրերով։

Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան. Երէց՝ Ֆէրիգիւղի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ։

Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան. Երէց՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մատրան, պահելով Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողոմէոս եկեղեցւոյ երիցութեան պաշտօնը։

Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան. Երէց՝ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ, պահելով Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երիցութեան պաշտօնը։

Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան. Երէց՝ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ եւ այցելու երէց՝ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ։

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

6 յունիս 2024

14550

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024