ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր երկօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։ Ուղեւորութեան առաջին փուլին ան շփումներ կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ֆիտան աւելի վերջ Նիժնի Նովոկորոտի մէջ կը մասնակցի «BRICS+»ի հանդիպման, որ կազմակերպուած է «BRICS»ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման շրջանակներէն ներս։

Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին հերթական անգամ յետաձգուած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա այցելութիւնը։ Այդ հաղորդումներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ տեղի կ՚ունենայ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ այս բարձր մակարդակի շփումը։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրով՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր կ՚այցելէ Անգարա։ Կը հաղորդուի, որ երկու ղեկավարները կարծիքներ կը փոխանակեն տարածաշրջանային եւ համաշխարհային օրակարգի արդի խնդիրներուն շուրջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 10, 2024