ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ
Օրթագիւղի ընտանիքը թաղի Թարգմանչաց վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն հրաժեշտ տուաւ յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ։ Շրջանաւարտութեան հանդէսը համախմբեց թաղի վարիչները, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ բազմաթիւ հիւրեր, որոնք ջերմօրէն շրջապատեցին տղաքը։
Հանդէսի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ դասարանի ուսուցչուհի Թալին Կարիպկիւն։ Դպրոցի սրահին մէջ գործադրուած բաժնէն վերջ յայտագիրը շարունակուեցաւ պարտէզի բացօթեայ փուլով՝ ճաշասեղաններու շուրջ։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չեթինքայա, Թարգմանչաց վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Հայկ Ասլանեան եւ տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին։ Օրուան գեղարուեստական յայտագիրը առաւել չափով բաղկացած էր պարերէ եւ երաժշտութենէ, որոնցմով տղաքը արժանացան ծափահարութիւններու։
Շրջանաւարտներուն բարձր տրամադրութեան պայմաններով յանձնուեցան իրենց վկայականներն ու յուշանուէրները՝ մինչ դափնեկիրներուն համար պատրաստուած էին նաեւ առանձին պարգեւներ։
Հուսկ, տղոց համար պատրաստուած կարկանդակը հատուեցաւ բարեմաղթութիւններու մթնոլորտին մէջ։ Անոնք՝ որպէս դպրոցի աշակերտ վերջին անգամ պարտէզին մէջ զուարճացան եւ իրարու հետ բարեմաղթութիւններ փոխանակելու փուլին խոստացան նաեւ կապը չխզել Թարգմանչաց վարժարանին եւ իրարու հետ։