ԱԿՆԱՐԿ - 71 - ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածելով, կը ներկայացնենք հետաքրքրական գրութիւն մը՝ «Քաղաքականութեան վնասները» խորագիրը կրող, նկատի ունենալով, որ այս օրերուն, ազգովին քաղաքական «գործիչ»ներու եւ «քաղաքագէտ»ներու վերածուած ենք: Յոյս ունինք, որ այս յօդուածը գէթ մէկ անգամ կարդացողին համար վերաքննութեան առիթ կը հանդիսանայ եւ եթէ ինք զինք յօդուածին մէջ թուարկուած խումբերէն մէկուն մէջ գտնէ, կարենայ ձերբազատիլ եւ հանգիստ ու խաղաղ ապրիլ: Յօդուածին հեղինակն է՝ աստուածաբանական գիտութիւններու դոկտոր՝ Բրշ. Գէորգ Սրկ. Նալպանտեանը: Յօդուածը վերցուցած ենք surbzoravor.am կայքէջէն. https://shorturl.at/J4n34:
Քաղաքականութիւն բառը Մալխասեանցի «Հայերէն բացատրական բառարանի»ն համաձայն, կը նշանակէ՝
1. Պետութեան գործերը կառավարելու որոշակի ուղղութիւն:
2. Երկրի որեւէ վարչութեան՝ կուսակցութեան կամ կազմակերպութեան բռնած ուղղութիւնը:
3. Պետութեան մը յարաբերութեան եղանակը այլ պետութիւններու հետ:
4. Անհատի մը՝ այս կամ այն կերպ վարուելու եղանակը, իր նախադրեալ նպատակին հասնելու համար:
5. Որեւէ մէկ գործի մէջ ճարտարութիւն, խորամանկութիւն:
Քաղաքականութիւնը աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ժողովուրդներուն կեանքին մէջ ներկայ է. սակայն, մարդոց վրայ քաղաքականութեան ձգած դրական եւ ժխտական ազդեցութիւնները հաւասար չեն: Մարդիկ կան, որոնք քաղաքագէտ չեն, բայց քաղաքականութեան կողմէ գերեվարուած են. քաղաքականութիւնը անոնց գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է: Այդպիսներուն ջիղերը գերզգայուն են, հոգեկան աշխարհը՝ ալեկոծուած, տրամադրութիւնը՝ անկայուն: Այդ բոլորին վրայ կ՚աւելցուի՝ ֆիզիքական առողջութեան վատթարացումը, ժամավաճառութիւնը, ռումբի նման լարուած ու գերզգայուն վիճակը, որեւէ մէկ բան ծրագրելու եւ կատարելագործուելու ունակութեան բացակութիւնը, սխալ դաստիարակութիւնը, եւ այլն:
Այս յօդուածին նպատակը քննարկել է քաղաքանութիւնը ժամանակային, առողջապահական, դաստիարակչական եւ հոգեւոր մօտեցումներով: Ներկայացնել քաղաքականութեան վնասները մարդու միտքին, սիրտին, մարմինին եւ հոգիին վրայ, որպէսզի լաւ գիտնանք, որ ո՛չ թէ քաղաքականութիւնը մեր կեանքը պիտի ուղղէ, այլ՝ մենք չափ ու սահման պէտք է դնենք քաղաքականութեան եւ ատոր ոտնձգութիւններուն:
Քաղաքականութիւնը ժամանակային մօտեցումով
Ժամանակը արժէքաւոր է, որովհետեւ մեր կեանքը ժամանակի մասնիկներէ բաղկացած է՝ երկվայրկեաններէ, վայրկեաններէ, ժամերէ, օրերէ, շաբաթներէ, ամիսներէ ու տարիներէ: Ինչքա՜ն մարդիկ կան, որ փափաք ունին իրենց ժամանակը անիմաստ բաներու վրայ վատնել, մինչդեռ ուրիշներու համար մէ՛կ վայրկեանն իսկ մե՜ծ արժէք ունի:
Այո՛, 21-րդ դարուն մէջ կ՚ապրինք, երբ իւրաքանչիւր վայրկեան քաղաքական նոր իրադարձութիւն մը կը կատարուի աշխարհի որեւէ մէկ մասին մէջ, եւ անհրաժեշտ է որ կարելիին չափ տեղեակ ու գիտակ ըլլալ ատոնց մասին: Սակայն, չափէն դուրս քաղաքական լուրեր ունկնդրելը ժամավաճառութիւն է: Ցաւալի է, երբ որոշ քրիստոնեաներ, օրուան մի քանի ժամը քաղաքական լուրերու հետեւելուն կը տրամադրեն, մինչ մէ՛կ վայրկեան իսկ Քրիստոսին չե՛ն տրամադրեր, որ իրենց համար մարմնացաւ, չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, մեռաւ, յարութիւն առաւ, որպէսզի իրենց առջեւ Երկինք գացող ճամբան բանայ: Քաղաքականութիւնը ա՛յնքան զօրաւոր է, որ կրնայ որոշ մարդոց կեանքին ժամանակը սպառել եւ զանոնք Աստուծմէ հեռացնել:
Քաղաքականութիւնը առողջապահական մօտեցումով
Օրուան ընթացքին չափէն աւելի քաղաքական լուրեր մտիկ ընելը, մարդուն վրայ իր մեծ ու բացասական ազդեցութիւնը ունի: Այս պարագային, քաղաքականութիւնը մեր միտքին գլխաւոր նիւթը կը դառնայ, մեր աստուածապարգեւ միտքը կը յօշոտէ՝ զայն իրեն գերի դարձնելով: Ինչքա՜ն մարդիկ, որոնց հանճարող միտքը թէ՛ իրենց անմիջական միջավայրէն ներս եւ թէ համայն մարդկութեան համար կրնար բարիքներ գործել, քաղաքականութեան զոհը դարձած են, մթագնելով իրենց մէջ եղած հանճարը: Քաղաքականութեան պատճառով անոնց մտային կարողութիւնն ու առողջութիւնը տկարացած ու վատթարացած է:
14 յունուար 2022-ին, «National Center for Biotechnolog»ն, իր կայքէջին վրայ զետեղած է «Քաղաքականութիւնը մեզ կը հիւանդացնէ» խորագիրը կրող յօդուածը: Իսկ 13 յունուար 2023-ին, Ամերիկեան հոգեբանական ընկերակցութիւնը (American Psycological Association) իր կայքէջին վրայ հրապարակած է «Քաղաքականութիւնը առօրեայ կեանք կը ներթափանցէ՝ ժխտականօրէն ազդելով հոգեկան առողջութեան վրայ» խորագիրը կրող յօդուածը:
Քաղաքականութիւնը դաստիարակչական մօտեցումով
Մանուկներու իրաւունքներն են ո՛չ միայն լաւ սնուիլն ու կրթուիլը, այլեւ՝ լա՛ւ դաստիարակութիւնն ու առողջ միջավայրը: Ծնողներուն կողմէ մանուկներուն ներկայութեամբ ամէն գիշեր ժամերով քաղաքական լուրերուն հետեւիլը սխալ դաստիարակութիւն է, որովհետեւ մանուկները պէտք է իրենց մանկական անմեղ աշխարհին մէջ ապրին՝ հեռու մնալով քաղաքականութեան գլխացաւ յառաջացնող քաշքշուքներէն: Ողբերգական է տեսնել ու իմանալ, որ քաղաքականութիւնը արդէն իսկ որոշ մանուկներու ներաշխարհէն ներս թափանցած է եւ անոր ներկայութիւնը մորֆինի ազդեցութեան վերածուած:
Քաղաքականութիւնը հոգեւոր մօտեցումով
Շա՜տ է այն մարդոց թիւը, որ օրուայ կտրուածքով քաղաքական լուրերուն երկար ժամեր կը յատկացնեն, սակայն Աստուծոյ՝ ո՛չ մէկ վայրկեան կը տրամադրեն:
Բնականէն ու չափէն աւելի քաղաքական լուրեր լսելը աղէտալի վիճակ կը յառաջացնէ աստուածասէր անձի հոգեւոր կեանքէն ներս: Քաղաքականութիւնը կրնայ չորցնել, արմատախիլ ընել բարեպաշտ անձի մը հոգեւոր կեանքին ծաղկած ծառը, ոչնչացնել եկեղեցասէր անձին աղօթքները, Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնները, եկեղեցի յաճախելը, խոստովանութիւնները, հաղորդութիւնները, հոգեւոր գրականութեան ընթերցումը, եւ այլն:
Ինչպէ՞ս ժամանակին մէջ Աստուծոյ ժամանակ չյատկացնող մարդը, պիտի ժառանգէ անժամանակ, յաւիտենական Երկինքի Արքայութիւնը եւ յաւիտեան վայելէ Աստուծոյ անբացատրելի ներկայութիւնը: Ինչպէ՞ս քաղաքականութեամբ կլանուած քրիստոնեայ քաղաքացին, իր հոգին պիտի փրկէ, երբ Քրիստոս դերակատարութիւն ու տեղ չէ՛ ունեցած անոր երկրաւոր կեանքին մէջ: Երկինքը անաստուածներուն, Աստուծմէ հեռու կեանք ապրող մարդոց հոգիներուն վայրը չէ: «Երիտասարդութեանդ օրերուն յիշէ՛ քեզ Ստեղծողին, քանի դեռ չարութեան օրերը չեն եկած, եւ չեն հասած այն տարիները, որոնց մասին պիտի ըսես. “Կեանքէն այլեւս հաճոյք չեմ զգար”» (Ժղ 12.1):
Պօղոս առաքեակին գաղատացիներուն ուղղած նամակին մէջ կը կարդանք, թէ Սուրբ Հոգիին պտուղները հետեւեալներն են. «Սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն, բարեացակամութիւն, բարութիւն, հաւատք, հեզութիւն, ժուժկալութիւն» (Գղ 5.22-23): Քաղաքականութիւնը ո՛չ միայն ի վիճակի չէ երկրի մը, ժողովուրդի մը զաւակներուն մէջ Սուրբ Հոգիին պտուղներուն սերմերը ցանել, այլ՝ ընդհակառակը, աւելի վատը կրնայ ընել՝ որոմներ ցանել…: Սիրոյ փոխարէն՝ ատելութիւն ցանել, ուրախութեան փոխարէն՝ տխրութիւն, խաղաղութեան փոխարէն՝ ներքին պատերազմ, համբերատարութեան փոխարէն՝ անհանդուրժողականութիւն, բարեացակամութեան փոխարէն՝ զայրոյթ, բարութեան փոխարէն՝ չարութիւն, հաւատքի փոխարէն՝ կասկածամտութիւն, հեզութեան փոխարէն՝ գոռոզութիւն, ժուժկալութեան փոխարէն՝ թուլութիւն:
Ի՞նչ ըսած են քաղաքական գործիչներն ու մտաւորականները քաղաքականութեան մասին
* Քաղաքականութիւնը խաբէութեան արուեստ է. այն թոյլ միտքերուն մէջ դաշտ կը գտնէ (Վոլթեր):
* Որովհետեւ քաղաքական մարդը չի՛ հաւատար այն բանին՝ որ կ՚ըսէ, ան յաճախ կը զարմանայ, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կը հաւատան իրեն (Տը Կօլ):
* Քաղաքական գործիչը գալիք ընտրութիւններուն մասին կը մտածէ, իսկ հայրենասէրը՝ յաջորդ սերունդին մասին (Նափոլէոն):
* Ազգերուն ձեռք բերած իւրաքանչիւր յաղթանակին ետեւը քաղաքական հասունութիւնը կանգնած է (Ճէֆըրսըն):
* Քաղաքականութեան մէջ քու հմտութիւնդ կանխատեսելու կարողութիւնն է, թէ վաղը ի՛նչ կ՚ըլլայ (Չըրչիլ):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
18 յունիս 2024, Վաղարշապատ