ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան Ս. Թարգմանչաց տօնակատարութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեց Արմենակ Սրկ. Գազանճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը սիրոյ սեղանով մը մեծարեց հոգեւոր հայրերը, դպիրները եւ ուխտաւորները։

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2024