ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՅՑ ԿՐԵՏԷ ԿՂԶԻԻ Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ հովուապետական այցելութիւն մը տուաւ դէպի Կրետէ կղզի, այս ծիրէն ներս ան երէկ պատարագեց տեղւոյ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։
Բաց աստի, ինչպէս ծանօթ է, Յունաստանի հայ եկեղեցիները կը հետեւին հին տոմարին, որու համաձայն երէկ տօնն էր Ս. Հոգւոյ Գալստեան: Այսպէս, Պատրիարքական անդրանիկ այցելութեան առթիւ, առաւօտուն կատարուեցաւ «Հրաշափառ»ի հանդիսութիւն եւ Նորին Ամենապատուութիւնը պաշտօնապէս մուտք գործեց եկեղեցի:
Արարողութեանց մասնակցեցան Կրետէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ տեսուչ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, ինչպէս նաեւ Յունաստանի Կիլիկեան թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան եւ Աթէնքի Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Հ. Յովսէփ Ծայրագոյն Վարդապետ Պէզազեան:
Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ նկատի ունենալով օրուան տօնը՝ ծանրացաւ Հոգեգալուստին եւ եկեղեցւոյ գաղափարին վրայ: «Դուք էք եկեղեցին», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ գնահատեց Կրետէի փոքրաթիւ հայ համայնքն ու անոր եկեղեցւոյ հանդէպ կապուածութիւնը: Ան գնահատեց նաեւ Կրետէի հոգեւոր տեսուչ Տ. Եզնիկ Արքեպիսկոպոսը եւ ծխական խորհուրդը:
Ապա, ի յիշատակ պատրիարքական անդրանիկ սոյն այցելութեան՝ օրհնութեան գիրեր շնորհեց Ժիրայր Սրկ. Պաքըրճեանին, Յովսէփ Պաքըրճեանին, ծխական խորհուրդի ատենապետ Անտոնիս Պենարտիսին եւ Սանդի Աւետիսեանին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ նորոգութեան ու բարեզարդման աշխատանքներու ծառայող Իմանուէլ Մելիարակիսին:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ կղզիի Յոյն Ուղղափառ մետրապոլիտը՝ Եւկէնիոս Բ. Անթոնոփուլոս արքեպիսկոպոսը: Ընդունելութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ձեռաց խաչ մը նուիրեց Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանին:
Միւս կողմէ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը եւ իր հետեւորդները այսօր կը վերադառնան քաղաքս: