ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ՛
«Տէրը քու պահապանդ է.
Տէրը քու աջ ձեռքիդ քով քու հովանիդ է։
Ցորեկը արեգակը քեզ պիտի չզարնէ,
Ոչ ալ գիշերը՝ լուսինը։
Տէրը քեզ ամէն չարէն պիտի պահպանէ,
Քու անձդ պիտի պահպանէ։
Տէրը քու ելլելդ ու մտնելդ պիտի պահպանէ
Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան»։
ՍԱՂՄՈՍ ՃԻԱ 5-8
Մարդ միշտ կարօտը եւ պահանջքը ունի ապաւինելու եւ վստահելու մէկու մը՝ որ ինքզինք ապահով եւ անվտանգ զգայ։ Եւ մարդուն ամենավստահելի ապաւէնն է իր Արարիչը՝ Աստուած, քանի որ Ան է նաեւ Նախախնամը։ Մարդ որքան ալ վստահի իր իսկ ուժերուն, պահ մը կու գայ, որ ինքզինք անզօր եւ անճար կը զգայ եւ յենարան մը կը փնտռէ։
Ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ, թէ մարդու մի՛ վստահիր, կրնայ մեռնիլ, ծառի մի՛ կռթնիր՝ կրնայ չորնալ եւ տապալիլ։ Եւ իրապէս, մարդուն ամենէն ապահով յենարանն է ամենակարող, ամենավստահելին՝ Աստուած, որ պատրա՛ստ է ամէն վայրկեան օգնութեան հասնելու մարդուն, եւ եթէ ան նեղութիւն մը ունի մխիթարելու եւ ազատելու այդ նեղութենէն։
Յիսուս ի՛նք եւս ունեցաւ նեղութիւններ, բայց աղօթելով Հօր, ամէն անգամ հանգստացաւ։ Ուստի, Աւետարանը կը վկայէ, թէ Յիսուս, Աստուծոյ Որդին, յաճախ կ՚աղօթէր։ Եւ մենք, ուրեմն, որչափ աւելի պէտքը ունինք աղօթելու, Աստուծոյ հայրախնամ հոգածութիւնը խնդրելու եւ ապաւինելու Անոր։
Մարդ կրնայ ամէն տեսակով «հարուստ» ըլլալ՝ նիւթապէս կամ բարոյապէս. հարուստ ստացուածքով, հարուստ գիտութեամբ, հարուստ դիրքով, հարուստ աստիճաններով, հարուստ իր շուրջիններով, բայց մարդուն միշտ կը պակսի բան մը՝ որ անվստահութեան զգացում մը կը ստեղծէ իր մէջ։ Պահ մը կու գայ, որ անապահով կը զգայ ինքզինք մարդ, անզօր եւ ճարահատ, լքուած եւ յուսակտուր։ Եւ ահաւասի՛կ, ճիշդ այդ պահուն է, որ Աստուած կը հասնի օգնութեան եւ նեղութեան մէջ տուայտող, տագնապող մարդը կը փրկէ այդ հոգեվիճակէն։ Բայց նախընտրելի է միշտ աղօթել Աստուծոյ՝ կանխելու համար նման վիճակները, եւ այս իմաստով աղօթքը պէտք է ըլլայ կանխիչ, արգելիչ ամէն վտանգ եւ հոգ։
Մարդիկ, թէեւ երբ հիւանդանան դեղով կ՚ուզեն բժշկուիլ, սա բնական է, բայց հիւանդութիւնը կանխելու համար, նաեւ կը պատուաստուին։ Ահաւասիկ, աղօթքը պէտք չէ միայն վտանգի մը, վնասի մը, նեղութեան մը պարագային կատարուի, այլ կանխելու համար բոլոր վտանգները։
Աստուած միշտ կը պաշտպանէ մարդը, բայց մարդն ալ Աստուծոյ չափ հաւատարիմ ըլլալու է իր Նախախնամին։ Եւ մանաւանդ շնորհակալ ըլլալ Իր տուած ամէն բարիքի համար, ամէն օր որ անվտանգ ապրուած է։ Մարդուս համար ապրուած ամէն պահ շնորհ մըն է Աստուծմէ, քանի որ աշխարհ լեցուն է ամէն տեսակ նեղութիւններով՝ հիւանդութիւններ, ձախողութիւններ, դժբախտութիւններ եւ այլն։
Բայց չմտահոգուիլ, չխորխորիլ, այլ միայն հաւատքով ապաւինիլ եւ վստահիլ Աստուծոյ՝ որ մեր Ամենախնամ Հա՛յրն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ