ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ՄԱՐԴՈՒ ՍՏԵՂԾԱԾ ԾԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծ քաղաքի մը բնակիչները անպայման համակարծիք պիտի գտնուին այն մօտեցման, թէ մարդիկ այլեւս կարօտ են նոյնիսկ ծառ մը տեսնելու։ Անկարելի է չանդրադառնալ մարդու կողմէ կառուցուած երկնաքերերու, շինուած մեքենաներու, փոխադրամիջոցներու կամ համակարգիչներու ընդհանուր ծանրութեան, որոնք կը հասնին կամ նոյնիսկ կը գերազանցեն երկրի բոլոր կենդանի էակներու ծանրութիւնը։

2020 թուականին հրատարակուած յօդուածի մը մէջ կը բացայայտուի, թէ շէնքերու, ասֆալթապատ ճանապարհներու, պողպատէ երկնաքերերու, կերպընկալէ նիւթերու, հագուստի, համկարգիչներու եւ մարդու արտադրած բոլոր իրերու ընդհանուր ծանրութիւնը կը հասնի կամ նոյնիսկ կը գերազանցէ 1.1 թրիլիոն թոնը, ինչ որ բոլոր կենդանի արարածներու ընդհանուր ծանրութեան գրեթէ հաւասար է։ «Anthropocene» բառը, որ յօրինուած է Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր տարրաբան Փոլ Քրութցենի կողմէ, կը բացատրէ, թէ ներկայ դարաշրջանին մարդը ո՛չ միայն բնութեան մէջ գոյատեւել փորձող դերակատարներէն մին է, այլեւ՝ բնութիւնը վերարտադրող եւ վերափոխող ուժ։ Այս տեսանկիւնէն վերոնշեալ յօդուածը ցոյց կու տայ, թէ վերոյիշեալ բառը իսկական փոփոխութեան դրսեւորում է, այլ ո՛չ թէ պարզ եւ քաղաքականապէս փոփիւլիստ պնդում։ Բայց եւ այնպէս, այս իրականութեան հիմքին կան որոշ քննադատական դիրքորոշումներ։

20-րդ դարու մտածողներէն Կիւնթեր Անտերս իր «Մարդու հնութիւնը» ստեղծագործութեան մէջ հետեւեալ վկայութիւնները տուած է ներկայ ժամանակներու մասին, երբ արդիւնաբերական յեղափոխութիւնները կը յաջորդեն իրարու. «բոլոր մարդիկ մահկանացու են» արտայայտութիւնը այժմ փոխարինուած է «մարդկութիւնը ամբողջութեամբ կրնայ ոչնչացուիլ»ով։ Այս բանին համար, անկասկած, բաւարար է միայն օրինակ տալ մարդոց կողմէ արտադրուած հիւլէական ռումբերու ուժը։ Այսպէսով, փաստօրէն սուրբ գրութիւններու մէջ նշուած «արտաքին ուժերու» կողմէ աշխարհի ոչնչացումը արդէն փոխարինուած է հիւլէական ռումբի միջոցաւ մարդկութեան «ինքնասպանութեան» պատկերումով։ Հին ժամանակներուն կը պատժուէին բարոյական սկզբունքներուն, կանոններուն չհնազանդող մարդիկ։ Իսկ նոր ժամանակներուն ո՞վ պիտի պատժուի, ո՞վ է պատասխանատուն… Այժմ պատասխանատու կը համարուին այն «էութիւնները», որոնք կառուցած է մարդը եւ որոնց վրայ յաճախ կը բարդէ բոլոր պատասխանատուութիւնը։

Կիւնթեր Անտերս, միւս կողմէ, կը նկարագրէ ընկալման ձեւ մը՝ որպէս թեքնոլոժիի դարաշրջանի արդիւնք։ Մենք այժմ կանգնած ենք մահուան նոր տեսակի մը դէմ յանդիման, որ կը ստուերէ մարդու նոյնիսկ «արմատական» վերջաւորութիւնը՝ մահը՝ աննշանութիւնը։ Այս աննշանութեան մէջ մարդու արմատական վերջաւորութիւնը կը «թուայնագրուի»՝ որպէս փոփոխական մեծութիւն, իսկ արտադրութեան միջոցները կը դադրին միջոց մը ըլլալէ եւ կը դառնան նպատակ։ Այս համատեսքին մէջ բուն նպատակը կը դառնայ նոր միջոցներ արտադրելը։

Այնուամենայնիւ, մարդու աշխարհի վրայ ներգործութիւնը, աշխուժութիւնը, արտադրունակութիւնը անքննադատելի են՝ համեմատած այլ արարածներու հետ։ Մանաւանդ թեքնոլոժիի զարգացումով, գրեթէ վայրկենական նորարարութիւններով պայմանաւորուած մարդու առօրեան ներկայիս բաւական փոփոխութեան ենթարկուած է հին ժամանակներու բաղդատմամբ։ Ուստի, մարդիկ իրենց առօրեան դիւրացնելու, ժամանակ խնայելու եւ ա՛լ աւելի արտադրելու գնով՝ ապագան ու նոյնիսկ իր «այսօր»ը անտեսելով յաճախ կ՚ապականէ տիեզերքը եւ կը վնասէ աշխարհի այլ բնակիչները՝ անասունները, բնութիւնը… Հետեւաբար, մարդու եւ իր արտադրածներու ծանրութիւնը կրնայ միայն թիւով կամ չափով սահմանափակուած չըլլալ, քանի որ անոնք յաճախ «նորութեան» անուան տակ կը խանգարեն աշխարհի անդորրութիւնը՝ մարդու անհեռատես արարքներով ու ագահութեամբ եւ անոր արդիւնքը համարուող՝ պատերազմներով։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2024