ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ կը կոչուի հպարտութեամբ եւ բարկութեամբ վարուող մարդը:

Պատասխան. Առակագիրը այսպէս կը կոչէ այդպիսին. «Հպարտութեամբ եւ բարկութեամբ վարուող մարդը, որ հպարտ եւ յանդուգն է՝ ծաղրող կը կոչուի» (Առ 21.24):

Հպարտ մարդը ինքն իր խաղալիքը կը դառնայ՝ առանց զգալու այդ իրողութիւնը, որով իր հպարտութիւնը կ՚օրօրէ զինք աջ ու ձախ, այս կողմ այն կողմ, այդպիսով զինք շատ յաճախ ծաղրի առարկայ դարձնելով հասարակութեան՝ որու մէջ կ՚ապրի ան:

Հպարտ մարդը ինքզինք ամէն բանէ վեր եւ բոլորէն աւելի լաւ կը կարծէ ինքզինք: Կը փորձէ ամէն ինչի տիրանալ, ամէն ինչ իրեն ենթարկեցնել, կարծելով, թէ ի՛նք է աշխարհի կեդրոնը: Այդպիսին ուշադրութիւն չի՛ դարձներ սակայն, որ այդպէս վարուելով ինքզինք ո՛չ թէ կը բարձրացնէ, ընդհակառակը կը նուաստացնէ, քանի որ սեփական փառքին ետեւէն վազելը, սեփական կորուստի նախադուռն է, որմէ մտնելէ ետք, շատ յաճախ դժուար կ՚ըլլայ անկէ դուրս գալը:

Լիոնի Եպիսպոկոս՝ Սուրբ Երանոսը պարզ, համեստ ու աստուածավախ մարդ ըլլալու մասին հետեւեալը կը գրէ.

* Ինչպէ՞ս, ուրեմն, աստուած պիտի ըլլաս, երբ քեզ մարդ չես ըրած տակաւին:

Ինչպէ՞ս կատարելութեան կը ձգտիս, մինչ տակաւին նո՛ր սկսած ես:

Ինչպէ՞ս անմահութիւն կը խնդրես, մինչդեռ մահկանացու բնութեամբդ չհնազանդեցար Արարիչին:

Քեզի համար անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ մարդ ըլլալու մակարդակը ապահովես, ապա՝ մասնակցիս Աստուծոյ փառքին. որովհետեւ, դուն չէ որ զԱստուած ստեղծած ես, այլ՝ Աստուած է, որ քեզ ստեղծած է: Արդարեւ, եթէ դուն Աստուծոյ գործն ես, ապա պէտք է Աստուծոյ ձեռքին սպասես, որ ամէն ինչ իր յարմար ժամանակին կ՚ընէ, յարմար ժամանակին՝ քեզի համար, դուն՝ որ կը շինուիս ու կը ձեւաւորուիս: Անոր սիրտդ տո՛ւր, փափուկ եւ ճկուն, եւ պահէ այն ձեւը, որ ձեւաւորիչ Արարիչը քեզ ստեղծած է, քու մէջդ պահելով այն ջուրը՝ որ Իրեն կը պատկանի, որպէսզի չոր անձի մը չփոխուիս, որմէ ետք կորսնցնես Անոր մատներուն հետքերը: Այս կազմաւորման գործողութիւնը պահպանելովդ, կատարելութեան պիտի բարձրանաս: Ցեխը, որ մէջդ է, Աստուծոյ վարպետութեան ու արուեստին շնորհիւ պիտի վերցուի մէջէդ:

Անոր ձեռքը քեզի յատուկ նիւթը ստեղծած է, եւ ներսէն ու դուրսէն պիտի ներկուիս՝ ոսկիով ու արծաթով, որով պիտի գեղեցկանաս, ու թագաւորն անգամ պիտի ցանկայ վայելչութիւնդ ու գեղեցկութիւնդ: Սակայն, եթէ սիրտդ կարծրացնես ու մերժես Աստուծոյ արուեստի գործը, առանց երախտապարտ ըլլալու Անոր՝ որ քեզ մարդ ըրաւ, ուրանալով այդ լաւութիւնը, միաժամանակ կորսնցուցած կ՚ըլլաս, ո՛չ միայն Անոր արուեստի գործը, այլ՝ նոյնինքն կեանքը: Արդարեւ, ստեղծելու գործողութիւնը Աստուծոյ արդարութեան յատուկ է, սակայն քեզ ստեղծելն ու ձեւաւորելը, յատուկ է մարդկային բնութեան:

Այդ պատճառով, եթէ Անոր տաս այն ինչ որ քուկդ է, այսինքն Անոր հաւատալն ու Անոր ենթարկուիլը, ապա պիտի ստանաս Անոր արուեստի գործը եւ Աստուծոյ գործին տիպար կտոր մը պիտի ըլլաս: Սակայն, եթէ չես հաւատար Անոր, եւ կը ջանաս Անոր ձեռքերէն փախչիլ, պակասութեան եւ անկատարութեան պատճառը քեզի պիտի վերագրուի, որովհետեւ չհնազանդեցար, եւ ո՛չ թէ Անոր՝ որ քեզ հրաւիրեց: Որովհետեւ, Ան առաքեալներ ուղարկեց, որպէսզի մարդիկ խնջոյքին հրաւիրեն, սակայն անոնք որոնք չհնազանդեցան, իրենք զիրենք զրկեցին Թագաւորական խնջոյքէն:

Հետեւեալ բարոյական դասը, մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար մէկ կողմէ չհպարտանալու, միւս կողմէ չդժգոհելու ազդու դասեր են: Կարդա՛նք.

* Գործատէր մը իր պաշտօնեային ըսաւ.

-Կ՚ուզեմ ինծի համար տուն մը շինես: Ահաւասիկ նախագիծը: Կ՚ուզեմ, որ այս նախագիծին համաձայն շինես զայն: Չեմ ուզեր, որ ո՛չ մէկ մանրամասնութիւն զանց ընես:

Պաշտօնեան ուսումնասիրեց նախագիծը: Նեղացած էր, որովհետեւ իրեն մնացած էր երեք ամիս ու թոշակի պիտի անցնէր: Սկսաւ ինքն իրեն ըսել.

-Երեք ամիս մնացած է թոշակի անցնելուս ու այս մարդը ինծի նոր պարտականութիւն մը կու տայ, որ վեց ամիս պիտի տեւէ... Անշուշտ չեմ մերժեր, ամէն կարելիս պիտի ընեմ, եւ այդ բանը ինծի քիչ մը աւելի դրամ պիտի ապահովէ…:

Պաշտօնեան սկսաւ աշխատանքի: Նախ տան սիւները կառուցեց՝ առանց ճշգրտութեան, ինչպէս նաեւ շինարարութեան համար արժան ու ցածրորակ ապրանք օգտագործեց: Տան հիմքերուն եւ ներքին կառուցուածքին չհամապատասխանող նիւթեր օգտագործեց, եւ աշխատեցաւ միայն արտաքին տեսքին վրայ, որպէսզի կարենայ իր գործատիրոջ խաբէ: Այսպէս, անլուրջ աշխատանք կատարեց, որպէսզի ժամանակ շահի, շուտով աւարտէ գործը եւ հեռանայ այդտեղէն:

Շինարարութիւնը աւարտելէն ետք, գործատէրը յայտնուեցաւ ու նայեցաւ կառուցուած տան: Դուրսէն տեսքը շա՜տ հաճելի թուեցաւ իրեն, որով պաշտօնեան կարծեց, թէ խաբուեցաւ «տան տէրը»...

«Տան տէրը» ուշադրութեամբ նայեցաւ պաշտօնեային ու ապա մօտեցաւ իրեն, ու ըսաւ.

-Վերցո՛ւր այս բանալիները, ասիկա քու նուէրդ է՝ ի դիմաց այն բոլոր տարիներուն, որ ինծի ծառայեցիր... Քու տո՛ւնդ է…:

Քաղելիք դաս. ինչ ալ ընես, սիրո՛վ ըրէ: Մի՛ վնասեր ոչ ոքի, լաւ օրինակ եղիր: Ամենալաւդ տուր եւ ամենալաւը պիտի ստանաս (Արաբերէնէ թարգմանուած):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 100

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024