ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Արժանթինի դեսպան Ռաֆայէլ Կոնզալէս Ալեմանին։ Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ դեսպանը շնորհաւորեց դիւանագիտական առաքելութեան ստանձման առթիւ։ Ան գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան եւ ժողովուրդներու բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններուն։ Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը դեսպանին տեղեկութիւններ տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի՝ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս ունեցած բազմակողմանի դերակատարութեան մասին՝ յատկապէս մատնանշելով հոգեւոր, մշակութային արժէքներու, ազգային ինքնութեան կերտման եւ ազգապահպանման առաքելութիւնը։

Վեհափառ Հայրապետը մտահոգութեամբ անդրադարձաւ Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգային մարտահրաւէրներուն, միջազգային ատեաններէ ներս հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութեան եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հիմնախնդիրներուն։

Իր կարգին, նորանշանակ դեսպանը նշեց, որ պաշտօնավարութեան շրջանին առաւելագոյնը պիտի ընէ՝ երկու երկիրներու միջեւ բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ։

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Արժանթինի հայ համայնքին՝ ընդգծելով, որ ան իր կարեւոր նպաստը կը բերէ երկրի զարգացման ու յառաջընթացին։

Ուրբաթ, Յուլիս 5, 2024