ԵՕԹ ԹԵՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՏԱՐԲԵՐ ՈԼՈՐՏՆԵՐԷ
«Առաւօտ»ի մէջ հրապարակուած է Խաչիկ Յարութիւնեանի յօդուածը՝ «Չստացուած յեղափոխութեան 7+3 պատճառներու մասին» վերնագրով: Մեզ մօտ ընդունուած չէ որեւէ յօդուած քննարկել փաստարկներու կամ տրամաբանութեան մակարդակով: Լաւագոյն պարագային՝ վերնագիրը տեսնելէ յետոյ, կը շտապեն բաժնել իրենց զգացումները՝ կախուած այն հանգամանքէն, թէ ո՞վ կը սիրեն՝ Փաշինեա՞նը թէ Բագրատ սրբազանը: Մասնաւորապէս՝ ընդդիմադիր հայեացքներ ունեցողները թերեւս առարկեն. «Իսկ ո՞վ ըսաւ, որ յեղափոխութիւնը չստացուած, գուցէ շատ լաւ ալ կը ստացուի»:
Չեմ ուզեր սուրճի բաժակ նայիլ եւ կանխատեսումներ ընել: Աւելի լաւ է՝ կեդրոնանամ շարժման թերութիւններու վրայ, որոնք նշած է հեղինակը: Անոնց հիմնականները, ինչպէս կ՚երեւի վերնագրէն, 7 հատ են: Պարզեցուած լեզուով ձեւակերպենք.
1- «Նախկիններու» մասնակցութիւնը կամ աջակցութեան յայտարարութիւնները,
2- Ռուսաստանը չհարուածելը,
3- Մերիթոքրասի չխոստանալը,
4- Ընկերատնտեսական բարեփոխումներու հայեցակարգ չունենալը,
5- Փտածութեան դէմ պայքար չխոստանալը,
6- Հասարակութեան արատներու մասին չխօսիլը,
7- Նախորդ տարիներու կրաւորականութեան համար Մայր Աթոռի «մեղայ չգալը»:
Բոլոր նկատառումները այս կամ չափով ճիշդ են: Պարզապէս անոնք «տարբեր օփերաներէ» են: Օրինակ, Ռուսաստանը քարկոծելը քաղաքական թեքնոլոժիի տեսանկիւնէն ճիշդ է՝ կը շոյէ ժողովուրդի ականջը: Բայց, եթէ խնդիր կայ իշխանութիւն ստանձնելու եւ պետութիւն ղեկավարելու, ապա նման հռետորաբանութիւնը ապագային կրնայ խնդիրներ յառաջացնել:
Հայեցակարգեր ունենալու համար պէտք է ստեղծել քաղաքական կուսակցութիւն, հանրահաւաքի ժամանակ չեն յառաջանար անոնք: Հասարակութեան արատները եւ ապաշխարանքը արժէքաբանական հարցեր են, որոնք, այո, պէտք է բարձրաձայնել:
Յօդուածի եզրակացութեան հետ ես համաձայն եմ. «Հայաստանի քաղաքական հողը այլեւս բերրի է նոր խաղացողներու ծնուելու համար եւ նախկին-ներկայ տիլեմայի էջի վերջին նախադասութիւնը կը գրուի»: Թէեւ այսօր, բացի «ֆէյքերէ» եւ քարոզիչներէ, տակաւին կան միամիտներ, որոնք անկեղծօրէն կը հաւատան, թէ այս իշխանութիւնը կը պայքարի «նախկին թալանչիներու» դէմ, սակայն եւս երկու տարի այդ մաշուած ծամոնը, կը կարծեմ, հնարաւոր չ՚ըլլար ծամել:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի