ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ «ՈՐԴՈՒՍ» (6)
Պարոյր Սեւակ իր «Որդուս» բանաստեղծութիւնը կը բաժնէ հինգ մասերու եւ մենք այսօր արդէն իսկ կը փորձենք վերլուծել բանաստեղծութեան երրորդ մասը, ուր առաւելաբար բանաստեղծը կը խօսի բարոյական արժէքներու մասին: Այս բաժինը Պարոյր Սեւակ կը յատկացնէ ազնուութեան.
«Ազնիւ եղիր ամէն ինչում - ո՞վ է կեանքում սովից մեռել».
Բանաստեղծը «ազնիւ» բառին քով կը գործածէ «սով» եւ «մեռել» բառերը, գուցէ ուզել ըսելով, որ այս աշխարհի մէջ ազնիւ եղողը մի՛շտ ալ անօթի ու անտեսուած վիճակով կ՚ապրի։ Պարոյր Սեւակ կը յորդորէ ըլլալ ազնիւ, սակայն ազնիւ ըլլալու կողքին կ՚ուզէ իր զաւակը պատրաստել դաժան կեանքի մը, որովհետեւ կամ պէտք է ազնիւ ըլլալ ու չարչարուիլ եւ կա՛մ ըլլալ չարագործ՝ ու ապրիլ հանգիստ. սակայն բանաստեղծը առաջինը կը նախադասէ եւ կ՚ուզէ, որ զաւակը ազնիւ ըլլայ: Կ՚ուզէ, որպէսզի զաւակը դիմանայ այդ դժուարին կեանքին, վստահ ըլլալով, որ այդ դժուարութիւնները մարդը չեն կործաներ, այլ ընդհակառակը՝ կը զօրացնեն:
«Ճշտի համար աքսոր չկայ - ստի հանդէպ ինչո՞ւ լռել».
Ազնուութեան մէջ Պարոյր Սեւակ կը գերադասէ ճշմարտախօսութիւնը, հաւատալով, որ ճշմարտութիւնը աքսոր չունի. մարդիկ կրնան կեղծել, սակայն ճշմարտութիւնը կը շարունակէ մնալ ճշմարտութիւն: Եւ եթէ կարելի չէ փորձել ճշմարտութիւնը, բանաստեղծը հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ համար պէտք է լռել սուտին դիմաց. իւրաքանչիւր սուտ ունի իր «ինչու»ն, որ միշտ հիմնուած է սեփական շահերու վրայ եւ այդ շահերուն սիրոյն մարդիկ կը փորձեն խեղդել ճշմարտութիւնը:
«Իսկ մեր շուրջը դեռ կան մարդիկ, որ երբ պէտք է մէջք են ծռում».
Պարոյր Սեւակ ազնուութեան մէկ կարեւոր մասը կը նկատէ անկեղծութիւնը։ Կ՚ուզէ, որպէսզի իր զաւակը հեռու մնայ կեղծաւորութենէ, շողոքորթութենէ. բանաստեղծը կ՚ուզէ ըսել, որ մեր շուրջը շա՜տ են նման մարդիկ, որոնք իրենց շահերուն համար «մէջք կը ծռեն»։ Նման մարդիկ «մեր շուրջ»ն են, մեր ընկերութեան եւ կեանքին մաս կը կազմեն. կը ժպտին, սրտցաւ կը ներկայանան եւ իրենց գոյութիւնը մեր կեանքին մէջ կը պահեն այնքան՝ ինչքան իրենց անձնական շահերու յագուրդը:
Նման մարդոց մասին իր խօսքը շարունակելով Պարոյր Սեւակ կ՚ըսէ.
«Երբ որ պէտք է հռհռում են, պէ՞տք է՝ ժպտո՛ւմ, պէ՞տք է՝ լռո՛ւմ,
Պէ՞տք է՝ իրենց մատն են տնկում...».
Պարոյր Սեւակ կեղծ կը նկատէ նման շահամոլ ու կեղծաւոր մարդոց բոլոր ապրումները. կեղծ կը նկատէ անոնց ժպիտը, ուրախութիւնը, զգացումներն ու յոյզերը, որովհետեւ միայն ազնիւ մարդը գիտէ անոնց իսկական արժէքը։ Պարոյր Սեւակ կ՚ուզէ, որպէսզի իր զաւակը չհաւատայ նման մարդոց ապրումներուն. այդ ապրումները դերասանութիւններ են պարզապէս, սեփական շահը հետա-պընդելու ծառայող. անոնք իրապէս սրտցաւ կամ մտերիմներ չեն. նման մարդոց բանաստեղծը կը կոչէ «տհաս», խակ ու անփորձ. նման մարդիկ մատնացոյց ընելով կը շարունակէ զրոյցը զաւակին հետ.
«Դու մի եղիր կեանքում տհաս՝
Դու հասկացիր հենց այս գլխից, մի մոռացիր երբեք, տղա՛ս
Ազնւութիւնն այն է միայն, որ չի փոխւում՝ ոնց էլ շուռ տաս».
Ազնիւ մարդը ան է, որ երբեք չի՛ փոխուիր. օր մը ազնիւ եւ ուրիշ օր մը չար չի՛ կրնար ըլլալ. այսօր ճշմարտախօս եւ վաղը ստախօս չի կրնար ըլլալ: Ազնուութեան ինչ ըլլալը Պարոյր Սեւակ կը բացատրէ հետեւեալ տողով.
«Նա մի ճերմակ երես ունի, ոչ թէ եօթ-ութ գունեղ աստառ...».
Ազնուութիւնը մէկ է. չունի տարբեր գոյներ եւ երեսներ. ան մէկ ու հաստատ կեցուածք ունի երեւոյթներուն հանդէպ. եթէ այդ կեցուածքները ժամանակ առ ժամանակ փոփոխութիւններ կրեն, կը նշանակէ անոնց մէջ պէտք է որոշ շահեր փնտռել:
Հետեւաբար այս բաժնով Պարոյր Սեւակ կը յորդորէ, որպէսզի զաւակը բռնէ ազնուութեան ճամբան եւ հաստատ մնայ այդ ճամբուն մէջ. լուռ չմնայ սուտերուն դիմաց, մի՛շտ կողմնակից ըլլայ արդարութեան. նոյն նիւթին մասին մի քանի տարբեր կարծիքներ չունենայ. նոյն երեւոյթը օր մը ճիշդ եւ օր մը սխալ չդատէ՝ իր անձնական շահերուն վրայ հիմնուելով: Բանաստեղծը այդ մէկը տկար մարդոց ինքնահաստատուելու միջոց կը նկատէ:
Մինչեւ այսօր Պարոյր Սեւակի բոլոր խրատները եթէ միախմբենք, պիտի տեսնենք, որ իրականութեան մէջ շատ դժուարին են. դժուարին՝ որովհետեւ ներկայ աշխարհը այդքան ազնուութիւն չի՛ կրնար հանդուրժել. իր չարութեամբ կ՚ոտնակոխէ ու հակառակ սպասուածին միշտ բարին չէ՛ որ յաղթանակ կը տանի:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ճի՞շդ է մանուկները փոքր տարիքէն մկրտելը:
Պատասխան. Մանուկները փոքր տարիքէն մկրտելը հին աւանդութիւն մըն է քրիստոնէութեան մէջ, հիմնուելով այն համոզումին վրայ, որ մկրտութիւնը կը սրբէ սկզբնական մեղքը: Շատեր կը հաւատան, որ այդ մէկը կը նշանակէ մանուկին եկեղեցւոյ գրգռուածութիւնը հաւատքի եւ քրիստոնէական կեանքին մէջ: Սակայն ուրիշներ կը հաւատան, որ պէտք է մկրտուին անոնք՝ որոնք իրապէս գիտակցութիւնը ունին մկրտութեան խորհուրդին, մկրտուին անոնք՝ որոնք գիտութիւնը ունին, թէ ինչո՞ւ համար եւ ինչի՞ն հաւատալով կը մկրտուին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024