ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԴԱՍԱԿԱՐԳՈՒՄԸ
Մարդկային, անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ տեւականօրէն ձգտում եղած է հասնելու աւելի բարձր աստիճանի յարգանքի: Այդ յարգանքը պայմանաւորուած է երկու կողմերով՝ մէկը յարգանք ցուցաբերողն է, իսկ միւսը՝ յարգանքի արժանացողն է: Ինչքան ալ կապը այս երկուքին միջեւ յարաբերական է եւ սերտ, տեղ մը յարգանք հայցող կողմի հասկացողութիւնները, մօտեցումներն ու ապրելաոճի, վարք ու բարքի համար բերուած գործակատարումները կը մնան աւելի տարածուած հիմքերը՝ յարգանքի հասկացողութեան պատկերացման ու կազմաւորման համար: Մշտապէս մարդիկ ու ժողովուրդներ փափաքած են առաւելաբար յարգուիլ ու յարգանքի արժանանալ, աւելի քան իրենց ենթադրեալ ցուցաբերած յարգանքին միւս մարդոց ու ժողովուրդներու հանդէպ: Տեղ մը մշակութային ալ ձեւաչափումները կամ ինքնին մշակութային քաղաքականութիւնները, որոնք մարդկային փափուկ ուժի ամենաբարձր դրուածքներէն կրնան համարուիլ, անուղղակի կամ ուղղակի կրնանք ըսել՝ յարգանք պարտադրելու միջոցներ են: Մեծ ու փոքր մշակոյթներու տարածումն ու ուժականութեան բանեցումը կը սկսին սոյն մշակոյթները յարգելու-սիրելու գործընթացով: Օրինակ՝ ֆրանսական մշակոյթը իր բոլոր ձեւակերպումներով կը սկսի իր ճանաչելիութեան բանեցումին՝ երբ ոչ-ֆրանսացի մը կը սկսի յարգել կամ առաւելագոյն պարագային հիանալ Քամիւյով, Մոնթեսքիէօյով կամ Ֆրանսան խորհրդանշող որեւէ բանով: Այսպէս ըսած՝ մշակութային գործիչ մը առաջին ստեղծագործական քայլով միշտ չէ, որ կը հետապնդէ զուտ իր ազգային կերպարին ու «առաքելութեան» տարածումը, բայց ակամայ ան կրնայ յայտնուիլ իր ժողովուրդին եւ պետութեան միջոցաւ տարածուելու ծրագիրներով, յարգանք-հիացմունք ու դասաւանդում կատարողի դերին մէջ:
Այս կէտին է, որ մշակոյթի գործակատարումն ու առաքելութիւնը կը խառնուի անխուսափելիօրէն քաղաքականութեան հետ, պարզ այն մշակութաբանական բովանդակութեամբ, որ չկայ ազգային, ժողովրդային նոյնիսկ հատուածական մշակոյթ, առանց վերոնշեալ եւ ուղղորդող, աշխատցնող ու տարածող քաղաքականութեան մը, որ բնականաբար կը վարէ պետութիւն մը կամ ծայրագոյն չափով (եւ մանաւանդ ներկայ մեր գովազդային ու դրամատիրական աշխարհի համակարգով) միջազգային գերկազմակերպութիւն-կառոյց մը:
Մշակոյթ մը առանց գովազդելու, տարազաւորման ու քաղաքականացման-տնտեսականացման եթէ պիտի գրաւէ, տարածուի եւ գերյարգանք վայելէ, պէտք է ըլլայ համամարդկային, ինչ որ դժուար է իրականացնել առարկայականօրէն, նոյն որեւէ մշակոյթի տեղայնականութեան բնութային հիմնական պատճառով: Հաւանաբար, գերագոյն ազնիւ օրինակը մշակութային տարածման (առանց մեծ տիրակալական ձգտումներու եւ ծրագրման) քրիստոնէութիւնն է, եթէ մանաւանդ նկատի ունենանք, որ կրօնը իր ընկերաբանական տեսանկիւնով բարձրագոյն մշակութային յղացք ու դպրութիւն է։
Յարգանքի դասակարգումը՝ իր յարգելու եւ մանաւանդ յարգուելու մարմաջներով ժամանակային ալ ձեւափոխումներու ենթարկուած է մարդկութեան զարգացման հետ: Մեր ժամանակները կրնանք համարել ամենայարգալից ժամանակներէն մին՝ մա՛նաւանդ մարդ արարածի անհատական մակարդակով: Մարդ անհատը նոյնիսկ ամենայետամնաց ու բռնատիրական երկիրներու մէջ ներկայ իր հեռաձայնով, համակարգիչով, մեծ ու փոքր ինքնաշարժներով ու անհատական կապերով այսպէս ըսած՝ պարուրմամբ, աւելի յարգուած է քան նախկին ստրկատիրական ժամանակներուն մէջ, իսկ այդ մէկը կը տանի աւելի ըմբոշխնելու ապրուստն ու խթան տալու ստեղծագործութեան:
Հարցը կը մնայ մեր առջեւ դրուած՝ «յարգանք պարտադրե՞լ կամ ձեռք բերե՞լ»ը․ բնականաբար, պատասխանը ձեռք բերելն է: Որովհետեւ մարդը իբրեւ անհատ եւ հաւաքականութիւն ինչքան ալ բնազդօրէն բռնութեան ու բրտութեան կամ սանձարձակութեամբ ուզած է ղեկավարել աշխարհը կամ շահեր ապահովել, նոյնն է, ան ձգտած է եւ իրաւականացուցած՝ բարոյականութիւն ու օրէնսդրականութիւն մը նոյնիսկ ամենաբարբարոս մղումներէ վերջ: Յարգանքի կայացման արմատները կը սկսին, երբ յարգանք բանեցնող կողմը ակամայ եւ անաչառօրէն շրջապատին, հասարակութեան, տարածքին ու աշխարհին կը պարգեւէ գիտութիւն, մշակոյթ եւ տեղ մը մարդկութեան անհատական ու հաւաքական կեանքը կը բարելաւէ: Իսկ պարզ ընկերային մակարդակով յարգանքը կը նուաճուի, երբ այսպէս ըսած՝ յարգուած կողմը ծառայութիւն, ազնուութիւն, բարիք ու առաքինութիւններ կ՚ընծայէ: Միջազգային պրիսմակով ու հեռու մնալով քաղաքական հաշուարկներէ, եթէ փորձենք դասակարգել յարգանք վայելող ժողովուրդները (օրինակի համար՝ անգլիացին, ֆրանսացին, ամերիկացին կամ ճաբոնցին եթէ հեռացնենք ցանկէն, իրենց պետութիւններու յարաբերական գաղութատիրական պատմութիւններուն համար), օրինակ կը վերցնենք սկանտինաւներն ու զուիցերացիները՝ որպէս կերպարացում ու ընդհանրացում պետութիւններու ներկայացուցիչ ըլլալու (որով կը գործէ միջազգային յարաբերութիւնները նոյնիսկ անհատական մակարդակով, անկախ մեր ժամանակներու բարձրագոյն համաշխարհայնացման), անվերապահօրէն յարգուած ու յարգանքի արժանի կը մնան աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու եւ անհատներու կողմէ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան